ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՅՍ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՂԻՆ, ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ»


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՅՍ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՂԻՆ, ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ»

  • 10-11-2010 17:16:56   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Յատուկ ժամադրութեամբ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած տասնըհինգ ամերիկացի ու քանատացի մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, խօսք առնելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ամուր կապուածութիւնը շրջանին: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը եկուոր չէ. ան կը պատկանի Միջին Արեւելքի հողին, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան ու պատմութեան: Շրջանին զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Միջին Արեւելքի մեծ իրագործումներուն մէջ ան իր յատկանշական դերը ունեցած է: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը հոս է: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան մտածողութեան, վկայութեան ու մշակոյթին մեծագոյն դէմքերը Միջին Արեւելքին կը պատկանին: Այս խոր գիտակցութեամբ կ'ապրին ու կը վկայեն եկեղեցիները Միջին Արեւելքէն ներս»: Պատասխանելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն գծով իրեն ուղղուած հարցում մը, Վեհափառը ըսաւ.– «Ե՞րբ քրիստոնէութիւնը տագնապներ չէ ապրած Միջին Արեւելքի մէջ: Մօտէն քննեցէք պատմութիւնը քրիստոնէութեան, այս շրջանէն ներս: Արդարեւ, քրիստոնէութեան պատմութիւնը եղած է կենդանի նահատակութիւն մը: Քրիստոնէութիւնը իր կեանքով ու նպատակով վկայութիւն է. վկայութիւն՝ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած արժէքներուն, սկզբունքներուն ու ճշմարտութիւններուն մասին: Նման վկայութիւն մը դիւրին չէ. ան կ'ենթադրէ զոհողութիւն ու նոյնիսկ նահատակութիւն, ինչպէս եղաւ վկայութիւնը Քրիստոսին: Հետեւաբար, քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապները ես կը նկատեմ, որոշ իմաստով, անբաժան մասը քրիստոնէութեան վկայութեան»: Որպէս պատասխան այլ հարցումի մը, թէ Միջին Արեւելքի կարգ մը շրջաններէն ներս իսլամ արմատականներ կամ ծայրայեղականներ սկսած են հալածել քրիստոնեաները: Վեհափառ Հայրապետին պատասխանը եղաւ յստակ.– «Անհրաժեշտ է այս հարցը դիտել աւելի լայն հայեցակէտով. ծայրայեղ իսլամութիւնը ամէն բանէ առաջ վտանգ մըն է նոյնինքն իսլամութեան համար: Ան լուրջ վտանգ մըն է նաեւ շրջանէն ներս ներքին կայունութեան ու ապահովութեան գծով: Հետեւաբար, ես վստահ եմ, որ նոյն այս մօտեցումը ունին նաեւ իսլամները: Հաւաքական մարտավարութիւն ու ռազմավարութիւն պէտք է մշակել արմատական ու ծայրայեղ շարժումներուն դէմ: Այլապէս անոնք կրնան Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու դիմաց դնել: Այս ծիրէն ներս, քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը ես կը նկատեմ հրամայական: Խոր գոհունակութեամբ կ'ուզեմ հաստատել որ Պաղտատի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքին առիթով, նոյնիսկ քրիստոնեաներէն առաջ իսլամներ՝ պետական թէ քաղաքական, կրօնական թէ համայնքային պատասխանատուներ խիստ կերպով հակազդեցին, դատապարտելով բարբարոսային այս արարքը: Նման չարագործութիւններ պարտութեան մատնելու ապահով ճամբաներէն մէկը քրիստոնեայ–իսլամ գործակցութիւնն է»: Մեկնելով քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին կատարած շեշտադրումէն, թղթակիցի մը կողմէ արծարծուեցաւ քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան պարզած ներկայ վիճակը: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ մատնանշումները կատարեց.– «Բնականաբար, քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ. սակայն վերջին տասնամեակին ան ստացաւ նոր շեշտ եւ նոր ուղղութիւն: Այսօր, փաստօրէն, զանազան աշխարհամասերու մէջ տեղի կ'ունենան նման նախաձեռնութիւններ: Ողջունելով հանդերձ քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան նկատմամբ ցուցաբերուած այս լայն հետաքրքրութիւնը, իմ առաջարկս պիտի ըլլայ հետեւեալը. առաջին՝ երկու կրօններու վերին պատասխանատուները եւ կրօններու կեանքին մէջ գործող կառոյցները գործօն մասնակցութիւն բերեն երկխօսութեան: Երկրորդ՝ երկխօսութիւնը շօշափէ գործնական բնոյթ ունեցող խնդիրներ եւ ոչ թէ տեսական հարցեր: Երրորդ, երկխօսութիւնը պատահական հանդիպումներու շարքի չվերածուի, այլ դառնայ ծրագրուած ու հետեւողական գործընթացք մը: Չորրորդ, անհրաժեշտ է որ քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութիւնը կարծիքներու փոխանակումէն անդին վերածուի գործակցութեան»: Ընդհանրապէս քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան մասին իր տեսակէտը յայտնելէ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց.– «Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, փաստօրէն բոլոր կրօնները, մշակոյթները, ազգերը, ցեղերը միասնաբար կ'ապրին, նոյն քաղաքին մէջ, նոյն գիւղին մէջ եւ նոյնիսկ նոյն թաղին մէջ: Անոնք դարձած են դրացիներ: Հետեւաբար, այսօր մենք կ'ապրինք կեանքի երկխօսութիւն մը, որուն մասնակից ենք բոլորս ալ: Ներկայ ընկերութեան կեանքի այս կերպը մեզ կը պարտադրէ որ զիրար լաւ ճանչնանք: Փոխադարձ ճանաչումը կը յառաջացնէ փոխադարձ յարգանք. իսկ փոխադարձ յարգանքը՝ փոխադարձ վստահութիւն: Արդարեւ, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը կը դառնայ մնայուն ու օգտաշատ»: Ապա, թղթակիցները իրենց հարցումներուն ուղղութիւնը դարձուցին դէպի վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի յատուկ Սինոտին: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին ուղղուած առաջին հարցումն էր՝ ինչպէ՞ս դուք կը բնորոշէք Վատիկանի Սինոտը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Վատիկանի Սինոտը ես կը նկատեմ արթնութեան կոչ մը. կոչ մը՝ ուղղուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, կոչ մը՝ ուղղուած իսլամներուն, կոչ մը՝ ուղղուած աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն»: Վեհափառ Հայրապետի յիշեալ բնորոշումի լոյսին տակ, թղթակիցներ նախ հարցուցին թէ շրջանի քրիստոնէութեան ուղղուած արթնութեան կոչը ի՞նչ կ'ենթադրէ: Պատասխանելով այս հարցումին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.– «Նախ կ'ուզեմ կարեւորութեամբ յիշեցնել, թէ երբ Վատիկանի Սինոտին մեր Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը ղրկելու հրաւէր ստացայ, թէ՛ իմ պատասխան նամակիս մէջ եւ թէ մեր ներկայացուցիչը Սինոտի ընթացքին իր պատրաստած խօսքին մէջ հետեւեալ կէտերը շեշտեցինք. ա) բնական է որ Վատիկանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք նման Սինոտ մը ուղղուած ըլլայ միայն Կաթոլիկ եկեղեցիներուն: Սակայն Միջին Արեւելքէն ներս Կաթոլիկ եկեղեցիներու մտահոգութիւնները ու մարտահրաւէրները նա՛եւ միւս եկեղեցիներուն կը պատկանին: Հետեւաբար, Վատիկանի Սինոտը ես որոշ իմաստով կը նկատեմ շրջանի ամբողջ քրիստոնէութեան վերաբերող կարեւոր նախաձեռնութիւն մը: բ) Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, թերեւս երկրագունդի ոեւէ մէկ շրջանէն աւելի: Անհրաժեշտ է որ պահելով հանդերձ իրենց աստուածաբանական տարբերութիւնները, եկեղեցիները գործնապէս արտայայտեն իրենց միութիւնը՝ կառչած մնալով քրիստոնէական հիմնական արժէքներուն: գ) Վատիկանի Սինոտին մէջ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի քրիստոնեայ–իսլամ գործակցութեան, որովհետեւ ոչ միայն դարեր շարունակ քրիստոնէութիւն ու իսլամութիւն միասին ապրած ու գործած են, այլ նաեւ այսօր ներկայ աշխարհի տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, անոնք կոչուած են վերաշեշտելու իրենց գոյակցութիւնը ու գործակցութիւնը»: Ապա Վեհափառը աւելցուց ըսելով, «ուրախութեամբ ողջունեցի Վատիկանի Սինոտի քննարկումներուն ու եզրակացութիւններուն մէջ յիշեալ կէտերուն գծով կատարուած կարեւոր անդրադարձը: Շարունակելով իր խօսքը, եւ նոյն ուղղութեամբ կատարուած հարցումներուն պատասխանելով, Վեհափառը ըսաւ.– «Նաեւ իսլամութեան ուղղուած գործակցութեան հրաւէր մըն էր Սինոտը: Միասին ապրիլ, կը նշանակէ գործակցիլ: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութիւն ու իսլամութիւն շրջանէն ներս նո՛յն տագնապները, նո՛յն մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն եւ նո՛յն ճակատագիրը ունին: Բաժանման պատեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ անոնց միջեւ: Ճիշդ է, մենք տարբեր ինքնութիւններ ունինք, տարբեր ինքնահասկացողութիւններ ունինք, մեր դաւանած ճշմարտութիւններուն միջեւ ալ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Մեր տարբերութիւնները պէտք է ընդունինք ու յարգենք: Սակայն, նոյն երկիրներու համահաւասար քաղաքացիներ ենք եւ նոյն իրաւունքները ու պարտաւորութիւնները ունինք. փոքրամասնութիւն ըլլալ, չի՛ նշանակեր նուազ ազատութիւն կամ իրաւունք ունենալ: Եւ աւելին՝ որպէս միաստուածեան կրօններ, քրիստոնէութիւնը ու իսլամութիւնը նո՛յն արմատները եւ հասարակաց նո՛յն արժէքները ունին: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ հասարակաց արժէքներուն վրայ խարսխենք մեր համայնական կեանքը եւ գործակցութիւնը: Նաեւ կ'ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, որ քրիստոնէութիւնը կենսական ներկայութիւն է իսլամութեան համար շրջանէն ներս: Չմոռնանք որ, առաջին՝ քրիստոնէութիւնը Արեւելք–Արեւմուտք երկխօսութեան ու գործակցութեան մէջ կրնայ կամուրջի դեր կատարել. երկրորդ՝ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներու մէջ քրիստոնեաները հաւատարիմ եւ օրինակելի քաղաքացիներ են եւ երրորդ՝ պատմական իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի զարգացման մէջ իրենց որակով ու նուիրումով քրիստոնեաներ կարեւոր ներդրում կատարած են: Ուրախութեամբ լսեցի այս ուղղութեամբ իսլամ ներկայացուցիչին ունեցած արտայայտութիւնը Վատիկանի Սինոտի ընթացքին»: Իր հարցազրոյցի վերջին բաժնին մէջ, միշտ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Արեւելքի ու Արեւմտուքի եկեղեցիներու գործակցութեան: Ան ըսաւ. «Ճիշդ է որ Քրիստոսի եկեղեցին պատմութեան պայմաններուն բերումով բաժնուած է. աշխարհագրութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն ու աստուածաբանութիւն իրարմէ հեռացուցած են եկեղեցիները: Սակայն, չմոռնանք, որ Քրիստոսի եկեղեցին իր էութեամբ մէկ է: Եկեղեցին առաքելութիւն է եւ ո՛չ կառոյց: Եկեղեցին առաքելութիւն չունի. ան իր էութեամբ ու նպատակով առաքելութիւն է. եւ այդ առաքելութիւնը Աստուծոյ առաքելութիւնն է, Քրիստոսի ճամբով տրուած եկեղեցւոյ, որպէս պարտաւորութիւն: Հետեւաբար, ինչ որ եկեղեցին կը կատարէ, զայն կը կատարէ Աստուծոյ համար եւ ոչ թէ ինքնիրեն համար: Արդ, Աստուծոյ առաքելութիւնն է որ եկեղեցիները կը միացնէ՝ հեռաւորութիւնները, մշակոյթները, ազգերը կամրջելով նոյն առաքելուեթան ճամբուն վրայ: Տարբեր պայմաններու մէջ, տարբեր ձեւերով ու շեշտերով Աստուծոյ նոյն առաքելութիւնն է որ կը կատարեն եկեղեցիները: Արեւմուտքի եկեղեցիներուն կողմէ տրուած աջակցութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ո՛չ նիւթական եւ ոչ քաղաքական իմաստով պէտք է ըմբռնել: Ան խորունկ եկեղեցաբանական իմաստ ունի եւ առնչուած է եկեղեցւոյ առաքելութեան իսկութեան հետ»: Շուրջ երկու ժամ տեւած հարցազրոյցը Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց յիշեցնելով թէ «համաժողով մը, բնականաբար լայն առիթ կու տայ քննարկումներու ու համապատասխան որոշումներու: Սակայն, ան պէտք է նաեւ նոր մարտահրաւէր մը ու տեսիլք մը փոխանցէ թէ՛ ներկաներուն եւ թէ եկեղեցիներուն: Եւ աւելին՝ համաժողով մը պէտք չէ դառնայ ինքնանպատակ. ան պէտք է վերածուի շարունակուող գործընթացի մը եկեղեցիներու կեանքէն ներս: Միջին Արեւելքի եկեղեցիները առանձնաբար եւ միասնաբար լուրջ ինքնաքննարկումի ճամբով վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց վկայութիւնը՝ յստակօրէն ճշդելով իրենց առաջնահերթութիւնները ու համապատասխան մօտեցումներ որդեգրելով՝ ի խնդիր իրենց վկայութեան առաւել կենսագործման ներկայ պայմաններու լոյսին տակ»:
  -   Մամլո հաղորդագրություն