ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ` «25-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ


ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ` «25-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ

  • 04-02-2017 15:06:26   |   |  Հասարակութիւն

 
Երէկ` ուրբաթ, 3 փետրուար 2017-ին, հայոց բանակի 25-ամեակին նուիրուած յիշատակելի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ: Ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ Լէյլաւանի հայութեան հոծ բազմութեան, հայոց բանակի բոլոր զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց, երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Անկէ ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի սրահ, ուր տեղի ունեցաւ «25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ տասնամեակի մարտահրաւէրները» նիւթով կլոր սեղան մը: Զեկուցաբերներն էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, իսկ զրուցավարն էր Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:
 
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի Գլճալեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ու անոր 25-ամեայ բանակը կ՛ապացուցեն հայոց բանակի զոհաբերութիւններն ու նուիրումը: Հայոց բանակը երաշխիքն է Հայաստանի ու Արցախի ապահովութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման: Հայկական հզօր բանակը գերագոյն զոհողութեամբ եւ նուիրումով միշտ ալ փաստած է եւ պիտի փաստէ, թէ ինքն է տէրն ու տիրականը Հայաստանի սահմաններուն: Ան աւարտեց խօսքը նշելով, թէ հզօր պետութիւն կը նշանակէ ունենալ տոկուն տնտեսութիւն, միջազգային բեմերու վրայ վարել յստակ եւ ճկուն քաղաքականութիւն: 
 
Ապա օրուան զրուցավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան հրաւիրեց զեկուցաբերները` ներկայացնելու իրենց զեկուցումները:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք հայ ժողովուրդը իր կամաւորական ջոկատներուն միջոցով կը մարտնչէր Ղարաբաղի ազատութեան համար: Այդ ջոկատներուն նախնական հիմքերուն վրայ կառուցուեցաւ պաշտօնական բանակը` զինուած ուժերուն բնորոշ իր բոլոր կառոյցներով, իր մարտական պատրաստակամութեան ծրագիրներով, նաեւ հետագային իր ուսումնական ծրագիրներով: Ան յայտնեց նաեւ, որ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ըլլալով, հայ սպաներ կը կրէին փորձառութիւն. անոնք եկան Հայաստան եւ ներդրում ունեցան Հայաստանի զինուած ուժերու կառուցման: 
 
Դեսպան Մկրտչեան ըսաւ նաեւ, որ շրջանի մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները դիմակայելու առաջին երաշխիքը մարտունակ բանակն է, որ աստիճանաբար ձեռք բերած է այն որակները, մարտունակութիւնը, այն անհրաժեշտ սպառազինութիւնները եւ մարտունակ ոգին, որոնք հիմք կը ծառայեն լուծելու իր առջեւ դրուած խնդիրները, որոնցմէ են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութիւնը, անհրաժեշտ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բանակին` դիմակայելու Ազրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւնները: 
 
Նոյն հարցով Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ անկախութեան գոյացումը, կերտումը սերտօրէն պայմանաւորուած էր Արցախի ազատագրական պայքարով եւ ազատագրումով, որուն մէջ ամէնէն հիմնական դերակատարները զինեալ ուժերն են, ինչ որ երաշխիքն է այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման, հզօրացման եւ հայկական աշխարհի հայաստանակեդրոն ձեւով զարգացման առումով: Ան ուշադրութեան յանձնեց այն իրականութիւնը, թէ նկատի ունենալով հակառակորդի ե՛ւ քանակը, ե՛ւ յագեցած արհեստագիտութիւնը, ե՛ւ թրքական դերակատարութիւնը, 150 հազար հաշուող արցախահայութիւնը դէմ դրաւ 9 միլիոն հաշուող Ազրպէյճանին:
 
Ան կարեւոր նկատեց  բարոյահոգեբանական առումով անմնացորդ ծառայելու եւ պատերազմելու իրադրութիւնը, ապա ուշադրութեան յանձնեց, որ հայկական բանակի հիմունքի ֆետայական գործելաձեւն է:
 
Խօսելով արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասին` դեսպանը ըսաւ, թէ ապրիլեան իրադարձութիւնները ցոյց տուին այն մարտական, մարտավարական, ռազմավարական կարողութիւնները, որոնք ձեռք բերած է մեր բանակը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ կասեցնել հակառակորդին  նախապէս մշակուած եւ այն նպատակներուն ուղղուած զգալի ռազմական ուժերը, որոնք կեդրոնացուած էին բոլոր ուղղութիւններով: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան լրացուցիչ դաս եղաւ, որ մեր հակառակորդը պատրաստ չէ խաղաղ լուծման: Պէտք է ջանք թափել աւելի բարձր աստիճանի պատրաստուածութիւն ունենալու, որպէսզի ապագային աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կարելի ըլլայ կանխել մեր հակառակորդին ծրագիրները:
Իսկ Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ որոշ դիրքերու տեղաշարժ արձանագրուեցաւ, բայց որեւէ բնակավայր ազրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ չմնաց: Քաղաքական իմաստով եթէ Պաքուն դժգոհ ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցային միջնորդութենէն ամէն ճիգ կը գործադրէր, որ  տագնապի բանակցային հոլովոյթը տեղափոխուի ուրիշ հարթութիւն, ապա անիկա արդիւնքի չյանգեցաւ եւ միջազգային բանակցային հոլովոյթին ձեւաչափը կը շարունակէ մնալ նոյնը:  Իսկ տեղեկատուական իմաստով ան յայտնեց, թէ որեւէ հայկական լրատուամիջոց չներքաշուեցաւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուական ծուղակին մէջ: Լաւ կազմակերպուեցաւ նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներու լուսաբանումը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Ո՛չ զինուորական առումով, ո՛չ տեղեկատուական առումով, ո՛չ ալ քաղաքական-դիւանագիտական առումով հիմնական որեւէ առաւել արձանագրեց Պաքուն` սանձազերծելով քառօրեայ պատերազմը:
 
Քաղաքական իմաստով Հայաստանի ներկայ եւ գալիք օրերուն անդրադառնալով դեսպանը ըսաւ, թէ արդէն սկսած են ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները: Կառավարութիւնը կը փորձէ ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ: Հայաստանի համար անհրաժեշտ է ապահովել տնտեսական զարգացում, առնուազն ի ցոյց դնել տնտեսական զարգացման միտումները, որպէսզի ապահովուի պետութեան ընդհանուր զարգացումը  եւ կարելի ըլլայ որոշ միջոցներ յատկացնել բանակի նոր սպառազինութիւններով յագեցման եւ անոր վերազինման` զայն մարտունակ դարձնելու առումով: Ան ըսաւ, թէ դրական ազդակներ կան, եւ քաղաքական կեանքին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները` հիմնուած նոր սահմանադրութեան վրայ, պիտի բերեն վերափոխման երեւոյթներ քաղաքական կեանքին մէջ` առաւել աշխուժացնելով քաղաքական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը: 
 
Նոյն գծով Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ խորհրդարանական համակարգը Դաշնակցութեան համար քաղաքական նպատակ, առաջադրանք էր: Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը առաջին օրէն այս առաջադրանքը ունէր իբրեւ ղեկավարման համակարգ: Ան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով համակարգը նորէն խորհրդարանական էր, այսինքն` Դաշնակցութիւնը կենսափորձ ունի խորհրդարանական համակարգով երկիրը ղեկավարելու առումով: 
 
Սփիւռք-Հայաստան կապի մասին դեսպանը ըսաւ, որ  պէտք է բոլոր միջոցներով, թելերով սփիւռքը կապուի Հայաստանին, որովհետեւ անկախ պետականութիւնն է սփիւռքի գոյատեւման երաշխիքը: Ան հաստատեց նաեւ, որ սփիւռք-Հայաստան շաղկապուածութիւնը առօրեայ իրողութիւն պէտք է դառնայ` մէկտեղելով մտածելակերպերը եւ Հայաստան տանելով սփիւռքի աւանդական կառոյցներու աւանդութիւնները: 
 
Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ եթէ քաղաքացիութիւնը իրաւունք է, անիկա նաեւ պարտաւորութիւն է հայրենիքին հանդէպ: Երիտասարդութիւնը ահազանգի պարագային պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մեկնելու եւ սահման պաշտպանելու հայրենակիցին կողքին, բայց բանակ հասկացողութիւնը միայն վտանգի եւ պատերազմի պահուն պէտք չէ ընդունիլ, այլ առիթ պէտք է տրուի  սփիւռքահայ երիտասարդին հայրենի երիտասարդին հետ կողք-կողքի ծառայելու բանակին մէջ: Ան խօսքի աւարտին հաստատեց, որ համահայկական հասարակութիւն ձեւաւորելու ամէնէն ազդեցիկ երեւոյթը կողք-կողքի հայրենիքին ծառայելու գաղափարին եւ խորհուրդին մէջ կը կայանայ:
 
Ֆանարի կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, պաշտօնական ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ անդրադարձաւ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ հայութեան, Հայ դատին, հայրենիքին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայ զինուորներուն, որոնք հերոսներ են եւ որոնք կը խթանեն, որ մենք շարունակենք անոնց սկսած ուղին: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` Ֆանար տուած այցելութեան եւ իրեն ուղղուած հրաւէրին ընդառաջելուն համար: 
 
Ապա խօսք առաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ուրախութիւն յայտնեց հայահոծ Ֆանարի շրջանին մէջ գտնուելուն համար` դիտել տալով, որ լիբանանահայութեան տարբեր հատուածներու հետ եղած որեւէ կապ, որեւէ յարաբերութիւն, այս պարագային Ֆանարի դաշնակցական միաւորներուն հետ, ամէն անգամ յաւելեալ լիցք կը հաղորդէ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ այն առումով, որ հայապահպանման համար տարուող պայքարը ճիշդ ուղիի վրայ է, եւ զայն հետապնդող նուիրեալները անպակաս են: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս առումով ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու` ի պաշտօնէ եւ իբրեւ հայ անհատ` աւելցնելով, որ իրենք եւս կարիքը ունին համայնքին աջակցութեան` համահայկական, համազգային նպատակները յառաջ մղելու եւ իրականացնելու նպատակով: Դեսպանը հաստատեց, որ միասնաբար կարելի է շարունակել հայկական ամէն տեսակի նպատակներու հետապնդումը` ըլլայ ատիկա Հայաստանի, սփիւռքի թէ Արցախի մէջ: 
 
"Ազդակ"
 
  -   Հասարակութիւն