ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ ԳՈՀ ԵՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ


ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ ԳՈՀ ԵՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ

  • 05-11-2010 20:31:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԱՆԳԱ Հաղորդեց Թէ Իրենց Զօրակցած Թեկնածուներուն Իննսուն Տոկոսը Շահած Է - Միայն Թէ Նէնսի Փէլոսին Չկայ Այլեւս Ներկայացուցիչներու Տան Գլուխը - Բայց Հայկական Բանաձեւը Դարձեալ Օրակարգի Կրնայ Բերուիլ Մարմարա ԱՄՆ-ի շրջանային ընտրութիւններու մէջ տէմօքրաթները պարտուեցան հանրապետականներու դիմաց ու ասիկա հիմնական փոփոխութիւններ պիտի բերէ ԱՄՆ-ի ապագայ քաղաքականութեան մէջ։ Թուրք մամուլը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի ընտրութիւններու արդիւնքին, երկու օրէ ի վեր արձագանգ կը հանդիսանայ Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէի )ԱՆԳԱ_ ու Հայկական Համագումարի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութիւններուն, որոնք գոհունակութիւն կը յայտնեն ընտրութեան արդիւնքներէն։ Արդարեւ ԱՆԳԱ նշեց որ իրենց պաշտպանած թեկնածուներուն 90 տոկոսը ընտրուած է եւ ասիկա շատ գոհացուցիչ է Ամերիկահայ հասարակութեան համար։ ԱՆԳԱ-ի կողմէ պաշտպանուած բոլոր թեկնածուներու մէջէն միայն Րաս այնկոլտն է որ չկրցաւ ընտրուիլ, միւս բոլոր թեկնածուները ընտրուած են։ Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ Նէնսի Փէլոսի կորսնցնողներուն միջեւ է եւ այլեւս չկայ Ներկայացուցիչներու Տան գլուխը, բայց ատոր փոխարէն հայերու զօրակցութեան արժանացած վեց ծերակուտականներէն հինգը ընտրուած է ու ասոնք ուժ մը պիտի ներկայացնեն հայերու ի նպաստ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը