Վարչապետ Էրտողան Գանգատեցաւ Կարգ Մը Երկիրներէ


Վարչապետ Էրտողան Գանգատեցաւ Կարգ Մը Երկիրներէ

  • 02-11-2010 15:49:19   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հակառակ որ Անատոլուի զանազան վայրերուն մէջ, մանաւանդ Հարաւ-Արեւելեան նահանգներու մէջ շարունակ տեղի կ’ունենան ահաբեկչական արիւնալի յարձակումներ, Թաքսիմի Կիրակի առաւօտեան ռմբահարումը արտակարգօրէն լայն արձագանգ գտած է թէ՛ երկրին մէջ, թէ երկրէն դուրս։ Դեռ ալ յայտնի չէ թէ այս արարքը կազմակերպուած էր ՓՔՔ-ի՞ կողմէ, թէ ոչ ուրիշներու։ Թէեւ Էօճալան Իմրալըի մէջ յայտնեց թէ ինք չի կարծեր որ ասիկա կազմակերպուած էր ՓՔՔ-ի կողմէ, բայց այս մասին կասկածները չեն փարատած։ Էօճալան իր այս կարծիքը յայտնեց երէկ Տէմօքրաթիք Հաւաքականութեան Համագումարի համանախագահ Այսէլ Թուղլուքի հետ Իմրալըի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։ Թուղլուք պնդեց թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին Էօճալանի ու պետութեան միջեւ, այս շփումը երկխօսութեան հանգրուանէն անցաւ դէպի բանակցութեան հանգրուան։ Էօճալան ըսած է նաեւ որ ինք իր կարծիքը յայտնած է հրադադարը երկարաձգելու մասին, մնացեալը կազմակերպութեան տալիք որոշումէն կախեալ է։ Միւս կողմէ Վարչապետ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հաւաքոյթի մը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ըրած ճառախօսութեան մէջ ոչ միայն անէծք տեղացուց Թաքսիմի յարձակումին կազմակերպիչներուն վրայ, այլ նաեւ բուռն կերպով քննադատեց բոլոր այն երկիրները որոնք ահաբեկչութեան հարցին մէջ Թուրքիան առանձին թողած են, կամ մինչեւ իսկ օգնական կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու։ Վարչապետը ըսաւ որ որոշ երկիրներ Թուրքիայէ կը զլանան ահաբեկչութեան հարցի մէջ իրենց օժանդակութիւնը, ուրիշներ ալ յստակ կերպով օժանդակ կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, Թուրքիա դժգոհ է անոնց այս կեցուածքէն, Թուրքիա բաւարար չի նկատեր այդ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ երեւոյթները փրկելու համար կատարուած առօրեայ մակերեսային յայտարարութիւնները։ »Վաղը, երբ այս չարիքներուն արմատը պիտի չորցուի, այս ցաւերը պիտի մոռնանք, բայց բնաւ պիտի չմոռնանք որ ինչպէս մեզ առանձին թողուցին այս խնդրին մէջ«, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։ Անդրադառնալով Թաքսիմի յարձակումին, Վարչապետը ըսաւ որ այս յարձակումը կը նկատուի ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած յարձակում, ինչպէս այն յարձակումները որոնք կատարուեցան Նիւ Եորքի, Լոնտոնի կամ Մատրիտի մէջ։ Ասիկա յարձակում մըն է որ կը գործուի լայնախոհութեան ու միասին ապրելու մշակոյթին վրայ, ըսաւ Էրտողան։ Էրտողան ընդգծեց նաեւ թէ բոլոր երկիրները զինարշաւի մէջ են, կը զինուին շարունակ ու կը ստիպուին շատ հսկայ գումարներ տրամադրել պաշտպանութեան ճարտարարուեստին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը