Յարութ Սասունեան. Քարոզչական Նուիրատուութի՞ւն ... Թէ՞ Օրինական Կաշառակերութիւն


Յարութ Սասունեան. Քարոզչական Նուիրատուութի՞ւն ... Թէ՞ Օրինական Կաշառակերութիւն

  • 30-09-2016 18:13:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Սոյն յօդուածը հիմնականին մէջ նախատեսուած է Միացեալ Նահանգներէն դուրս գտնուող ընթերցողներու համար, որոնք հաւանաբար ծանօթ չեն ամերիկեան քարոզչական նուիրատուութեան  օրէնքներուն: Հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ ամերիկացիները յաճախ կը շփոթեն քաղաքական նուիրատուութիւններու վերաբերեալ սահմանափակումներու բարդ կանոնները, որոնք տարբեր են տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային ընտրութիւններու պարագային:
 
Եկէք մանրամասն քննարկենք նուիրատուութիւնները՝ դաշնակցային ընտրութիւններու, ներառեալ նախագահականի համար: Մէկ անձի կողմէ նախագահի թեկնածուին տրուող նուիրատուութեան առաւելագոյն չափը կը կազմէ 2700 տոլար մէկ ընտրութեան համար: Մինչ ամերիկացիներու մեծ մասը կը նուիրաբերէ շատ աւելի փոքր գումարներ, ոմանք օրինականօրէն կը նուիրեն տասնեակ հազարաւոր կամ հարիւր հազարաւոր, իսկ երբեմն ալ միլիոնաւոր տոլարներ… 
 
Մէկ անձը տարեկան կրնայ նուիրել 10000 տոլար նահանգային, շրջանային կամ տեղական կուսակցական կոմիտէին, եւ տարեկան 33400 տոլար՝ ազգային կուսակցական կոմիտէին: Սակայն, անձը կրնայ նուիրել տարեկան 100200 տոլար՝ ընտրութիւններու հետ կապուած ամէն տեսակ ծախսերու համար: Կան նաեւ Քաղաքական Գործունէութեան Կոմիտէներ (PACs) եւ «Սուփըր PACs», որոնք կրնան կատարել անսահմանափակ նուիրատուութիւններ: 
 
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի թէ՛ հանրապետական, թէ՛ դեմոկրատական թեկնածուները ներգրաւուած են տարբեր, կատարելապէս օրինական, սակայն կասկածելի գործընթացներու մէջ, որպէսզի շրջանցեն մէկ անձի քարոզչական նուիրատուութեան՝ 2700 տոլարի սահմանափակումը: Այս հարցը լուսաբանելու համար, մէջբերեմ Հիլըրի Քլինթընի նախընտրական խումբէն վերջերս ստացուած ելեքտրոնային նամակէն:  
 
Դեմոկրատական ​​կուսակցութենէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն Սեպտեմբեր 13-ին պէտք է այցելէր Պեւըրլի Հիլզ, Քալիֆորնիա, մասնակցելու երկու բացառիկ միջոցառումներու, որոնց ընթացքին կը նախատեսուէր հաւաքել միլիոնաւոր տոլարներ՝ անոր նախընտրական քարոզարշաւին համար: Ցաւօք, անոր անսպասելի հիւանդութեան պատճառով այցելութիւնը յետաձգուեցաւ:  
 
Առաջին ձեռնարկը նախատեսուած էր Սեպտեմբեր 13-ի կէսօրին, Սեթ ՄաքՖըրլէյնի տունը, Լայնըլ Ռիչիի յատուկ ելոյթով: Ելեքտրոնային նամակով յայտարարուած էր, որ իւրաքանչիւր ոք, որ կը նուիրէր 33400 տոլար, կ՛ունենար «ճաշի, գերադաս աթոռի եւ լուսանկարուելու» իրաւունք Հիլըրի Քլինթընի հետ: Անոնք, որոնք կը նուիրէին 10000 տոլար, կրնային միայն «ճաշել եւ գերադաս աթոռ ունենալ» նախագահի թեկնածուի հետ՝ առանց լուսանկարուելու իրաւունքի, իսկ անոնք, որոնք կը նուիրէին 5000 տոլար, կրնային ընդամէնը ճաշել նախկին Առաջին Տիկնոջ հետ՝ առանց գերադաս աթոռի եւ անոր հետ լուսանկարուելու իրաւունքի: 
 
Աւելի ուշ՝ նոյն օրը երեկոյեան, նախատեսուած էր աւելի բացառիկ, այդ իսկ պատճառով աւելի սուղ դրամահաւաքի ձեռնարկ: Անոնք, որոնք կրնային իրենց թոյլ տալ 100000 տոլարի նուիրատուութիւն ընել մէկ զոյգի համար, արտօնութիւն կ՛ունենային մասնակցելու «զրոյցի եւ ընթրիքի՝ Հիլըրի Ռոդհըմ Քլինթընի հետ, Տայեանա Ֆոն Ֆիւրսթընպըրկի եւ Պարի Տիլըրի տունը»: Ձեռնարկը պիտի վարէին «Տայեանա Ֆոն Ֆիւրսթընպըրկը եւ Պարի Տիլըրը, Ճէյն եւ Մայքըլ Էյսնըրները, Քէրըն եւ Ռասըլ Կոլտսմիթները եւ Էտկար Սարգսեանը»: 
 
Հիլըրի Քլինթընի համար նախատեսուած դրամահաւաքի ձեռնարկներէն մէկ շաբաթ անց, անոր փոխնախագահի թեկնածու Թիմ Քէյնը երկու անգամ հանդէս եկաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Սեպտեմբեր 19-ին, Պեւըրլի Հիլզի մէջ Ճէյ Սուրէսի կողմէ տրուեցաւ պաշտօնական ճաշ, որ յայտարարուած էր իբրեւ «Զրոյց՝ Թիմ Քէյնի հետ»: Միայն 27000 տոլար նուիրաբերած մարդիկ կրնային մասնակցիլ թեկնածուի հետ ընդունելութեան: Անոնք, որոնք կը նուիրէին 10000 տոլար, կրնային միայն լուսանկարուիլ փոխնախագահի թեկնածուի հետ (առանց ընդունելութեան), իսկ 2700 տոլար նուիրող մարդիկ պարզապէս կրնային ճաշել անոր հետ՝ առանց ընդունելութեան եւ լուսանկարուելու... 
 
Այդ օրը երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մէջ, Եւա Լոնկորիայի տունը տեղի ունեցաւ աւելի սուղ, բացառիկ ձեռնարկ՝ յայտարարուած իբրեւ «Սպանախօս ամերիկացիները Հիլըրիի համար. ճաշ՝ Թիմ Քէյնի հետ»: Անոնք, որոնք վճարած էին 100000 տոլար, իրաւունք ստացան մասնակցելու ընդունելութեան, ճաշելու եւ լուսանկարուելու փոխնախագահի թեկնածու Թիմ Քէյնի հետ: Նուիրատուն, 33400 տոլարի դիմաց, կրնար միայն ճաշել եւ լուսանկարուիլ, իսկ անոնք, որոնք նուիրած էին միայն 10000 տոլար՝ միայն ճաշել...  
 
Մինչ ոմանք քարոզչական մեծ նուիրատուութիւններ կ՛ընեն՝ շփուելու քաղաքական գործիչներու եւ յայտնի մարդոց հետ, որոնք կը մասնակցին նման դրամահաւաքի ձեռնարկներու, ուրիշներ անձնական կամ գործարար շահեր կ՛ակնկալեն թեկնածուէն, որ կրնայ ընտրապայքարէն ետք դառնալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ: Այս նուիրատուութիւնները կատարելապէս օրինական են, քանի որ թեկնածուն կը բացայայտէ նուիրատուին անունը եւ կը ներկայացնէ ստացական: Շատ երկիրներու մէջ քաղաքական թեկնածուներուն գումար տալը կը կոչուի կաշառակերութիւն: 
 
Որոշ ամերիկացի քաղաքական գործիչներ կը պարծենան, որ չեն ընդունիր քարոզարշաւի նուիրատուութիւններ PACs-էն կամ ընկերութիւններէ, ուստի իրենք պարտական չեն ըլլար մեծ նուիրատուներու ընտրութիւններէն ետք...: Վերջերս, գոնկրեսական Ճան Սարպէյնզ (դեմոկրատ՝ Մըրիլէնտէն) ելեքտրոնային նամակով յայտարարած էր, որ գումար պիտի չվերցնէ PAC-էն, քանի որ՝ «Ես չեմ փափաքիր ճնշման ենթարկուիլ»: Ան ընդգծած է, որ կը հաւատայ այն «կառավարութեան, որ ստեղծուած է ժողովուրդի կողմէ, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ յանուն ժողովուրդի»... 
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ