ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՋԱԿՈՂՄԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ


ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՋԱԿՈՂՄԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

  • 25-10-2010 16:49:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Եւրոպայի Ծայրայեղ Աջակողմեան Կուսակցութիւնները Վիեննայի մէջ կայացած ժողովի մը ընթացքին որոշեցին դիմադրել Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան։ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը սխալ որոշում մը նկատուեցաւ, մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ժողովին տանտէրի պարտականութիւն կատարող Աւստրիոյ Ազատութիւններու Կուսակցութեան ղեկավար Հայնց Քրիստիան Շթրախէ յայտնեց որ ձեռք ձեռքի տալով պիտի պայքարին որպէսզի Եւրոմիութեան սխալ որոշումներուն արգելք հանդիսանան։ Այս գործակցութեան առաջին նիւթերէն մէկն ալ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ Եւրոմիութեան ամբողջ աշխարհագրութեան վրայ ժողովրդական հանրաքուէի մը կազմակերպումը։ Շթրախէ դիտել տուաւ որ իրենք բոլորովին դէմ են Թուրքիոյ անդամակցութեան ու Եւրոմիութիւնը օր մը իր վախճանը կը գտնէ եթէ հոնկէ ներս ընդունուին նաեւ ոչ-եւրոպացի պետութիւնները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը