Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի «Գէորգ Անտոնեան» Սրահի Բացումը


Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի «Գէորգ Անտոնեան» Սրահի Բացումը

  • 08-11-2010 16:34:00   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԻԿԸԼ ՌԱՔ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄը վերջին քանի մը տարիներուն կրցած է իրականացնել սեփական բանակավայր մը ունենալու երազը, բացումը կատարած է Իկըլ Ռաքի մէջ գտնուող իր արդիական նոր կեդրոնատեղիին, ինչպէս նաեւ բարեկարգած է Փոքրիկ Հայաստանի, Կլենտէյլի ու Փասատինայի մէջ իր մասնաճիւղերուն կեդրոնները. նաեւ աշխատանք կը տարուի Պըրպենքի մէջ նոր մարզասրահ մը կառուցելու: Այս իրագործումներուն վրայ աւելցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ,,Գէորգ Անտոնեանե սրահը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 31ին: ՀՄԸՄի անցեալի ու ներկայ վարչականներու, անդամներու եւ համակիրներու կողքին, բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Անտոնեան ընտանիքի անդամները: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ռաֆֆի Համբարեան, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց այս իրագործումը, մինչ սրահի շինարարութեան ծրագիրին պատասխանատու Վահան Թովմասեան դրուատեց ծրագիրը իրականացուցած ,Իան Թամըսե ընկերութիւնը, որ ՀՄԸՄի կարիքներուն յարմարող կառոյցը մէջտեղ բերած էր: Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան, իր կարգին շեշտեց նման սրահի մը կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս երազի իրականացման: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիս Անտոնեանին, որուն 200,000 տոլարի նուիրատուութիւնը խթանը հանդիսացած էր ծրագիրի իրագործման: Շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, իսկ Անտոնեան ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց Գէորգ Անտոնեանի դուստրը` Պեթի Անտոնեան-Կւզէլեանը: Ապա տեղի ունեցաւ սրահին պաշտօնական բացումը` հանդիսավարութեամբ Վիգէն Դաւիթեանի: Հոն ելոյթ ունեցան նաեւ Սթիւ Արթինեան ու Գէորգ Անտոնեանի թոռը` Ռուբինա Անտոնեան: Նաեւ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քեւըն տը Լէօնի ներկայացուցիչ Պայծառ Թովմասեան, Ալիս Անտոնեանին յանձնեց խորհրդարանականին կողմէ յատուկ հռչակագիր մը, ուր կը շեշտուի ՀՄԸՄի կարեւոր դերակատարութիւնը նոր սերունդի դաստիարակման աշխատանքին մէջ: Ապա, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան իր սրտին խօսքը արտասանեց ու ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու, ապա կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը: Այս առիթով, նաեւ կատարուեցաւ բացումը Յակոբ Օվայեանի անուան ՀՄԸՄի թանգարանին, որ կը գտնուի նոյն կեդրոնին մէջ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը