Յարութ Սասունեան. Թուրքերը Կը Հերքեն Ցեղասպանութեան Մասին Բոլոր Ապացոյցները, Իսկ Ատրպէյճանցիները՝ Կաշառքի Հետ Առնչուածները
13-09-2017 11:10:42 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Հակառակ ներկայացուած բոլոր տեսակի ապացոյցներուն, աւելի քան դարէ մը ի վեր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ հերքել իր մեղսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան՝ մնայուն կերպով պնդելով, որ այդ բոլորը կեղծիք են:
Նոյն ձեւով, եւ հակառակ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուած բոլոր ապացոյցներուն՝ կաշառատուութեան եւ փտախտի գործունէութեան մէջ իր միլիառաւոր տոլարներու չարաշահման գծով, ատրպէյճանական կառավարութիւնը մշտապէս կը հերքէ փաստերը եւ կը մեղադրէ «այլ երկիրներ», հայերն ու որոշ անհատներ, որոնց դէմ կը համարէ ինքզինք...
Անցեալ շաբաթը բացառութիւն չէր: «Կարտիըն» եւ աշխարհի քանի մը տասնեակ այլ թերթեր հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 2012էն 2014 աւելի քան 3 միլիառ տոլարի կաշառք տուած է բազմաթիւ անհատներու եւ հաստատութիւններու, ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ըստ «Կարտիըն»ի՝ նման գործարքներ եղած են թիւով աւելի քան 16 հազար: Այս մեծ գայթակղութեան մէջ կաշառակերութեան համար մեղաւոր է ոչ միայն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, այլեւ եւրոպացի այն բոլոր պաշտօնեաները, որոնք կաշառք վերցուցած են՝ Ալիեւի վարչակարգին ապօրինի ծառայութիւններ մատուցելու համար...
Այն, ինչ որ «Կարտիըն» կը նկարագրէ որպէս «ատրպէյճանական լուացքատուն», կը ներառէ «խիստ ազդեցութեան ծրագիր մը, վարձավճարներ՝ լոպիիստներուն, պաշտպաններուն եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն՝ կանխիկ գումար «լուալ»ու համար, [որ] կու գայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կապուած ընկերութիւններէ, պետական նախարարութիւններէ եւ երկրի մեծագոյն՝ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունէն, որ վերջերս սնանկութեան դիմում ներկայացուցած է: Կանխիկ գումարը փոխանցուած է ստուերային կառավարում ունեցող բրիտանական չորս ընկերութիւններէ, իսկ հոնկէ ծախսուած է տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին՝ Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ»: «Կարտիըն» մոռցած է աւելցնել Պելճիքան եւ Իտալիան...
Ատրպէյճանական ապօրինի դրամները բրիտանական ընկերութիւններ ուղղուած են Դանիոյ ամէնէն մեծ դրամատան՝ «Տանսքէ»ի էսթոնական մասնաճիւղի միջոցով: Այս ստուերային ընդյատակեայ ընկերութիւններէն երկուքը եղած են սքոթլանտական սահմանափակ ընկերութիւններ՝ Hilux Services եւ Polux Management, որոնք կը վերահսկուին գործակալներու կողմէ, բրիտանական Վըրճինեան կղզիներու մէջ:
Տեսնենք, թէ այս ապօրինի փոխանցուած ֆոնտերու շահառուներէն քանի մը հատը ովքե՞ր են: «Կարտիըն»ի փոխանցմամբ՝ «ատոնցմէ մէկը Լուքա Վոլոնթէն է, Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան աջակեդրոն խումբի նախկին իտալացի նախագահը՝ Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ): Վոլոնթէն ԵԽԽՎ պատուիրակներու շարքին էր, որոնք տարօրինակ կերպով դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները քննադատող 2013ի զեկոյցին: Ըստ բացայայտուած տուալներու՝ ան ստացած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար: Իտալիոյ մէջ անոր առաջադրուած է մեղադրանք՝ դրամի լուացման եւ կաշառակերութեան համար, կապուած՝ «խաւիարային դիւանագիտութիւն» անունը ստացած հետաքննութեան: Ան կը հերքէ բոլոր անօրինութիւնները»:
«Կարտիըն»ի համաձայն՝ մէկ այլ բարձրաստիճան շահառու է «Գերմանիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էտուըրտ Լինթնըր, Քրիստոնէական Սոցիալական միութենէն...: 2012էն 2014, երբ ան այլեւս պատգամաւոր չէր, անոր հիմնադրամը ստացած է 819 հազար եւրօ: Լինթնըր 61 հազար եւրոյի կանխիկ գումար ստացած է որպէս ընտրութիւններու դիտորդ՝ Ատրպէյճան այցելելէ երկու շաբաթ ետք: Ան բարձրօրէն գնահատած է քուէարկութիւնը՝ ընդհուպ մինչեւ «գերմանական չափանիշներուն» համապատասխանող: Ըսած է, որ վճարումները եղած են օրինական աշխատանքի համար, եւ ինք անձամբ չէ օգտուած այդ գումարէն կամ չի գիտեր այդ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին մասին»:
Ըստ «Կարտիըն»ի՝ «Կանխիկ գումար ուղարկուած է նաեւ Պուլկարիա եւ Զուիցերիա, Քալին Միթրեւի պատկանող դրամատնային հաշիւներուն, որ ժամանակին եղած է մասնաւոր խորհրդատու, իսկ այժմ կ՛աշխատի Լոնտոնի Վերակառուցման եւ Զարգացման եւրոպական դրամատան համար: Միթրեւ կը նշէ, որ գումարը եղած է մասնաւոր եկամուտ՝ օրինական խորհրդատուական աշխատանքներէն, եւ ան տեղեակ չէ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրէն: Ան կը հերքէ, որ որեւէ անօրինութիւն կատարած է»:
Կան նաեւ քանի մը բարձրաստիճան ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ, որոնք օգտուած են այդ հիմնադրամներէն: Ատրպէյճանական ընկերութիւն մը՝ Baktelekom MMC, աւելի քան 1.4 միլիառ տոլար փոխանցած է ստուերային դրամատնային հաշիւներուն:
Հետաքրքրական է, որ հունգարական թերթը եւս բացայայտած է, թէ այն պահուն, երբ Հունգարիա կ՛արտայանձնէր Ռամիլ Սաֆարովը՝ 2004 թուականին Պուտափեստի մէջ ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններու ընթացքին հայ սպան կացնահարող ատրպէյճանցի մարդասպանը, Ատրպէյճան քանի մը դրամատնային փոխանցումներ կատարած է հունգարական MKB դրամատան, ընդհանուր՝ 7 միլիոն տոլար գումարի չափով: Սա եւս մէկ օրինակ է Ատրպէյճանի գաղտնի դրամատուներու կաշառակերութեան օգտագործման՝ Եւրոպայի մէջ եւ այլուր, իր շահերուն հետապնդման համար:
Ատրպէյճանցիները, ի հարկէ, չեն ընդունիր իրենց անօրինութիւնները եւ կը մեղադրեն բոլորը՝ հայերէն սկսեալ մինչեւ միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ միջազգային լրատուական միջոցները: «Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով «Կարտիըն»ի եւ այլ լրատուական միջոցներու յօդուածները որակած է որպէս զրպարտութիւն...: Հասանով ըսած է, որ Ալիեւի վարչակարգը դարձած է բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած «գայթակղեցուցիչ» արշաւի զոհը», կը տեղեկացնէ «Կարտիըն»: Հասանով մեղադրած է որոշ հակաատրպէյճանական շրջանակներ, որոնք «Արեւմուտքի եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վերահսկուին հայկական սփիւռքի միջոցներու շնորհիւ»: Բացի ասկէ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը արգելափակած է հասանելիութիւնը Կազմակերպուած Յանցաւորութեան եւ Կաշառակերութեան Լուսաբանման Նախագիծի կայքին (The Organized Crime and Corruption Reporting Project), որ հրապարակած էր «ատրպէյճանական լուացքատան» մանրամասները, դանիական Berlingske թերթին մէջ յայտնուած տուեալներու արտահոսքէն ետք:
Անցեալ շաբաթ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ Յանցագործութիւններու Ազգային գործակալութիւնը կը հետաքննէ Ատրպէյճանի կապուած՝ բրիտանական չորս ընկերութիւններու կաշառակերութեան գործունէութիւնը: Միաժամանակ, Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի քանի մը անդամներ մտադիր են ընդլայնելու Ատրպէյճանի կաշառակերութեան մնայուն ծրագիրներու գոյութիւն ունեցող ընթացիկ հետաքննութիւնը: