ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ 2010Ի ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ


ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ 2010Ի ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

  • 10-11-2010 18:06:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Եւրոմիութեան Յանձնախումբի ընդլայնումի ծրագրէն պատասխանատու անդամ Ստեֆան Ֆիւլէ, այսօր պիտի յայտարարէ Եւրոմիութեան անդամակցող երկիրներու վերաբերեալ տարեկան Յառաջդիմութեան Տեղեկագիրն ու ընդլայնումի Ռազմավարական Փաստաթուղթը։ Թուրքիոյ Պետական նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ, այս տեղեկագրի յայտարարութենէն ետք, պիտի արժեւորէ ներկայացուած տեղեկագիրները։ »Էօրօնիուս«ի տեղեկատուութեան համաձայն, Յառաջդիմութեան Տեղեկագրին Թուրքիոյ վերաբերեալ բաժնին մէջ, »ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլ« մը կը նկատուի 12 Սեպտեմբերին հանրաքուէի միջոցաւ փոփոխութեան ենթարկուած Սահմանադրութիւնը։ Միւս կողմէ, ուշադրութեան կը յանձնուի որ Փոքրամասնական Իրաւունքներու եւ Մամլոյ Ազատութեան նիւթերուն մէջ Թուրքիա լուծում չէ բերած կարգ մը մտահոգութիւններու։ Տեղեկագրին մէջ կը շեշտուի որ Խրուաթիան, Թուրքիոյ պէս, հինգ տարի առաջ էր որ ամբողջական անդամակցութեան բանակցութիւններուն սկսած էր։ Այս երկիրը ներկայիս ակնկալուած բոլոր խոչընդոտները հարթած է եւ հասած է վերջին հանգրուանին։ Իսկ Թուրքիա տակաւին չէ իրականացուցած իրմէ ակնկալուած փոփոխութիւնները։ Կիպրոսի հարցը Թուրքիոյ անդամակցութեան ճամբուն վրայ ամէնէն կարեւոր արգելքն է։ Թուրքիա, լիակատար անդամակցութեան համար իրեն առաջարկուած 35 նիւթերէն 13ը միայն կրցած է սրբագրել։ Այս նիւթի կապակցութեամբ, Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Յառաջդիմութեան տեղեկագրի յայտարարութենէն առաջ Ֆինասըլ Թայմըս թերթին հարցազրոյց մը տուաւ, ուր յայտնեց թէ Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներ, որոնք »ապագան տեսնելու կարողութենէն զուրկ« են, կ’ուզեն ուշացնել Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը։ Ապտուլլահ Կիւլ, առանց անուն տալու, ակնարկեց այն երկիրներուն, որոնք թաքնուած են Կիպրոսի Յոյներու ետին։ »Ֆինանսըլ Թայմս« թերթը հաղորդեց որ Ապտուլահ Կիւլ իր այս յայտարարութիւններու ընթացքին խուսափեցաւ բացորոշ կերպով քննադատութիւն ուղղելու Ֆրանսային։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը