»ԱՅՍ ԳՆԱՑՔՈՎ ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍԹԷՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԵՆՔ«<br />


»ԱՅՍ ԳՆԱՑՔՈՎ ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍԹԷՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԵՆՔ«

  • 27-10-2010 18:54:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Զանազան քրոնիկագիրներու կարգին Մէհմէտ Ալի Պիրանտն ալ Փոսթա թերթի իր սիւնակին մէջ կը քննադատէ Օկիւն Սամասթի մասին ընդունուած վերջին որոշումը ըստ որու ան պիտի դատուի մանկանց դատարանի մօտ։ Քանի որ տարիքը ոճիրի ընթացքին 18էն վար էր, Հրանդ Տինքի ոճրագործը պիտի դատուի մանուկներու դատարանի մը մօտ եւ պիտի դատուի առանձինն՝ որպէսզի անոր հոգեբանութիւնը չխանգարուի։ »Ինչ ընենք որ օրէնքը այսպէս կը տնօրինէ« կ’ըսէ Պիրանտ ու կ’աւելցնէ որ հանրային կարծիքը ընդվզում ցոյց տուաւ այս անգամ քանի որ խնդրոյ առարկայ է Հրանդ Տինքի դէմ սպանդ մը։ Արդէն այս ոճիրը ամօթ մըն է Թուրքիոյ համար ու հիմա մարդիկ բոլորովին կ’ընդվզին երբ այս ամօթին վրայ կ’աւելնան օրէնքի պարապութիւններ։ Պիրանտ կը գրէ որ շատ կը մտահոգուի որ այս գնացքով օր մը թերեւս նոյնիսկ պիտի ստիպուինք ներողութիւն խնդրել Օկիւն Սամասթէն։ ՖՖԷԹՀԻՅԷ ՉԷԹԻՆԻ ԴԻՄՈՒՄԸ Հրանդ Տինքի փաստաբաններէն Ֆէթհիյէ Չէթին դիմում կատարեց որպէսզի Օկիւն Սամասթի թղթածրարը չանջատուի ընդհանուր թղթածրարէն ու դատավարութիւնը դարձեալ շարունակուի սովորական դատարանի մէջ։ Փաստաբանը դիտել տուաւ որ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն, եթէ հարկ տեսնուի, թղթածրարները կրնան միանալ ու դատը կրնայ շարունակուիլ սովորական դատարանի մէջ։ Ըստ Չէթինի, Հրանդ Տինքի դատավարութեան պարագան յարմար է օրէնքի այդ տրամադրութեան, ուստի դատը պէտք է շարունակուի առաջուան պէս սովորական դատարանի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը