»ԹԱՐԱՖ« ԹԵՐԹԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԷՄ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ<br />


»ԹԱՐԱՖ« ԹԵՐԹԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԷՄ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

  • 03-11-2010 19:54:59   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Պիրկիւն« թերթի մէջ հրատարակուեցաւ թղթակցութիւն մը ուր »Թարաֆ« թերթը կը մեղադրուի հայերու դէմ թշնամութիւն քարոզող ծանուցում մը հրատարակած ըլլալու հանգամանքով։ Թղթակցութեան մէջ կ’ըսուի որ Թարաֆ թերթը իբրեւ թէ ժողովրդավար ու պատերազմի դէմ դիրք գրաւող, հայերը պաշտպանող թերթ մըն է, բայց հակառակ ասոր չէ վարանած հրատարակելու հայերու դէմ այդ ծանուցումը։ Ի՞նչ է այդ ծանուցումը։ Ծանուցումը կը վերաբերի գիրքի մը, որուն անունն է »Բացատրութիւններով իրական առածներ ու ասութիւններ«։ Բայց ծանուցումին մէջ կը կարդացուի հակահայ տողեր։ Սապէս. »Ո՞ր հայերը ի՞նչպիսի յերիւրածոյ առածներ ներմուծեցին Թրքերէնի մէջ, ո՞ր թուականէն սկսեալ հայերը միջամտութիւններ ըրին Թուրք Լեզուական Կաճառէն, եւ ինչպիսի սարսափազդու քանդումներ ըրին թրքերէն լեզուէն ներս։ Առածներու այս բառարանը գրի առնուեր է Նէճմի Նազի կողմէ, գիրքը կը բաղկանայ 533 էջերէ։ »Պիրկիւն« թերթի թղթակիցը այժմ հարց կուտայ. այս ծանուցումը Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտէն աւելի ինչ կրնայ տալ, յայտնի չէ, փափաքողը կրնայ գիրքը առնել ու կարդալ, բայց ահաւասիկ մամլոյ աշխատանքը ապակեղէն ծախելէ տարբերութիւն չունի, երկուքն ալ ազատ շուկայ կը փնտռեն ու ապրանք կը ծախեն, »Թարաֆ« թերթն ալ մէկ կողմէ պիտի պաշտպանէ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը, մէկ կողմէ ալ մինչեւ իսկ ամէնէն ցեղապաշտ բառարանին ծանուցումը ընելով դրամ պիտի շահիս։ »Եւ մենք ալ պիտի հաւատանք այդ թերթին«, կը գրէ թղթակիցը։ Թղթակիցը տակաւին թափ կուտայ »Թարաֆ« թերթի դէմ իր հակազդեցութեան ու կ’ըսէ որ իրենք պատրաստ են օգնելու եթէ թերթը դրամի պէտք ունի, բայց միաժամանակ կոչ կ’ընէ որպէսզի հայերու ու ճնշուած բոլոր ժողովուրդներու բարեկամները իրենց ընդվզումը յայտնեն Թարաֆ թերթին։ Մեր կողմէ ըսենք որ չենք գիտեր թէ Թարաֆ թերթը արժանի՞ է այսպիսի մեղադրանքի մը, երբ գիտենք թէ այդ թերթին մէջ յաճախակի կերպով կը հրատարակուին հայանպաստ յօդուածներ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը