«Թուրքիան Իսրայէլի թշնամին չէ» պնդում է իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը


«Թուրքիան Իսրայէլի թշնամին չէ» պնդում է իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը

  • 04-11-2010 14:22:00   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը անդրադառնալով վերջին շրջանին թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Իսրայէլը Թուրքիոյ համար «սպառնալիք ներկայացնող երկիրներու» ցանկին մէջ ընդգրկելու որոշումին, կը գրէ, որ Իսրայէլ պէտք է Թուրքիայէն ներում հայցէ եւ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպին ժամանակ սպաննուած թուրքերու ընտանիքներուն հատուցում վճարէ։ «Թուրքիան Իսրայէլի թշնամին չէ» խորագիրով յօդուածին մէջ իսրայէլեան օրաթերթը կը գրէ, որ «Իսրայէլի համար դժբախտութիւն չ’ըլլար, եթէ իր վշտակցութիւնը յայտնէ թուրք քաղաքացիներու մահուան առնչութեամբ եւ խորհրդանշական հատուցում վճարէ անոնց ընտանիքներուն»։ Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Իսրայէլի առնչութեամբ ընդունուած որոշումը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ։ «Շատ լուրջ եւ մտահոգիչ վիճակ յառաջ եկած է, որովհետեւ նախապէս Թուրքիոյ բարեկամ ու ռազմավարական գործընկեր Իսրայէլը առաջին անգամ ըլլալով կը յայտնուի Թուրքիոյ համար «սպառնալիք ներկայացնող երկիրներու» ցանկին մէջ», կը գրէ «Հաարեց»՝ Թել Աւիւին կոչ ուղղելով կարելին ընելու՝ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու համար։ 31 մայիս 2010-ին Կազա ուղեւորուող «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին եւ իսրայէլեան բանակի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին ընթացքին սպաննուած էին 9 անձեր, որոնք բոլորն ալ ազգութեամբ թուրք էին։ Այդ դէպքէն ետք Անգարա բազմիցս յայտարարած է, որ քանի տակաւին Թել Աւիւը ներում չէ հայցած եւ հատուցում չէ վճարած, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն վատթարանալ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը