ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ WORLD VISION-Ի ԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ WORLD VISION-Ի ԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  • 10-11-2010 17:13:20   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի 10 Նոյեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած World Vision-ի ներկայացուցիչներուն: Ինչպէս ծանօթ է, World Vision-ը միջազգային քրիստոնէական բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կ'օժանդակէ յատուկ ծրագիրներու՝ աշխարհի բոլոր կողմերը: World Vision-ը ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր օժանդակութիւններ կը կատարէ Լիբանանի հայ համայնքի յատկապէս կրթական մարզին առնչուած որոշ ծրագիրներու: Ընդունելով ներկայացուցիչները յիշեալ կազմակերպութեան, Վեհափառը նախ իր գնահատանքը արտայայտեց անոր կատարած մարդասիրական ծառայութեան, ապա յիշեցուց, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն յատուկ օժանդակութիւն կատարելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան նոր թափ տալ իրենց առաքելութեան: Այս ծիրէն ներս, բնականաբար, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն