Յարութ Սասունեան.Դատաւորը Էրտողանը Անուանեց «Խելագար Նախագահ»՝ Հայերու Հայցով Դատավարութեան Ընթացքին


Յարութ Սասունեան.Դատաւորը Էրտողանը Անուանեց «Խելագար Նախագահ»՝ Հայերու Հայցով Դատավարութեան Ընթացքին

  • 17-08-2016 14:09:48   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Միացեալ Նահանգներու իններորդ ցանցի վերաքննիչ դատարանը Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ, Օգոստոսի 4-ին լսեց բանաւոր փաստարկներ երկու դատական հայցերու առնչութեամբ՝ Թուրքիոյ կողմէ 1915-1923 թուականներուն բռնագրաւուած հայկական կալուածներու վերաբերեալ. Պաքալեան եւ Տաւոյեան ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր Կեդրոնական ու «Զիրաաթ» դրամատուներուն: 2013-ին շրջանային դատարանը մերժած էր այս երկու հայցերը՝ հիմնաւորելով, որ իրենք գործ ունէին քաղաքական հարցի մը հետ, որ ոչ թէ դատարաններու, այլ ընտրուած պաշտօնեաներու ենթակայութեան տակ էր: 
 
Դատարանին մէջ հայ հայցուորները կը ներկայացնէին Քեթրըն Լի Պոյտը (Brownstein Hyatt Farber Schreck) եւ Մարք Կիրակոսը (Geragos & Geragos): Թրքական կողմը կը ներկայացնէր Նիլ Սալթմընը (Mayer Brown): Դաշնային վերաքննիչ դատարանի դատաւորներու կազմին մէջ էին Ալեքս Քոզինսքի, Սթիւըն Ռայնհարտ եւ Քիմ Ուըրտլոն: 
 
Երեք դատաւորներն ալ յայտարարեցին, որ ինքնիշխան պետութիւնը իրաւունք ունի գրաւելու իր քաղաքացիներուն սեփականութիւնը, եւ ամերիկեան դատարանը իրաւասու չէ միջամտելու նման դէպքերու, բացի եթէ ատոնք ուղեկցուած են միջազգային իրաւունքի խախտումներով կամ ցեղասպանութեամբ: 
 
Դատաւոր Քոզինսքի քանի մը անգամ կասկածի տակ դրաւ իրաւաչափութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յղումներու, քանի որ երկու հայկական հայցերէն մէկուն մէջ այդ նշուած էր իբրեւ հայց ներկայացնելու հիմքերէն մէկը: «Մեր կառավարութիւնը դէմ է սա ցեղասպանութիւն կոչելուն: Կրնամ ըսել, որ մեր կառավարութիւնը բաւականին անդրդուելի եղած է, որ սա ցեղասպանութիւն չէ», պնդեց դատաւոր Քոզինսքի: «Դաշնային դատարանները ստիպուած պէտք է ընդունին դիրքորոշում մը, որ կրնայ հակասել այն դիրքորոշման, որուն տասնամեակներ շարունակ յարած է մեր կառավարութիւնը, անոր գործադիր իշխանութիւնը»: 
 
Երբ Մարք Կիրակոս տեղեկացուց դատաւոր Քոզինսքիի, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատը եւ թէ նախագահ Ռեկըն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատաւոր Քոզինսքի տարօրինակ պատասխան տուաւ. «Նախագահ Ռեկըն … տասնամեակներով նախագահ չէ եղած»: 
 
Դատաւորին մեկնաբանութիւնը անհեթեթութիւն էր: Ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման փաստերը չեն փոխուած, միայն այն պատճառով, որ այդ ողբերգական իրադարձութիւնները եւ ատոնց ճանաչումը տեղի ունեցած են տասնամեակներ առաջ…: Ի դէպ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1951 թուականին՝ Համաշխարհային դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթի մը մէջ:  
 
Դատաքննութեան ամբողջ ընթացքին, դատաւոր Քոզինսքի յամառօրէն կը հարցնէր հայցուորներու փաստաբաններուն, թէ արդեօ՞ք անոնք համաձայն են մէկ կողմ դնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը սոյն դատական հայցով: Ի վերջոյ, փաստաբան Կիրակոս համաձայնեցաւ, որպէսզի ճամբայ հարթէ հայցի քննարկման համար, մանաւանդ որ առկայ էին միջազգային իրաւունքի տասնեակ այլ խախտումներ թուրքերու կողմէ, որոնք կ՛ապահովէին իրաւասութեան պահանջները: 
 
Փաստաբան Պոյտ նշեց, որ անհրաժեշտութիւն չկայ ապացուցելու ցեղասպանութեան փաստը դատական հայց ներկայացնելու համար՝ ըստ 1976-ի «Արտաքին ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան աքթի» (FSIA): Իրականութեան մէջ, «մարդկութեան դէմ յանցանքները» նաեւ միջազգային իրաւունքի խախտումներ են: 1915 թուականի Մայիս 29-ին, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւ Ռուսիա հանդէս  եկած են համատեղ հռչակագրով՝ մեղադրելով թրքական իշխանաւորները «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանքներ» գործելու համար եւ զգուշացուցած, որ անոնք պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն այդ ոճրագործութիւններուն համար: 
 
Դատաւոր Քոզինսքի հարցուց նաեւ, թէ ո՞րն է հայցեր ներկայացնելու պատճառը այդ դէպքէն 100 տարի անց, որուն ի պատասխան Մարք Կիրակոս ըսաւ, որ ըստ FSIA-ի, վաղեմութեան ժամկէտ գոյութիւն չունի: Ան նաեւ նշեց, որ անցած ժամանակը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, քանի որ առկայ է «շարունակուող խախտում», որովհետեւ Թուրքիան պահած է այդ կալուածները եւ հաշուեգրուած վարձավճարներ չէ վճարած հայ սեփականատէրերուն, տասնամեակներ շարունակ:  
 
Կիրակոս նաեւ ըսաւ դատաւոր Քոզինսքիի, որ ինքնիշխան պետութեան կողմէ իր սեփական քաղաքացիներուն ունեցուածքի գրաւման հայեցակարգը այս դատական գործով չի կիրառուիր, քանի որ հայերը զրկուած են իրենց քաղաքացիութենէն թրքական պաշտօնական հրամանագրերով եւ արտաքսուած՝ երկրէն: 
 
Միայն այն բանէն ետք, երբ փաստաբան Պոյտ բացատրեց դատաւոր Քոզինսքիին, որ հայկական կալուածներու բռնագրաւումը թրքական կառավարութեան կողմէ եղած է «կամայական եւ խտրական», թուեցաւ, թէ դատաւորը հասկցաւ խնդիրը եւ ըսաւ թրքական կառավարութեան փաստաբան Նիլ Սալթմընին, որ տարբերութիւն կայ,  օրինակ, Քենեթիքըթի հանրային գերակայ շահի պատճառով տան գրաւման եւ որոշակի ցեղի կամ կրօնի պատկանող անձերու բոլոր տուներու գրաւման միջեւ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի խախտում է, եւ հետեւաբար օրինականօրէն դատելի է Միացեալ Նահանգներու դատարանէն ներս:  
 
Վերջապէս, դատաւոր Ուըրտլոնի երեւութապէս պատահական դիտողութիւնը՝ Թուրքիոյ նախագահը յիշատակելու իբրեւ «այս խելագար նախագահը», կրնայ նշանակել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ յոգնած են Էրտողանի «խելագար» արարքներէն եւ այսուհետեւ կը թոյլատրեն արդարադատութեան համակարգին՝ նկատի ունենալ մարդու իրաւունքներու թրքական կոպիտ խախտումներու հետ կապուած դատերը եւ չեն թաքնուիր քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած քողարկումներու ետին:   
 
Կ՛ակնկալուի, որ Դաշնային վերաքննիչ դատարանը իր որոշումը կը հրապարակէ յառաջիկայ ինիսուն օրուան ընթացքին:
 
  Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ