ԻՆՉՈ՞Ւ ՆՈՒԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏԵԼ ՍԱՊԻՀԱ ԿԷՕՔՉԷՆԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼԸ


ԻՆՉՈ՞Ւ ՆՈՒԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏԵԼ ՍԱՊԻՀԱ ԿԷՕՔՉԷՆԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼԸ

  • 27-10-2010 18:57:31   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Թարաֆ« թերթի խմբագիր Ահմէտ Ալթան երէկ իր սիւնակին մէջ շատ ուժեղ յօդուած մը ստորագրած էր »Սպառնալիք« խորագրին ներքեւ եւ ծանր արտայայտութիւններով թուրք ժողովուրդին ու պետութեան կը վերագրէր սաստկութիւններն ու ոճիրները սիրելու տրամադրութիւն մը։ Ահմէտ Ալթանի այս յօդուածին տուն տուող դէպքը Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին ՄԻԹ-ի կողմէ դատարան ղրկուած այն նամակն է, ուր ՄԻԹ կ’ընդունի որ իր երկու ներկայացուցիչները Հրանդ Տինքին ազդարարութիւն ուղղած են Սապիհա Կէօքչէնի մասին անոր գրած յօդուածին կապակցութեամբ։ ՄԻԹ-ի ներկայացուցիչները ըսած են Հրանդ Տինքին որ, գրելով թէ Սապիհա Կէօքչէնը հայկական ծագում ունի, ան տեղի տուաւ ցասումի ու ընդվզումի։ Բայց ինչո՞ւ ցասում ստեղծէ այդ յօդուածը։ Սապիհա Կէօքչէնը հա՞յ է, թէ չէ։ Հայ է։ Ուրեմն ինչո՞ւ ցասում ստեղծուի եթէ մէկը գրէ որ ան հայ է։ Սապիհա Կէօքչէնը Տէրսիմ գացեր է, Տէրսիմը ռմբահարեր է, մարդիկ սպաններ է, ատիկա ցասում չի պատճառեր, բայց անոր հայ ըլլալը ըսելը ցասում կը պատճառէ։ ՄԻԹ-ին ի՞նչ կը վերաբերի այս խնդիրը, ՄԻԹ-ին պարտականութիւնը ա՞յս է։ Ինչո՞ւ կ’երթայ ու սպառնալիք կ’ընէ գրողի մը։ Մնաց որ սպառնալիք ստացող այդ անձը շուտով կը սպաննուի հրոսախումբի մը կողմէ որ յայտնի է թէ պետութեան հետ կապեր ունէր։ ՄԻԹ-ի կողմէ ազդարարուած անձի մը փողոցը սպաննուիլը ցասում չի՞ ստեղծեր արդեօք։ Ո՛չ։ Չի ստեղծեր ըստ մեր պետութեան։ Բայց Կէօքչէնին հայ ըլլալը ցասում կը ստեղծէ։ Եւ տեսէք թէ որքան ծիծաղելի է։ Պետութիւնը մէկու մը կը բարկանայ ճշմարտութիւնը ըսած ըլլալուն համար։ Որովհետեւ առկայ է մտայնութիւն մը որու համաձայն Կէօքչէնին մարդիկ սպաննած ըլլալու իրողութեամբ կրնանք հպարտանալ, բայց անոր հայ ըլլալէն կրնանք անհանգստանալ։ Մարդ սպաննելը հպարտացուցիչ է, իսկ հայ ըլլալը ամօթալի։ Մինչդեռ հակառակն է որ ի զօրու պէտք է ըլլայ։ Թահա Ագեոլ պատմեց որ Իզմիրի մահափորձի առիթով երբ ուզեցին կախաղան հանել Ճավիտ Պէյը, շուրջինները Աթաթիւրքին ըսին որ »չկախենք, Եւրոպացիները շատ դժգոհ կը մնան«, բայց Աթաթիւրք պատասխանեց. - Անգամ մը կախեցէք նայինք ինչ կ’ըլլայ։ Եւ ոչ մէկը ահաւասիկ կ’անհանգստանայ այս խօսքէն։ Որովհետեւ կախելը, սպաննելը, ռմբահարելը ամօթ չի նկատուիր պետութեան կողմէ։ Շատ հետաքրքրական է գիտնալ թէ այս պետութեան գլխուն մէջ Թուրքի ինչպիսի պատկերացում մը կայ։ Մենք դահի՞ճ ենք, ոճրագո՞րծ ենք, մեր ամէնէն մեծ հպարտութիւնը մարդ սպաննե՞լ է։ Այս մարդիկը նուաստացուցիչ կը նկատեն հրաշալի ճարտարապետներ, քարակոփներ, երաժիշտներ հասցնող հայ ժողովուրդին պատկանիլը։ Այնքան նուաստացուցիչ կը նկատեն որ Սապիհա Կէօքչէնին հայ ըլլալը ըսող մարդուն մահուան սպառնալիք կ’ընեն ու կը սպաննեն։ Հազար տարի առաջ գացեր ենք թերակղզի մը ուր հայեր, քիւրտեր, յոյներ ու մոնղոլներ կան եւ մենք մոնղոլները ընտրեր ենք որպէս մեր նախահայրերը, արհամարհեր ենք միւսները։ Որովհետեւ մոնղոլները կարող էին շատ արիւնալի պատերազմներ մղելու ու անգթօրէն մարդ սպաննելու։ Եւ մենք ալ շատ կը հաւնինք զանոնք։ Եթէ Հրանդ Տինք ըսած ըլլար որ Սապիհա Կէօքչէնը մոնղոլ է, կը սպաննէի՞ն զինքը։ Ո՛չ։ Մենք ճարտարապետ կամ երաժիշտ նախահայրեր չենք ուզեր, մենք վայրագ նախահայրեր կ’ուզենք։ Այս պետութեան խելքը այսպէս կ’աշխատի ահաւասիկ։ Վերի այս ծանր տողերէն վերջ Ահմէտ Ալթան կը շարունակէ. Բարեբախտաբար բաներ մը փոխուիլ սկսան Թուրքիոյ մէջ, ՄԻԹ-ին այս խոստովանութիւնն ալ արդէն այդ մասին կը վկայէ։ Կը սիրենք յուսալ որ ասկէ վերջ պիտի հասկնանք որ մարդասպանութիւնը ամօթալի է եւ ատով հպարտանալու պէտք չունինք։ Պիտի հասկնանք որ մեզի համար աւելի հպարտացուցիչ է արեան կապ ունենալ տաղանդաւոր հայ ժողովուրդին հետ քան թէ ազգական ըլլալ մոնղոլներուն։ Պէտք է հասկնանք թէ մենք պէտք չէ ամչնանք Սապիհա Կէօքչէնին հայ ըլլալէն, այլ պէտք է ամչնանք այս բանը ըսած ըլլալուն համար մարդու մը սպաննուած ըլլալէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը