Ընտրութիւններէն 24 ժամ <br /> նոյնիսկ չանցած՝ <br /> Ժան Գլոտ Եունքեր <br /> կը նախազգուշացնէ. <br /> «Նոր քայլերու պէտք է դիմէք»


Ընտրութիւններէն 24 ժամ
նոյնիսկ չանցած՝
Ժան Գլոտ Եունքեր
կը նախազգուշացնէ.
«Նոր քայլերու պէտք է դիմէք»

  • 09-11-2010 03:42:07   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Եւրոպայի տնտեսական նախարարներու խորհուրդի (Eurogroupի) նախագահ Ժան Գլոտ Եունքեր, ընտրութիւններէն 24 ժամ նոյնիսկ չանցած, նախազգուշական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ, դիտել տալով թէ տնտեսական իրավիճակը հարթուած չէ: Լիւքսեմպուրկի վարչապետը դիտողութիւն կատարեց, նշելով թէ քաղաքապետական եւ մարզային ընտրութիւններու երկրորդ փուլի իրականացումէն ետք, 16 Նոյեմբերին, պիտի յայտարարուի Յունաստանի պետական պիւտճէի իսկական բացը, ապա երկու օր ետք պիտի յաջորդէ նախահաշիւի վաւերացումը, որ լուրջ վերատեսութեան ենթարկուած է Թրոյքայի միջամտութենէն վերջ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը