Մամուլի հաիաստութեան համար


Մամուլի հաիաստութեան համար

  • 25-10-2010 01:11:19   |   |  Յօդուածներ
Հայրենի լրատուամիջոցներէն շատեր վարքագծային հետեւողականութեամբ կը շարունակեն ծայրայեղօրէն քաղաքականցնել իւրաքանչիւր իրադրութիւն: Մեկնաբանութիւնները իւրաքանչիւր պատահարի գերքաղաքական են եւ ընդգծուած ձեւով միայն բացասական երանգներ կը հաղորդեն Հայաստանի արտաքին թէ ներքին քաղաքական դաշտերուն վրայ արձանագրուող դիպաշարերուն: Առարկայական լրատուութիւնը տեղը զիջած է սուր քարոզչութեան կամ հակաքարոզչութեան: Եւ եթէ տուեալ քարոզչամիջոցը կովկասեան Զուիցերիա կ՛ուզէ ներկայացնել մեր երկիրը, ապա շատ շատեր միայն մութ գոյնի ակնոցներով կ՛ուզեն դիտել իւրաքխանչիւր իրադրութիւն: Ընդդիմադիր լրատուադաշտի նկատառելի թիւով ներկայացուցիչներ ցնծութիւն ապրելու տպաւորութիւնը կը ձգէին, երբ միջազգաին ատեաններու մէջ հակահայ բանաձեւեր կ՛որդեգրուէին: Եւ տրուած ըլլալով, որ դեղատոմսեր չէին առաջարկուեր, այլ միայն կը հարուածուէր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան վարչակառավարման դրութիւնը , համոզիչ կը դառնար որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մրցապայքարին մէջ պարզապէս առաւելներ շահելու պահի օգտագործում էր եղածը: Ի հարկ է, նկատառելի թուոլութիւն կար Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան գործունէութեան, հարցերուն հետեւելու, հակազդելու եւ նախաձեռնելու ուղղութիւններուն մէջ: Առարկայական գնահատականի փորձը սակայն այս բացթողումներին կողքին պիտի տեսնէր նաեւ հակառակորդին արտակարգ աշխուժացումը եւ անոր առընթեր միջազգային քաղաքականութեան համապատասխան ենթահողի ձեւաւորումը: Երկրորդ բաժինը չտեսնելը եւ մանաւանդ դեղատոմս չառաջարկելը` արտաքին հակառակորդի դիւանագիտական-քաղաքական մարտահրաւէրներուն դիմաց համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով, կը մատնէ արդէն սեւացրէքեան վարքագիծի շարժառիթները:Ի վերջոյ արձանագրուածը հարուած է պետութեան եւ ոչ թէ սոսկ իշխանութիւններուն: Անցնինք ներքին ոլորտ: Միացեալ նահանգներու մէջ վերջերս բացայայտուած նիւթական հսկայ գայթակղութիւնը շատ հասկնալիօրէն գրաւած է հայկական լրատուամիջոցներու թողարկած լրատուութիւններուն առաջին հորիզոնականները: Յայտնաբար տակաւին գաղտնազերծելի նիւթեր, թղթածրարներ գոյութիւն ունին: Տարատեսակ կարծիքներ չկան, թէ նման արարքներ կ՛աղաւաղեն հայութեան հաւաքական նկարագիրը, տպաւորութիւն-համոզում կը կազմեն տեղւոյն հասարակութիւններուն մօտ հայ զանգուածին նկատմամբ աւելիով ամրացնելով արդէն իսկ ձեւաւորուած կարծրատիպերը այս մասին: Յանցագործները, ամբաստանութիւնները հաստատուելու պարագային, արժանի են ամենածանր դատապարտանքի: Այս հսկայ գայթակղութեան մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները հոս կանգ չեն առներ սակայն: Գերքաղաքականացման փորձութիւնները իրենք զիրենք կը պարտադրեն եւ տակաւին տեղւոյն իրաւապահ կամ դատական մարմիններու կողմէ առանց որեւէ նախնական յայտարարութեան սպասելու հարա-հրոցը կը սկսի հայկական կողմն աշխարհի: Լրագրողական հարթութեան վրայ վհուկներու որսի կը ձեռնարկուի հասնելու համար ներիշխանական ոլորտներ` այնտեղ որոնելու համար յանցագործներուն գործընկերները կամ ուղղակի գործին պատասխանատուները: Ի հարկ է չէ բացառուած, որ նմանատիպ եզրայանգումներ կատարուին: Սակայն խնդիրը ժամանակէն առաջ հրապարակ գալով ակնկալե՛լն է, որ այդպիսի բան պատահի: Որ խայտառակութիւնը չսահմանափակուի Քալիֆորնիոյ մէջ, հասնի Երեւան: Հասնելով Երեւան առիթի վերածուի, որ արտաքին ճնշումները շատնան Հայաստանի պետութեան վրայ: Այժմ ռազմական ոլորտ: Հայկական բանակին մէջ արձանագրուող պատահարները իւրաքանչիւր հայու համար մտահոգութծիւն է, ցաւ է: Կտրուկ միջամտութիւններով անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի հնարաւորինս կանխարգիլելու նման երեւոյթներու ծաւալումը: Հրադադարի անվերջանալի խախտումներու, ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններու վերսկսման, ռազմատենչ հռետորաբանութեան զարգացման եւ պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան բարձրացման ընդհանուր մթնոլորտին մէջ թոյլատրելի չեն բարոյահոգեբանական անկումի առաջնորդող նման պատահարները: Նոյնքան եւ աւելի սակայն թոյլատրելի չէ տակաւին պատերազմկաան կարգավիճակի մէջ գտնուող մեր երկրի բանակը վատաբանելը, քաղաքական առաւելներ շահելու համար բանակի մարտունակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելը, խծբծելը: Այս մօտեցումները հեռու են կառուցողականութենէ. հեռու են սրբագրութեան միտումէ: Նշուածները պարզապէս ամենահրատապ խնդիրներուն կը վերաբերին: Այլ օրինակներ կան եւ կը թուի ,թէ պիտի ըլլան տակաւին: Պետութիւնն ու իշխանութիւնները գիտակցօրէն սահմանազատելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Խծբծանքն ու կառուցողական քննադատութիւնը իրարմէ տարբերելը արդարօրէն ակնկալելի է: Այլապէս, միայն ծայրայեղ բացասական երանգներ հաղորդելու այսօրուան մօտեցումները խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մամուլի կամ լրատուամիջոցի հաւաստիութիւնը: Իսկ հաւաստի, ազատ եւ պատասխանատու մամուլը անհրաժեշտ է քաղաքացիական առողջ հասարակարգի կայացման համար: Անիկա իր կարգին` հզօր, ժողովրդավար պետութեան համար: ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ "Ազդակ"-ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ