Յարութ Սասունեան. Ալիեւ ՄԱԿի Բարձր ամպիոնէն Կը Ստէ Ամբողջ Աշխարհի Առջեւ


Յարութ Սասունեան. Ալիեւ ՄԱԿի Բարձր ամպիոնէն Կը Ստէ Ամբողջ Աշխարհի Առջեւ

  • 27-09-2017 18:00:13   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Բազմաթիւ ատրպէյճանցի մեկնաբաններ եւ պաշտօնեաներ քննադատեցին Սերժ Սարգսեանի անցեալ շաբթուան ելոյթը՝ ՄԱԿի Գլխաւոր Խորհուրդի մէջ, սակայն ես չհանդիպեցայ ոեւէ հայ մեկնաբանի կամ կառավարութեան ղեկավարներու, որոնք դատապարտէին Իլհամ Ալիեւի Սեպտեմբեր 20ի սպառնալից ելոյթը՝ ՄԱԿի մէջ:
 
Ատրպէյճանի նախագահին երկար ճառը լի էր կեղծիքներով եւ խեղաթիւրումներով. եկէք փորձենք յստակութիւն մտցնել անոնցմէ քանի մը հատին մէջ:
 
Ալիեւի ելոյթի առաջին տողը կը սկսի սովորական չափազանցութեամբ եւ կեղծիքով՝ յայտարարելով, որ «Հայաստան գրաւած է Ատրպէյճանի տարածքներուն 20 տոկոսը՝ Լեռնային Ղարաբաղը եւ երկրի եօթը այլ շրջաններ»: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Հայաստան չէ գրաւած Ատրպէյճանի որեւէ տարածք: Լեռնային Ղարաբաղը (Արցախը) երբեք չէ եղած Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Անիկա եղած է հայերով բնակեցուած ինքնավար շրջան, որ 1921 թուականին խորհրդային բռնապետ Սթալինի կողմէ նուիրուեր է Ատրպէյճանին: Արցախի հայ բնակչութիւնը վերջապէս կրցաւ ազատագրուիլ՝ տասնամեակներ տեւած ատրպէյճանական դաժան բռնագրաւումէն: Աւելին, ատրպէյճանցիներու պնդումը, թէ՝ Հայաստան գրաւած է Ատրպէյճանի 20 տոկոսը, կեղծիք է, քանի որ հայերու ազատագրած շրջանը մօտաւորապէս 15 տոկոս է, այլ ոչ թէ 20:
 
Այնուհետեւ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի հնագոյն եւ պատմական մասն է»: Սա կատարեալ անհեթեթութիւն է, քանի որ Ատրպէյճան իբրեւ պետութիւն պատմականօրէն գոյութիւն չէ ունեցած: Անիկա ստեղծուած է 1918 թուականին, թրքական բանակի օգնութեամբ:
 
Ալիեւի յաջորդ մեծ սուտը այն է, որ հայկական ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով կան շուրջ մէկ միլիոն ատրպէյճանցի «գաղթականներ եւ ներքին տեղահանուածներ»: Նախ եւ առաջ, ոչ թէ մէկ միլիոն, այլ քանի մը հարիւր հազար, ինչպէս եղած են հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներ ատրպէյճանական կոտորածներու եւ ցեղային զտումներու պատճառով: Իսկ եթէ 25 տարի անց ատրպէյճանցի գաղթականներու մեծ մասը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ աղտոտ ճամբարներու մէջ, ապա այդ միայն Ատրպէյճանի կառավարութեան մեղքն է, որ տարեկան միլիառաւոր նաւթային տոլարներ կը վաստակի եւ այդ միջոցներէն չի յատկացներ գաղթականներուն, զանոնք յարմարաւէտ բնակարաններու մէջ վերաբնակեցնելու համար…: Բացի ասկէ, ինչպէս տեսանք եւրոպական վերջին հրապարակումներու մէջ, ատրպէյճանցի ղեկավարները, յատկապէս Ալիեւի ընտանիքը եւ անոր մերձաւորները, միլիառաւոր տոլարներ թալանած են պետական նաւթային եկամուտներէ՝ ի նպաստ իրենց շքեղ ապրելակերպին կամ ամբողջ աշխարհի պաշտօնեաները կաշառելու նպատակով՝ քողարկելու համար մարդկային իրաւունքներու գծով իրենց շարունակական խախտումները: Այսուամենայնիւ, Ատրպէյճանի նախագահը առանց ամչնալու բարձր ամբիոնէն կը յայտարարէ, որ իր երկրին մէջ առկայ է «բացարձակ թափանցիկութիւն եւ զերօ հանդուրժողականութիւն՝ փտախտի կամ կաշառակերութեան հանդէպ»:
 
Այնուհետեւ, Ալիեւը կրկնեց ամենամեծ սուտը՝ Արցախեան պատերազմի ժամանակ հայկական զօրքերու կողմէ 600 ատրպէյճանցիներու, այսպէս կոչուած՝ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին: Տարբեր վարկածներ կան, թէ ինչ տեղի ունեցած է Խոջալուի մէջ հակամարտութեան ընթացքին, այդ շարքին՝ ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ իրենց իսկ ազգաբնակչութեան փախուստի ճանապարհներու արգելափակումը, 600 բնակիչներ, որոնք հետագային յայտնուեցան թակարդի մէջ եւ դարձան պատերազմի զոհ: Սակայն, նոյնիսկ եթէ ապացուցուած ըլլար, որ այդ հակամարտութեան ընթացքին զոհուած է 600 ատրպէյճանցի, բան մը, որ ցաւալի պիտի ըլլար, Ատրպէյճան անամօթաբար կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ, 1915էն սկսեալ, սակայն առանց վարանելու կը յաւերժացնէ այն սուտը, որ 600 ատրպէյճանցիներու մահը ցեղասպանութիւն էր…
 
Ալիեւ կը շարունակէ իր սուտերու շարանը՝ պնդելով, որ 2016 Ապրիլին Հայաստան յարձակած է Ատրպէյճանի վրայ: Աշխարհը գիտէ, որ նոյնինքն Ատրպէյճանը եղած է այդ յարձակման նախաձեռնողը: Բացայայտելով իր իսկ սուտը, ան կը նախազգուշացնէ հայկական կողմը, որ Ատրպէյճան նորէն պիտի յարձակի…
 
Այնուհետեւ Ալիեւ կը հպարտանայ, որ 2011ին Ատրպէյճան ընտրուած է որպէս ՄԱԿի Ապահովական Խորհուրդի ոչ մնայուն ​​անդամ՝ 155 երկիրներու կողմ քուէարկութեամբ: Ալիեւ անուշադրութեան կը մատնէ այն փաստը, որ ձայներու մեծամասնութիւնը ապահոված էր ՄԱԿի դեսպաններուն շռայլ նուէրներ մատուցելուն շնորհիւ, բան մը, որ բացայայտուած է 2011ին, իմ  շաբաթական յօդուածիս մէջ:
 
Ատրպէյճանի նախագահը ՄԱԿի ամպիոնէն անամօթաբար կը յայտարարէ, որ «ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր կառավարութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններու շարքին են: Ատրպէյճանի մէջ լիովին ապահովուած են բոլոր հիմնարար ազատութիւնները, որոնց շարքին՝ խօսքի, մամուլի, հաւաքներու եւ կրօնական ազատութիւնները»: Բոլորը գիտեն, որ Ատրպէյճան բռնատիրական պետութիւն է՝ կաշառուած ղեկավարներով, եւ որ անոր բանտերը լեցուն են մարդկային իրաւունքներու ջատագովներով եւ անկախ լրագրողներով…
 
Այնուհետեւ Ալիեւ կը յայտարարէ՝ «Ատրպէյճանի մէջ բոլոր ցեղային խումբերու եւ կրօններու ներկայացուցիչները կ՛ապրին խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ»: Բացի հայերէ, որոնք զոհ գացին ցեղային զտումներուն եւ Արցախի մէջ ատրպէյճանական նոր ցեղասպանութեան հնարաւոր զոհերէ, երկրի մէջ կան շատ այլ փոքրամասնութիւններ, որոնք պարբերաբար կ՛ենթարկուին խտրականութեան եւ կը յայտնուին բանտերու մէջ: Ատրպէյճանը անուանել ժողովրդավարական եւ «աշխարհի ամէնէն յայտնի բազմամշակութային կեդրոններէն մէկը»՝ խայտառակ յայտարարութիւն է…
  
Ալիեւի՝ ՄԱԿի մէջ արտասանած ելոյթին մէջ այնքան շատ են սուտերը, խեղաթիւրումները եւ չափազանցութիւնները, որ այդ բոլոր կեղծիքները բացայայտելու համար պէտք է ամբողջ գիրք մը գրել…
 
 
 Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Յօդուածներ