ՓԻՔՆԻՔ ԸՆՈՂՆԵՐՈՒ ԿՐԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ ՕՐԷ ՕՐ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ


ՓԻՔՆԻՔ ԸՆՈՂՆԵՐՈՒ ԿՐԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ ՕՐԷ ՕՐ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ

  • 25-10-2010 16:48:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երկրագունտի Ժառանգութեան Հիմնարկ կոչուած կազմակերպութիւնը որուն կեդրոնը կը գտնուի Լոս Անճէլըսի մէջ, Կարսի Անիի աւերակները դասեց այն կեդրոններու շարքին, որոնք ոչնչացման վտանգի հետ դէմ յանդիման կը գտնուին։ Կազմակերպութիւնը պատրաստած էր »Պաշտպանել անհետացող մեր ժառանգութիւնները« խորագրեալ տեղեկագիր մը, ուր կը խօսի նաեւ Անիի աւերակներուն մասին, զայն ներկայացնելով որպէս Անատոլուի քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին վրայ կարեւոր կեդրոն։ Տեղեկագրին մէջ կը պնդուի որ Անիի աւերակները կը գտնուին ամէնէն առաջ հոն փիքնիք ընողներու ու կրակարան վառողներու կողմէ կատարուած հետեւողական քանդումի մը վտանգին տակ։ Պնդուեցաւ որ Անիի մէջ նորոգութիւնները արհեստավարժ ու մասնագիտական մերձեցումով չեն կատարուիր, այս վայրը պետական պաշտպանութեան վայր չէ դարձած, շարունակ կը քանդուի փիքնիք ընողներու, այցելողներու կամ հոն ապօրէն բնակութիւն հաստատած մարդոց կողմէ։ Տեղեկագրին մէջ Անիին յատկացուած է երկու էջ, ուր դիտել կը տրուի որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող այս աւերակները Միջնադարեան Եւրոպական ճարտարապետութեան մէկ օրրանը կը կազմեն։ 10րդ եւ 11րդ դարերուն հայերու կողմէ հիմնուած համալիրը որպէս ներշնչում ծառայած է Եւրոպայի մէջ կառուցուած բազմաթիւ Մայր Տաճարներու համար, եւ կը պարունակէ քանի մը երկվեցեակ եկեղեցիներ ու յարակից շէնքեր։ Այսօր աւերակի վերածուած է, որովհետեւ այդ շրջաններէն ասդին մնացած է առանց պաշտպանութեան, եւ հիմա ան կը ջանայ ինքզինք պաշտպանել թալանիչներէ ու քանդողներէ։ Անիի վերակառուցման համար կատարուած քանի մը փորձերը ապարդիւն մնացած են եւ արդէն կազմակերպուած են ոչ-արհեստավարժ մերձեցումով։ Անհրաժեշտ է որ գործի լծուին արհեստավարժ մասնագէտներ, որոնք պիտի փրկեն ո՛չ միայն Անիի աւերակները, այլ նաեւ ամբողջ շրջապատը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը