Յարութ Սասունեան.Ամօ՛թ Գերմանիոյ Վարչապետ Մերքելին՝ Էրտողանի Սպառնալիքներուն Դիմաց Տեղի Տալուն Համար


Յարութ Սասունեան.Ամօ՛թ Գերմանիոյ Վարչապետ Մերքելին՝ Էրտողանի Սպառնալիքներուն Դիմաց Տեղի Տալուն Համար

  • 22-04-2016 17:15:37   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Շատ վատ է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը փափաքի դատի տալ գերմանացի երգիծաբանը՝ զինք վիրաւորած ըլլալուն համար…: Սակայն աւելի մեծ խայտառակութիւնը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի թոյլտուութիւնն է դատական գործընթաց սկսելու՝ 19-րդ դարու օրէնքի հիման վրայ…
 
Ըստ այս հին օրէնքին՝ ամէն անձ, որ կը վիրաւորէ որեւէ օտարերկրացի ղեկավար, կրնայ դատական կարգով պատասխանատուութեան ենթարկուիլ՝ Գերմանիոյ կառավարութեան համաձայնութիւնը ստանալէն ետք: Այժմ Էրտողան ամբողջացուց Իրանի շահ Մոհամմէտ Ռեզա Փահլաւիի եւ Չիլիի առաջնորդ Աւկուսթօ Փինոչէթի բռնատիրական շարքերը, որոնք համանման դատական հայցեր ներկայացուցած էին Գերմանիոյ մէջ:
 
Սկիզբը Մերքել կը պաշտպանէր Գերմանիոյ քաղաքացիին՝ ազատ մամուլի եւ կարծիքի արտայայտման իրաւունքը՝ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ անմարդկային օրէնքներուն, սակայն անամօթաբար ընկրկեցաւ Էրտողանի առջեւ, երբ այս վերջինը սպառնաց Եւրոպան հեղեղել Սուրիոյ փախստականներով՝ անոնց արտահոսքը կանխելու նպատակով քանի մը միլիառ տոլար ստանալէ ետք…
 
Կը թուի, թէ Մերքել, Օպամա եւ ուրիշներ չեն հասկնար, որ ամբարտաւանին զիջումներ ընելը կը յանգեցնէ աւելի շատ սպառնալիքներու: Զայն կանգնեցնելու միակ միջոցը պարզապէս «ոչ» ըսելն է: Բնականաբար, Էրտողան հիստերիայի մէջ կ՛իյնայ, ինչպէս շփացած երեխայ՝ կը սպառնայ եւ, հաւանաբար, յետս կը կոչէ իր դեսպանը…: Սակայն, որոշ ժամանակ անց, ան կը սորվի, որ չի կրնար իր կամքը պարտադրել Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, եւ որ մնացեալ աշխարհը երբեք ալ պիտի չենթարկուի իր սուլթանական հրահանգներուն…
 
Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ ամերիկեան, բրիտանական եւ իսրայէլեան ղեկավարները  միեւնոյն նուաստացուցիչ սխալը թոյլ կու տան՝ խոնարհելով Էրտողանի եւ անոր նախորդներուն սպառնալիքներուն առջեւ՝ չարտասանելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Եթէ առաջին օրէն այդ ղեկավարները պարզապէս «ոչ» ըսէին, ապա իրենք զիրենք կ՛ազատէին տարիներ շարունակ հնչող սպառնալիքներէն…: Ցաւօք, անոնք թոյլ կու տան, որ «պոչը թափահարէ շունը»...
 
Ներկայիս Մերքել սայթաքեր է՝ թուրք ամբարտաւանին հանգստացնելու համար: Ան կոպիտ սխալ ըրած է՝ թոյլ տալով գերմանացի երգիծաբանի հետապնդումը՝ Էրտողանի բարեկամութիւնը շահելու համար…: Շուտով Թուրքիոյ նախագահը նոր պահանջներ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ վարչապետին՝ սուրիացի փախստականներու եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ օրինակ, Յունիսին Պունտեսթակի մէջ նախատեսուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին քուէարկութիւնը, որ արդէն քանի մը անգամ յետաձգուած է թրքական սպառնալիքներու պատճառով:  
 
Մերքելի անխոհեմ եւ հակաժողովրդավարական քայլը կրնայ պառակտել «մեծն դաշնակցային» կառավարութիւնը: Գերմանիոյ խորհրդարանի ձախ կեդրոնամէտ սոցեալ-դեմոկրատներու առաջնորդ Թոմաս Օպըրման քննադատեր է անոր որոշումը՝ կոչ ընելով վարչապետին չեղեալ համարել հինցած օրէնքը: Օպըրման զգուշացուցած է ըսելով, որ օտարերկրացի պետութիւններու ղեկավարները պէտք չէ օգտուին յատուկ իրաւունքներէ, Գերմանիոյ քաղաքացիները դատի տալու համար:
 
Մերքելի կառավարութեան երկու ազդեցիկ նախարարները եւս ընդդիմացած են անոր այս որոշումին: Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը եւ արդարադատութեան նախարար Հէյքօ Մաաս յայտարարած են. «Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը, լրատուական միջոցները եւ մշակոյթը մեր Սահմանադրութեան ամէնէն մեծ հարստութիւնն են»:
 
Բացի այդ, ըստ վերջին հարցախոյզի, գերմանական հանրութեան երկու երրորդը դէմ է երգիծաբանը դատելու Մերքելի որոշումին: Իսկ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին երկրի վարչապետին վարկանիշը 56 տոկոսէն իջած է 45-ի: Ըստ մէկ այլ հարցումի՝ հարցուածներու 66 տոկոսը դէմ է երգիծաբանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելուն, եւ միայն 22 տոկոսն է կողմ՝ ատոր: Գերմանական ZDF հեռատեսիլի կայանը, որ ցուցադրած է Էրտողանի մասին երգիծաբանին տեսանիւթը, լիակատար իրաւական աջակցութիւն խոստացած է նախաքննութեան ընթացքին:
 
Եւրոպական Յանձնախումբի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր նոյնպէս քննադատած է Էրտողանի անընդունելի, անհանդուրժողական արձագանգը: Ըստ թրքական «Հիւրիէթ» թերթի՝ Եունքէր խոստացեր է փոխադարձ զիջման չերթալ եւրոպական արժէքներու հարցով՝ Անգարայի գաղթականական հոսքերը կանգնեցնելու դիմաց: «Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս կրնան Գերմանիոյ դեսպանին բողոքել՝ երգիծական վարկաբեկիչ երգի մը համար», ըսեր է Եունքէր, 13 Ապրիլին: «Այս արարքը Թուրքիան աւելի չի մօտեցներ մեզի, այլ աւելի կը հեռացնէ մեզ իրարմէ»:
 
Ինչպէս որ կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը՝ Թուրքիոյ մէջ Էրտողան գրեթէ 2000 բողոք  ներկայացուցած է՝ զինք վիրաւորելու յանցանքով մեղադրուող մարդոց դէմ: Թուրքիոյ նախագահը արդէն մասնաւոր հայց ներկայացուցած է գերմանական դատարան՝ ընդդէմ երգիծաբանին, որուն կը սպառնայ երեք տարուան բանտարկութիւն կամ անորոշ քանակով տուգանք՝ մեղաւորութիւնը հաստատուելու պարագային:
 
Երգիծաբան Եան Պոհմերման իր երգիծական բանաստեղծութեան մէջ կ՛ակնարկէ այծերու հետ սեռական յարաբերութիւններու եւ փոքրամասնութիւններուն ճնշելու մասին: Ան Էրտողանը անուանած է «սիւնի պէս խուլ, վախկոտ, կատաղած» եւ «այլասերուած, ոջլոտ.... մանկական սեռային ժապաւէններ դիտելու պահուն քիւրտերուն քացի տուող եւ քրիստոնեաները հարուածող»:
 
Անկախ անկէ, թէ որքան վիրաւորական կրնայ ըլլալ բանաստեղծութիւնը, գրողը պէտք է իրաւունք ունենայ ազատօրէն արտայայտելու իր կարծիքը: Մէկ բան է՝ երրորդ աշխարհի բռնատիրական ղեկավար Էրտողանի համար, ճնշել լրատուական միջոցները, եւ բոլորովին մէկ ուրիշ բան՝ արեւմտաեւրոպական ժողովրդավարական մեծ երկրի մը ղեկավարի համար, կողմնակից ըլլալ մերձաւոր արեւելեան ֆաշիստական պետութեան սուլթանին հետ: Այս առումով, Մերքելի արարքը շատ աւելի դատապարտելի է, քան Էրտողանինը...
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնէ թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ