ՃԷ-ՀԷ-ՓԷ ԻՍԿՈՅՆ ՓԱԿԵՑ ԵՐԳԻԾԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՈՐ ՏԵՂԻ ՏՈՒԱՒ ԲՈՒՌՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ<br />


ՃԷ-ՀԷ-ՓԷ ԻՍԿՈՅՆ ՓԱԿԵՑ ԵՐԳԻԾԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՈՐ ՏԵՂԻ ՏՈՒԱՒ ԲՈՒՌՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

  • 02-11-2010 15:46:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Բուռն քննադատութիւններու դիմաց Ճէ-Հէ-Փէ ստիպուեցաւ փակել այն ցուցահանդէսը զոր բացած էր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, »Ա-Գէ-Փէ«-ի Տանջանքները« ընդհանուր խորագրին ներքեւ։ Ինչպէս երէկ ալ հաղորդած էինք, կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուն է որ բացած էր ցուցահանդէսը, ուր բազմաթիւ անվայել ու անհանգստացնող ցուցադրութիւններու կարգին՝ կային լուսանկարներ որոնց մէջ Վարչապետ Էրտողանն ու այլ քանի մը նախարարներ ցոյց կը տրուէին Հիթլէրի նմանողութեամբ։ Ցուցահանդէսը իբրեւ թէ բացուած էր որպէսզի խօսէր Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան գործած տանջանքներուն մասին, բայց շատեր դիտել տուին որ այդ ցուցահանդէսը դարձած էր Ա-Գէ-Փէցիները նախատելու ու նուաստացնելու ձեռնարկ մը։ Ցուցահանդէսը այնքան բուռն բողոքներու տեղի տուաւ որ Ճէ-Հէ-Փէի ղեկավարները իսկոյն որոշեցին փակել զայն։ Պնդուեցաւ նաեւ որ ցուցահանդէսը կը փակուէր անոր համար որ Քըլըճտարօղլուն չէր սիրած այս ցուցահանդէսը ու իր դժգոհութիւնը յայտնած էր ցուցահանդէսի բովանդակութեան առընչութեամբ։ Կուսակցութեան բանբեր Հաքքը Սուհա Օքայ երէկ յայտարարեց թէ Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլու շատ անհանգստացած էր երբ տեսած էր ցուցահանդէսին բովանդակութիւնը ու հրահանգած էր որ ցուցահանդէսը փակուի իսկոյն։ Երբ լրագրողներ դիտել տուին որ այս ցուցահանդէսին մէջ երգիծանքի պատմուճանին տակ նախատինք կատարուած էր Վարչապետին ու այլ Ա-Գէ-Փէցիներու, ինչպէս նաեւ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հոճայի դէմ, Օքայ պատասխանեց որ Քըլըճտարօղլուն եւ իրենք ցուցահանդէսի բովանդակութեան մասին գաղափար չունէին երբ բացումը կը կատարէին, պարզապէս կը կարծէին որ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան կողմէ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած տանջանքներու եւ թերացումներու ցուցահանդէս մըն է։ Երբ Քըլըճտարօղլուն շրջեցաւ ամբողջ ցուցահանդէսը, անհանգստացաւ։ Օքայ ըսաւ որ կուսակցութիւնը բացարձակապէս չի հաստատեր այսպիսի ցուցահանդէս մը, Կուսակցութեան Գործադիր Մարմինը իսկոյն որոշեց որ ցուցահանդէսը փակուի։ Օքայ դիտել տուաւ որ ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր երիտասարդական Ճիւղերու Կազմակերպութեան կողմէ։ Իսկ Երիտասարդական Ճիւղերու Կազմակերպութեան նախագահ Ումուտ Թունչ ըսաւ որ իրենք չեն բաժներ այն գաղափարը թէ ցուցահանդէսի ծաղրանկարները նախատական բնոյթ ունին։ Բայց մամուլը դիտել կուտայ որ Ճէ-Հէ-Փէի Երիտասարդական Ճիւղերու Կազմակերպութիւնը ասկէ առաջ ալ տեղի տուած է կարգ մը գայթակղութիւններու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը