Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանամէտ Եւ Թրքամէտ Գրողները Կը Վարկաբեկեն Հայաստանն Ու Սփիւռքը


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանամէտ Եւ Թրքամէտ Գրողները Կը Վարկաբեկեն Հայաստանն Ու Սփիւռքը

  • 14-12-2016 17:45:11   | Հայաստան  |  Յօդուածներ

 
Թրքական եւ ատրպէյճանական շրջանակները դժգոհ էին վերջին յօդուածէս, ուր ես վերլուծած էի նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենսի հեռաձայնային զրոյցը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
 
Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է Էլմիրա Թարիվերտիեւայի՝ «Երեւանի ձախողած հեռաձայնային զանգը կամ ինչու Թրամփը չպատասխանեց» խորագիրը կրող ծիծաղելի յօդուած մը: Թարիվերտիեւան «Թրենտ» գործակալութեան ռուսական ծառայութեան ղեկավարն է:
 
Ատրպէյճանական յօդուածը լի է անիմաստ ու կեղծ պնդումներով: Հեղինակը, որ սահմանափակ գիտելիքներ ունի ամերիկեան քաղաքականութեան մասին, Փենս-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցը կ՛անուանէ «աղէտ»: Ան սխալմամբ կը պնդէ, որ Փենս պարզապէս պատասխանած է Սարգսեանի զանգին: Մինչդեռ, նորընտիր փոխնախագահ Փենս ի՛նք հեռաձայնած է Սարգսեանի: 
 
Իսկական աղէտը այն է, որ չափազանց հարուստ Ատրպէյճանի նախագահը չէր կրնար հեռաձայնել նորընտիր նախագահ Թրամփի կամ նորընտիր փոխնախագահ Փենսի, առանց բարձր վճարուող ուաշինկթընեան լոպիիստներու միջնորդութեան...
 
Ատրպէյճանցի լրագրողը կը շարունակէ աւելի մեծ վիրպումներ թոյլ տալ՝ պնդելով, որ Հիլըրի Քլինթընի պարտութիւնը «մեծ հիասթափութիւն էր Երեւանի համար: Յայտնի է, որ Քլինթըն բաւականին սերտ կապեր կը պահպանէր Միացեալ Նահանգներու հայկական մեծ Սփիւռքի հետ»: Էլմիրա ոչ Հայաստանի, ոչ ալ Սփիւռքի մասին շատ բան գիտէ: Հակառակ անոր կեղծ պնդումներուն՝ հայերու մեծ մասը չէ աջակցած Քլինթընի... 
 
Թարիվերտիեւան նաեւ կը պնդէ, որ Երեւան հիասթափուած է, որովհետեւ Թրամփ աւելի շատ ծանօթ է Ատրպէյճանի՝ նկատի ունենալով այդ երկրին մէջ անոր ներդրումները: Իմ կարծիքով, շատ կանուխ է նման յաւակնոտ եւ ինքնանպատակ ենթադրութիւններ ընել: Ընդհակառակն, Թրամփ բազմաթիւ պատճառներ ունի աւելի կոշտ ըլլալու Ատրպէյճանի հետ՝ բռնապետական ​​վարչակարգի, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ բազմաթիւ ատրպէյճանցիներու մասնակցութեան պատճառով: Զաւեշտական է պնդել, որ Թրամփ աւելի բարեհաճ կ՛ըլլայ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ 323 հազար 150 տոլար արտօնավճարի պատճառով, որ ան կը ստանայ իր սեփականութիւնը չհանդիսացող Պաքուի «Թրամփ Թաուըրէն»...
 
Մէկ այլ, աւելի լկտի յօդուած գրած էր Ալեքսանդր Մուրինսըն, որ ոչ ատրպէյճանցի է, ոչ ալ թուրք, սակայն որոշակի կասկածելի պատճառներով, տարիներու ընթացքին գրած է  շարք մը հակահայկական ճամարտակութիւններ՝ տարբեր հրապարակումներու մէջ: Մուրինսըն իր «Լինքըտին» էջին վրայ այսպէս կը ներկայացնէ ինքզինք. «Այժմ կը փնտռեմ նոր [աշխատանք] հնարաւորութիւններ...: Ատրպէյճանա-թուրք-իսրայելեան համագործակցութեան փորձագէտ...: Կը Համարուիմ Ատրպէյճանի հրեաներու յառաջատար փորձագէտ»: Մուրինսըն կ՛աշխատի Ուաշինկթընի անյայտ «BAU (Bahcheshehir) միջազգային համալսարան»ին մէջ, որ վերջերս հիմնադրուած է թուրք միլիառատէր Էնվէր Եուչելի կողմէ:
 
Նոր աշխատանք գտնելու եւ իր «Հայկական լոպիի թոյլ կապերը նորընտիր նախագահ Թրամփի հետ» վերնագրով յօդուածը հրապարակելու համար, Մուրինսըն կը փորձէ հաճոյանալ աջակողմեան The American Spectator կայքին, այն կեղծ պնդումներով, ըստ որոնց հայերը դէմ են Թրամփի, հետեւաբար հակապահպանողական են: 
 
Ես ծրագրած էի Մուրինսընի յայտարարութիւնները կէտ առ կէտ հերքել, սակայն որոշեցի ձգել, որ ինք իր բառերեով բացայայտէ իր կեղծ դատողութիւնները: Ահա անոր անիմաստ մտքի «գոհար»ներէն քանի մը հատը.
 
-- Ամերիկեան «հայկական լոպպիի օրակարգը մեծապէս կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն եւ, որքան ալ տարօրինակ է, Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն շահերուն...»:
 
--  «Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու առանցքային եւ անփոխարինելի դաշնակիցն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ... »:
 
-- «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպպիի խոր մտահոգութեան եւ հիասթափութեան հիմքը կրնայ ըլլալ Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրուիլը: Տարածաշրջանի դիտորդներու համար գաղտնիք չէ ամերիկահայ գործիչներու կողմէ Թրամփի դէմ ուղղուած աղտոտ քարոզարշաւը: Առցանց քարոզարշաւի մէջ հպարտութեամբ կը յայտարարուէր, որ հայ աստղեր Շեր եւ Քիմ Քարտաշեան կ՛ընեն «հնարաւոր ամէն բան» ընդդէմ Թրամփի, իսկ հայամէտ հռչակաւոր Ամալ Քլունի, որուն յաճախորդներու տարօրինակ ցուցակին մէջ ընդգրկուած եղած են Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Ճուլիան Ասանժը, ղեկավարած է Թրամփի դէմ ուղղուած նախաձեռնութիւնները, իր ամուսնոյն՝ Ճորճին հետ»:
 
-- «Կը Թուի, որ հայերու մտահոգութեան պատճառը այն է, որ Տանըլտ Թրամփ պարտական չէ Ուաշինկթընի բնորոշ յատուկ շահեր ունեցող խումբերու ցանցին: Ան կրնայ  տարածաշրջանին մէջ իրականացնել աւելի խորաթափանց մօտեցում՝ մեկնելով ոչ թէ որոշակի լոպիի, այլ՝ Ամերիկայի ազգային շահերէն: Ան նոյնիսկ կրնայ սթափ հայեացք նետել Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ հայկական քաղաքական ուռճացուած ազդեցութեան վրայ եւ նկատել անոր աւելի ու աւելի ակնյայտ անպատեհութիւնը»: 
 
-- «Յաջորդ պետական քարտուղարը պէտք է տարբերի Մասաչուսեցի երբեմնի հայամէտ ծերակուտական Ճան Քերիէն, որ կ՛աջակցէր իր հայ բարեկամներուն...»:
 
Հաշուի առնելով նման անվերջ յարձակումները, ամերիկահայ քաղաքական կազմակերպութիւնները պէտք է վճռականօրէն հակազդեն նենգ ու զրպարտչական բոլոր յօդուածներուն՝ գրուած Էլմիրա Թարիվերտիեւայի, Ալեքսանդր Մուրինսընի եւ անոնց նմաններուն կողմէ: Ժամանակն է ստեղծել Հայկական Հակազրպարտչական Յանձնախումբ...
 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ