ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ


ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

  • 25-10-2010 16:45:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 2-17 Հոկտեմբերի միջեւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուեցաւ »փաստագրական լուսանկարներ«ու ցուցահանդէս մը, որու շրջագծով ներկայացուեցաւ Իսթանպուլի մէջ ապրող հայաստանցիներու դժուարին կեանքն ու կենցաղը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական »Պիանէթ« կայքէջը։ Ցուցահանդէսին, Իսթանպուլի մէջ ապրող հայաստանցիներու կեանքի մասին պատմող լուսանկարներու շարքը կը կրէ »Իմ անունը մարդ է« խորագիրը եւ ներկայացուած է Իսթանպուլահայ Անըլ Չիզմէճիօղլուի կողմէ։ Լուսանկարչուհին իր աշխատանքներու շարքը ներկայացուց, ըսելով հետեւեալը. »Խորհրդային Միութեան անկումէն եւ 1988ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք Հայաստանի մէջ տնտեսութեան վիճակը վատթարացաւ եւ գործազրկութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Մարդիկ ստիպուեցան աշխատանք գտնելու համար արտասահման մեկնիլ։ Իսթանպուլ ժամանած հայաստանցիները գլխաւորաբար կը բնակին Գումգաբուի, Կէտիկփաշայի, Աքսարայի պէս թաղամասերու մէջ եւ կ’աշխատին գործարաններու ու արհեստանոցներու մէջ, կը խնամեն ծերունիներ եւ մանուկներ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը