Յարութ Սասունեան. Քիւրտ Երեսփոխանին Կրակոտ Ելոյթը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ


Յարութ Սասունեան. Քիւրտ Երեսփոխանին Կրակոտ Ելոյթը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

  • 19-05-2016 14:30:25   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջին օրերուն համացանցի վրայ շրջան կ՛ընեն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ եւ քիւրտ երեսփոխաններու խիստ քննադատական ելոյթները: Անցեալ շաբաթ ներկայացուցած էի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի համարձակ ելոյթը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Իսկ այս շաբաթ կը փափաքիմ ընթերցողներուս ուշադրութեան յանձնել մէկ այլ խիզախ ելոյթ, որով հանդէս եկած է քիւրտ կին երեսփոխան Կիւլթան Քըշանաք: Թէեւ տեսանիւթը միայն վերջերս յայտնուած է համացանցի վրայ, սակայն անոր ելոյթը տեղի ունեցած է Յունուար 2012ին՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Քիւրտիստանի Ռոպոսքի գիւղին մէջ թուրք զինուորականներու իրականացուցած 35 քիւրտ երիտասարդ բնակիչներու կոտորածէն կարճ ժամանակ անց…    
Ահա հատուածներ քիւրտ երեսփոխանի ուշագրաւ ելոյթէն.
«….Ես կասկածի տակ կ՛առնեմ մարդկայնութիւնը, իսլամական կրօնքը եւ հաւատքը բոլոր անոնց, որոնք վիշտ կամ ամօթ չեն զգար այս իրավիճակի համար եւ իրենք զիրենք մահմետական կ՛անուանեն անոնք, որոնք հաշիւ չեն տար իրենց այս իրավիճակի համար: Բոլորին յայտնի է, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Արդեօք ձեր խիղճը այդքա՞ն կուրացած է: Արդեօք սա՞ կը համարէք մարդկայնութիւն…: Ինչպէ՞ս կրնաք այդքան անտարբեր եւ անհոգ ըլլալ 35 մարդոց կոտորածին հանդէպ: Ինչպէ՞ս կրնաք այդքան անմարդկային ըլլալ: Առաջին հերթին, ոտքի ելէք եւ ներողութիւն խնդրեցէք. ցաւեցէք, եթէ, ինչպէս կը պնդէք, դուք մարդկային արարածներ էք, եթէ խիղճ ունիք: Բայց դուք ասոնցմէ ոչ մէկը կ՛ընէք, այլ փոխարէնը՝ այնպէս կը վարուիք, որ կարծես թէ ճանճ մը կամ քանի մը հաւ սատկած է «դժբախտ պատահարէն»: Ամօ՛թ ձեզի…: 90 տարի այս երկիրը ահաբեկչութիւնը իբրեւ պատրուակ օգտագործած է եւ բազմաթիւ կոտորածներ իրականացուցած…: Դուք կը փորձէք ոչնչացնել քիւրտ ժողովուրդը…: Ոչ մէկ ահաբեկչութիւն կայ…: Այս երկրի զինուորական գումարտակի ղեկավարը կ՛ըսէ. «Մենք սպաններ ենք 40 հազար մարդ: Մենք բազմիցս ռմբակոծեր ենք լեռները, բայց այս խնդիրը դեռ չի վերջանար»: Դուք տակաւին անկարող էք հասկնալու այս ճշմարտութիւնը…: Հոն մարդիկ կան, որոնք իրաւունքներ ունին…: Կան մարդիկ, որոնց ինքնութիւնը կը մերժուի…: Կայ քրտական հարց: Չկայ ահաբեկչութեան հարց….»:
Քիւրտ երեսփոխանը շարունակեց իր ելոյթը՝ օգտագործելով աւելի խիստ բառեր. «Մենք պիտի ստիպենք, որ դուք ասոր համար սուղ գին վճարէք…: Անոնք, ովքեր օր ցերեկով կոտորեր են խաղաղ բնակիչներ ոստիկանութեան աչալուրջ հայեացքի տակ, եւ անոնք, ովքեր կը կարծեն, թէ կրնան շրջանցել 35 մարդու սպանութիւնը եւ սպառնալ քիւրտերուն, շուտով կը գիտակցին, որ այս ջարդերուն մէջ իրենք են պարտուողները…: Ոչ ոք մահէն կը վախնայ…: Մահէն աւելի ի՞նչ կայ….: Ինչպէ՞ս կը յանդգնիք դուք ձեզ մեզմէ բարձր դասել…: Ինչո՞վ մեզմէ առաւել էք: Ինչո՞վ թուրքերը առաւել են քիւրտերէն: Ինչո՞վ էին գերմանացիները առաւել հրեաներէն…: Իբրեւ այս երկրի հաւասար քաղաքացիներ, իւրաքանչիւր ոք կը պատրաստուի ազատօրէն քաղաքացիական իրաւունքներ ունենալ իր իսկական ինքնութեամբ: Կողք-կողքի ապրելով իբրեւ ազատ պատուաւոր քաղաքացի, մենք երբեք չենք ընդունիր անպատուըուած ըլլալու հանգամանքը: Երբեք…: Եթէ դուք նոյնիսկ հազարաւոր ջարդեր իրականացնէք, մենք այդ երբեք չենք ընդունիր»: 
Երբ իշխանամէտ երեսփոխան մը փորձեց ընդհատել Քըշանաքի ելոյթը, քիւրտ երեսփոխանը գոռաց անոր վրայ. «Ձայնդ կտրէ՛: Դուք նոյնիսկ ուժ չգտաք դատապարտելու այս ջարդը: Լռէ՛»:
Քըշանաք, որ այժմ Տիարպեքիրի համաքաղաքապետն է, շարունակեց իր ելոյթը. «Մարդուն մէկը [Էրտողանը] կ՛ըսէ». Մենք չենք պատրաստուիր անոնց [քիւրտերուն] թոյլ տալ բնակութիւն հաստատել այդ շրջաններուն մէջ»: Ի՞նչ բնակութիւն հաստատել: Մենք հազար տարիէ աւելի հոս ենք:  Մենք խոր արմատներ ձգած ենք այդ քարափներուն, ժայռերուն մէջ, Քուդի, Գաբար, Ագրի [Արարատ] եւ Մունզուր լեռներուն մէջ: Մենք ատոնց խորքերուն մէջ ենք: Մենք հոս ենք եւ եղած ենք  պատմութեան սկիզբէն ի վեր եւ կը պատրաստուինք հոս ըլլալ մինչեւ վերջ…: Ի՞նչ «բնակութիւն հաստատել»: Մենք հոս արմատաւորուած ենք սկիզբէն ի վեր: Մեր նախնիները, պապերը եւ գերեզմանոցները, բոլորը հոս են: Մեր լեզուն, մշակոյթը հոս են: Ի՞նչ «բնակութիւն հաստատելու» մասին է խօսքը…: Անոնք կը ցանկան ձուլել եւ ոչնչացնել քիւրտ բնակչութիւնը, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոս կ՛ապրի»: 
 Թուրքերու կողմէ 35 քիւրտերու սպանութիւնը անուանելով «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն»՝ Քըշանաք շարունակեց. «Մենք թոյլ չենք տար՝ այդ շարունակուի…: Մենք պիտի օգտագործենք միջազգային բոլոր հնարաւոր մարդու իրաւունքները, որպէսզի անոնք հաշիւ տան իրենց ոճրագործութիւններուն համար: Բոլոր անոնք, ովքեր ղեկավարած են այդ, հրամաններ արձակած, ռմբակոծած տարածքը, բզկտած երեխաներու մարմինները, այդ բոլորին համար պատասխան պիտի տան հանրութեան առջեւ: Մարդուն մէկը ըսեր է. «չկայ մտադրութիւն, չկայ ներողութիւն», սակայն «կայ հատուցում»: Ամչցէ՛ք դուք ձեզմէ: Գիտէ՞ք, թէ ասիկա ինչ կը կոչուի մեր [քրտական] մշակոյթին մէջ. արիւնոտ դրամներ: Եթէ ես դրամ ունիմ, ես կրնամ ոճիր գործել եւ դրամ վճարել զայն քողարկելու համար: Ուստի, դուք կը կարծէք, որ կրնաք սպաննել, յետոյ վճարել եւ փորձել քողարկե՞լ: Ամչցէ՛ք դուք ձեզմէ...»:
Խորհրդարանի խօսնակը անջատեց քիւրտ խիզախ երեսփոխանի խօսափողը՝ ստիպելով անոր ընդհատել ելոյթը…
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ