»ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՖԻԱ. ԱՅԼԱՏԵԱՑՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ«


»ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՖԻԱ. ԱՅԼԱՏԵԱՑՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ«

  • 26-10-2010 14:36:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մինչ ամերիկեան թերթեր կը շարունակեն լայն սիւնակներ յատկացնել այսպէս կոչուած »հայկական մաֆիա«ի հետ կապուած լուրերուն, Ֆլորիտա նահանգի մէջ երեւան հանուած գումարի յափշտակութեան նոր դէպք մը եկաւ կրկին ցնցել երկիրը։ Այսպէս՝ 21 Հոկտեմբերին Էֆ Պի Այի 160 աշխատակիցներ քննութիւններ իրականացուցին Ամէրիքըն Թէրափէթիք Քորփորէյշըն-ի երկու հիւանդանոցներու մէջ )հոգեբուժական հիւանդանոցներու խոշորագոյն ցանց՝ Ամերիկայէն ներս_։ Հիւանդանոցի սեփականատէրերու եւ կառավարիչներու դէմ մեղադրանք ներկայացուեցաւ մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ զեղծարարութիւններուն առընչակից ըլլալու ամբաստանութեամբ։ Արդարադատութեան գլխաւոր դատախազի օգնական Լէնի Պրէյըր յայտարարեց որ կարգ մը հիւանդներ տեղեկութիւն իսկ չեն ունեցած թէ ո՞ւր կը գնուին եւ ի՞նչ կը կատարուի իրենց շուրջ։ Հիւանդները ինքնուրոյն չէին կրնար սնանիլ եւ կը կառավարել իրենց ֆիզիքական պահանջները։ Զեղծարարութեան տարողութիւնը՝ 200 միլիոն տոլար, ակամայ յիշեցուց տասը օր առաջ երեւան հանուած »հայկական մաֆիա«ի գործը, ուր զեղծարարութիւններէն ստացուած գումարը կը հասնէր 163 միլիոն տոլարի։ Ամերիկեան իշխանութիւնները այս յափշտակութեան գործը կը նկատէին ամենամեծ խմբային յանցանքը՝ առողջապահութեան ապահովագրութեան՝ Մէտիքէրի ոլորտէն ներս։ Ամերիկայի ու ամբողջ աշխարհի լրատուամիջոցները բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուցած էին այդ դէպքի առընչութեամբ, ցնցիչ խորագրեր կցելով անոնց։ Բայց հիմա յայտնի կը դառնայ որ »Ամէրիքան Թէրափէթիք«ը ո՛չ միայն Մէտիքէրի ամենամեծ բաժնետէրն է հոգեբուժութեան մարզէն ներս, այլ նաեւ ծանօթ է Ուաշինկթընի մէջ իր լոպիական աշխոյժ գործունէութեամբ ու կապերով՝ քոնկրէսականներու ու քաղաքական այլ գործիչներու հետ։ Հակառակ որ Ֆլորիտայի մէջ երեւան հանուած դէպքը իր տարողութեամբ զգալիօրէն կը գերազանցէ »հայկական մաֆիա«ի գործունէութիւնը եւ դաժան վերաբերում ցոյց տրուած է հիւանդներու նկատմամբ, սակայն լրատուամիջոցներու մէջ այդ մասին տեղեկութիւնները նուազ զգայացունց են, քան »հայկական«ը։ Առաջատար գրեթէ ո՛չ մէկ թերթ անդրադարձած է Ամէրիքըն Թէրափէթիք-ի գործին։ Մէտիքէր եւ Մէտիքէտ Սէրվիս ընկերակցութիւններու մեքենայութիւններու դէմ պայքարի առողջապահութեան ազգային պիւրոյի գործադիր տնօրէնի խօսքով, համակարգէն ներս յանցագործներու գործողութիւններու պատճառով ամենամեայ կորուստները կը կազմեն 65 միլիոն տոլար։ Այս խորքի վրայ »հայկական մաֆիայի բժշկական մեքենայութիւնները« ընդամէնը կաթիլ մըն են ծովուն մէջ։ Այդ պարագային, ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ այս անհիմն շոուն Ամերիկայի ամենափոքր էթնիք խումբերէն մէկուն շուրջ եւ մամուլի մէջ կը գործածուին այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպիսին են »հայկական մաֆիա«, »հայ յանցագործներ«, »հայկական մեքենայութիւն», »հայ քրէական հեղինակութիւն«։ Ամերիկեան առողջապահական համակարգի մէջ վաղուց բոյն դրած հարցի պատասխանատուութիւնը էթնիք փոքրամասնութեան վրայ բեռցնելու փորձէն կա՛մ այլատեացութեան հոտ կուգայ կամ քաղաքական այլ նպատակներ կը հետապնդէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը