Րաֆֆի Տօնապետեան. «Կը հաւատանք գործին եւ գիտակից ենք,<br /> որ գործը չի պակսիր...»


Րաֆֆի Տօնապետեան. «Կը հաւատանք գործին եւ գիտակից ենք,
որ գործը չի պակսիր...»

  • 30-10-2010 05:01:46   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Հորիզոն» - ՀՅԴ 120-ամեակին առիթով, «Հորիզոն» հետեւեալ հարց ազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ: Հարց.- Այս տարի հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակը: Գանատայի տարածքին ի՞նչ ձեռնարկներ նախատեսուած են այս առնչութ եամբ: Պատ.- 120-ամեայ աւանդ ունեցող մեր կուսակցութիւնը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը: Հա- յաստանի անկախութենէն ի վեր, ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենի քաղաքական կեանքէն ներս եւ արդէն իսկ հայրենիքի մէջ ճանչցուած եւ կայացած քաղաքական կազմակերպութիւն է: Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ ունի աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի առաջին Կոմիտէութիւնը հիմնուած է Պրանթֆըրտ քաղաքին մէջ 1902-1903 ժամանակահատուածին: ՀՅԴ 120-ամեակին առիթով, պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ ժողովր դային ճաշկերոյթներ տեղի պիտի ունենան Մեծն Մոնթրէալի, Մեծն Թորոնթոյի, Հարաւային Օնթարիոյի եւ Վանգուվըրի մէջ: «Դաշնակցութեան օր»ուան այս տարուան մեր գլխաւոր պատգամա- խօսն է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեան: Այս առթիւ, կոչ կ'ուղղենք մեր բոլոր գործակից կազմակերպութիւննե- րուն, միութիւններուն եւ համակիրներուն, որպէսզի կուռ շարքերով մասնա- կից դառնան ազգանուէր այս կուսակցութեան 120-ամեայ յոբելեանին: Հարց.- 2010-ի Ապրիլին, Հայկական Ցեղասպանութեան 95-ամեակը Գանատայի մէջ նշուեցաւ համագաղութային ճիգերով, հայ աւանդական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու, կրօնական յարանուանութիւննե- րու եւ ազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Այսօր ո՞ւր հա- սած են համագաղութային միասնակամ գործունէութեան աշխատանքները: Պատ.- Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սեմին, գանատահայութեան բոլոր հատուածներով միասնաբար եւ միաւորուած հանդէս գալու փորձը՝ կարե- ւոր իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ գաղութի պատմութեան մէջ: Տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատ ազգայիններու գնահա- տականները այս առնչութեամբ, եկան հաստատելու, որ Հայկական Ցեղասպ անութեան 95-ամեակը միատեղ շարքերով նշելու նախաձեռնութիւնը՝ մեծ յաջողութիւն մըն էր: Այս ծիրէն ներս, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ հայմահայկական կառոյց ունեցող միւս կուսակցութիւննե- րուն՝ ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդարաններուն, Հայ կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական համայքներու եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ, կեանքի կոչ ելու գանատահայութիւնը համախմբող կառոյց մը: Այս նորաստեղծ կառոյցին գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ գաղութի բոլոր հատուածները ի մի բերել Հայ Դատին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուող քաղաքական նախաձեռնութիւններու ընթացքին, կամ Հայաստան Հա- մահայկական Հիմնադրամի բարեսիրական նպատակներուն աջակցելու ընթ ացքին: ՀՅԴ-ի համար նորութիւն չէ այսպիսի նախաձեռնութիւն, որ տարբեր առիթներու Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը առաջարկած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, դեռ 1998-էն սկսեալ: Դժբախտաբար, այս կամ այն պատճառներով եւ հակառակ սկզբնական համաձայնութիւններուն, կա- րելի չէ եղած իրագործել զայն: Վերջին տասնամեակին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդ- րոնական մարմինները ինչպէս նաեւ զոյգ վեհափառները կոչեր հրապարա- կած են համագործակցութեաբն ուղղութեամբ, իսկ ՀՅԴ Բիւրոն շարունա- կաբար հետամուտ եղած է ստեղծելու համագաղութային միասնական գործուն էութեան զարկ տուող համախմբումներ: Այս տարուան առաջին օրերէն սկսեալ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտ էս նախանձախնդիր եղած է ստեղծելու այդ համախոհութիւնը, բազմա- կողմանի յարաբերութիւններ մշակելով գաղութէս ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններուն հետ, որպէսզի աշխատանքը՝ կոչերէ անդին, ամուր եւ գործնական հիմերու վրայ դրուի եւ արդիւնաւորուի: Այսօր, Գանատայի տարածքին գործող շարք մը կազմակերպութիւնն եր արդէն իսկ նախանձախնդիր են միաւորուելու մեր ազգային հիմնախն- դիրներուն պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այդ առթիւ յաճախ իրենց կոչերով կը շեփորեն միասին համագործակցելու գաղափարը: Այսօր, մենք կը կարծ ենք, որ ժամանակն է կոչերէն անդին անցնելու եւ գործնական գետնի վրայ համապատասխան քայլեր առնելով հիմը դնելու միասնականութեան խորհրդանիշ համագաղութային նոր կառոյցի մը: Հարց.- Հայ Դատի յանձնախումբերը Գանատայի տարածքին կը շա- րունակեն իրենց քաղաքական եւ քարոզչական գործունէութիւնը: Ներկայ դրութեամբ ո՞ւր հասած են այդ աշխատանքները: Պատ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը, տասնամեակներէ ի վեր միշտ գտնուած են պատնէշի վրայ: Ներկայ դրութեամբ, Շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերը կը նախապատրաստուին յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն: Ինչպ էս միշտ, Հայ Դատի յանձնախումբերը կը զօրակցին այն թեկնածուներուն, որոնք կարեւոր ներդրում բերած եւ աջակցած են հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն: Ընտրութիւններու ծիրէն ներս, մեր աշխատանքները գաղութը զօրա- շարժի ենթարկելու ուղղութեամբ աւելի ծաւալուն պիտի դարձնենք, նկատի առած, որ Մեծն Մոնթրէալի երկու տարբեր ընտրատարածքներու մէջ ունինք երկու հայ թեկնածուներ: Շրջանային մակարդակի վրայ աշխատանքները կը շարունակուին Գանատայի Մարդկային Իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական հարցը ներկայացնելու, թրքական ուրացման քարոզչութիւնը չէզոքացնելու ուղղութ եամբ: Այս աշխատանքները կը համադրէ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասեն- եակը: Տեղական մակարդակի վրայ, Արեւմտեան Գանատայի, Օնթարիոյի եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբերը կը շարունակեն Ցեղասպանութեանց ուսուցումը նահանգային կրթական ծրագիրներու մէջ ընդգրկելու աշխա- տանքը: Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում- բը՝ Հոկտեմբեր 15-17 Ալպէրթայի մէջ կազմակերպած էր Ցեղասպանութեան ուսուցման սեմինար, որուն մասնակցեցան Ալպէրթա նահանգէն բազմաթիւ ուսուցիչներ: Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով, քաղաքին մէջ պիտի բարձրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Թորոնթոյի մէջ, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող օրերուն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած էր քաղաքապետական ընտրութեանց առիթով: Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի հիւրընկալեց նա- խարար Կուտյիրն ու Հայ-Գանատական խորհրդարանական բարեկամութ եան խմբակցութեան ղեկավար տոքթ. Ալպրէխթը: Մոնթրէալի մէջ, տեղա- կան յանձնախումբը իր գործունէութիւնը կեդրոնացուցած է յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն վրայ եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կա- տարած է բազմակողմանի հանդիպումներ տարբեր կուսակցութիւններու հետ: Նշենք, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր 6-ին, յանձնախումբը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ պիտի ընդունի ընդդիմութեան ղեկավար Մայքըլ Իկնաթիէֆը: Օթթաուայի մէջ վերջերս կեանքի կոչուած Հայ Դատի յանձնախումբը, իբր առաջին մարտահրաւէր դէմ յանդիման գտնուեցաւ շրջանի քաղաքա- պետական ընտրութեանց թեկնածու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրա- ցող անհատի մը: Նորաստեղծ յանձնախումբը ճիգ չխնայեց, որպէսզի ուրա- ցողը ընտրապայքարը աւարտէ ձախողութեամբ: Մեր դարաւոր առաքելութեան ընթացքին դադարի պահ չենք ունե- ցած, որովհետեւ կը հաւատանք գործին եւ գիտակից ենք, որ գործը չի պակսիր...
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը