ԱՅՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՎՐԱՑԻՆԵՐՈ՞ՒՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ԻՍԿԱՊԷՍ


ԱՅՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՎՐԱՑԻՆԵՐՈ՞ՒՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ԻՍԿԱՊԷՍ

  • 02-11-2010 15:52:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հինէն ի վեր Անատոլուի կամ Վրաստանի մէջ մնացած կարգ մը հայկական հին եկեղեցիներ կը վերագրուին Վրացիներու, Վրացիները կը պնդեն թէ իրե՛նց կը պատկանին այդ եկեղեցիները, հակառակ որ եկեղեցիները յստակ կերպով հայկական են ու բազմաթիւ պատմական արձանագրութիւններ կան այդ մասին։ Այս եկեղեցիներէն մէկն է Գաղըզմանի Չէնկիլլի գիւղի հին եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։ Հիմա որ հայոց պատմական եկեղեցիները զբօսաշրջական նպատակներու ծառայեցնելու նոր հոսանք մը ծայր տուած է, կարգը եկած է Գաղըզմանի գիւղացիներուն, որոնք սկսան պնդել թէ եկեղեցին պէտք է նորոգուի ու եկեղեցւոյ շրջափակը պէտք է հարստանայ սրճարաններով ու զբօսաշրջական սարքերով։ Գաղըզմանը ամէն ինչով պատմութիւն կը բուրէ ու ամառը շատ հաճելի վայր է, կ’ըսեն գիւղացիները։ Լրատու աղբիւրը կը պնդէ թէ եկեղեցւոյ վրայ գտնուող գրութեան մը համաձայն եկեղեցին եղած է եղեր Վրաստանի Պատրիարքութեան հակակշռին տակ։ Հոսկէ մեկնելով կը պնդուի թէ եկեղեցին կը պատկանէր Վրացիներու հաւաքականութեան մը։ Մինչդեռ այդ վայրը հայաբնակ գիւղ էր ու եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գտնուին հայատառ խաչքարեր որոնք կը կրեն 989 ու 1024 թուականները։ Լրատու աղբիւրը կը նշէ նաեւ որ եկեղեցիին շրջափակը մանուկներու խաղավայր դարձած է ու ամէն վայրկեան եկեղեցին քիչ մը եւս կը քանդուի։ ԷՐԶՐՈՒՄԻ ՄԷՋ ԱԼ Քանի մը օր առաջ »Հիւրրիյէթ« արձագանգ հանդիսացաւ Էրզրումի Չամլըեամաչ գիւղի մէջ գտնուող եկեղեցիի մը, որուն անունը կը յիշուի որպէս »Էօշվանք«։ Այս եկեղեցին ալ կը վերագրուի վրացիներուն, հակառակ որ անուան մէջ գտնուող »վանք« բառը կը վկայէ անոր հայկականութեան։ Կը պնդուի որ եկեղեցին կառուցուած է վրացի իշխանի կողմէ։ Եկեղեցին շարունակ թալաններու ենթարկուած է, երկու տարի առաջ ալ անծանօթներ գողցան անոր սիւները։ Այժմ որոշուեցաւ որ եկեղեցին վերանորոգուի Վրաստանի կողմէ։ Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ մօտ օրէն Թիֆլիս պիտի երթայ որպէսզի Վրաստանի իշխանութիւններու հետ ճշդէ վերանորոգութեան մանրամասնութիւնները։ Ամէն պարագայի տեղացի ժողովուրդը շատ գոհ է որ եկեղեցին վերանորոգութեան պիտի ենթարկուի ու պիտի դառնայ զբօսաշրջական տեսարժան վայր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը