Յարութ Սասունեան. Հրեայ Փրոֆեսէօրը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկութիւններ Կը Պահանջէ Իսրայէլի Կառավարութենէն
10-01-2018 15:22:37 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Իսրայէլցի ականաւոր գիտնական Եայիր Աուրոն Դեկտեմբեր 21 2017-ին պաշտօնապէս դիմած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ պահանջելով բոլոր ներքին փաստաթուղթերը այն համաձայնագիրներուն եւ պարտաւորութիւններուն, զորս Իսրայէլի պետութիւնը ստանձնած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու հարցով:
Աուրոնի փաստաբան Էյթայ Մաք արտաքին գործոց նախարարութիւն ուղարկած իր խնդրանքին մէջ կը նշէ, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով պաշտօնական Իսրայէլի ժխտումը կապուած է՝ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական եւ ռազմական յարաբերութիւններուն, իսկ վերջին տարիներուն, նաեւ Ատրպէյճանի հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն»:
Փրոֆ. Աուրոնի խնդրանքին մէջ, Իսրայէլի տեղեկատուութեան ազատութեան օրէնքի համաձայն, կը բացատրուի, որ «Թուրքիա Իսրայէլէն գնած է միլիառաւոր տոլարներու ուսումնական եւ ռազմական համակարգեր: Զէնքի գծով գործարքները կը ներառեն ինքնաթիռներու եւ հրասայլերու, ռատարի եւ վերահսկողութեան համակարգերու, հրթիռներու եւ զինամթերքի արդիականացում»: Ատրպէյճան եւս Իսրայէլէն գնած է մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնքեր:
2011-ին, Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներու ընթացքին, փոխ արտաքին գործոց նախարար Տանի Այալոն եւ Քնեսեթի կրթութեան յանձնաժողովի նախագահ Ալեքս Միլըր միանշանակ կերպով բացառած են Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը՝ իսլամական աշխարհի մէջ Իսրայէլի «գլխաւոր» ռազմավարական դաշնակիցի՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն չվնասելու նպատակով»:
Փրոֆ. Աուրոնի նամակին մէջ նաեւ մէջբերումներ եղած են «Մեր տունը Իսրայէլն է» (“Yisrael Beiteinu”) աջակողմեան կուսակցութեան քանի մը ղեկավարներէն՝ նշելով, որ անոնք թոյլ պիտի չտան, որ Քնեսեթ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Մեր տունը Իսրայէլն է» կուսակցութեան ղեկավարը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմէնն է: Ի նպաստ Ատրպէյճանի քարոզիչ եւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային ընկերակցութեան խօսնակ Արյէ Կութ հաստատած է, որ «Լիպըրմէն ատրպէյճանա-իսրայէլեան գործընկերութեան ճարտարապետներէն է»: RTV հեռատեսիլային ընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Լիպըրմէն յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «տեսականօրէն պատմական վիճայարոյց հարց մըն էր, եւ ատոր ճանաչման բացակայութիւնը անպայմանօրէն չ՛առնչուիր Թուրքիոյ, այլ, առաջին հերթին՝ Ատրպէյճանի հետ [Իսրայէլի] ռազմավարական յարաբերութիւններուն»: Փրոֆ. Աուրոն կը շեշտէ, որ այս փաստարկները շատ նման են անոնց, որոնք կը ժխտեն հրէական Ողջակիզումը:
Որպէս Ատրպէյճանի հետ Իսրայէլի սերտ յարաբերութիւններու օրինակ, Փրոֆ. Աուրոն իր նամակին մէջ կը տեղեկացնէ, որ 2016 Փետրուար 26-ին «613 ծառ տնկուեցաւ Խայիմ Վէյցմանի (Իսրայէլի առաջին նախագահ) անտառին մէջ՝ «Խոջալուի ցեղասպանութեան 24 ամեակ»ի առթիւ, ինկած 613 զոհերու յիշատակին. ծառատնկումի արարողութեան ներկայ էր [Քնեսեթի անդամ] Աւիկտոր Լիպըրմէնը: Միայն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը նշեն այս «ցեղասպանութեան» տարելիցը: Վերջին տարիներուն, պաշտօնական Իսրայէլ դարձած է Խոջալուի ենթադրեալ ցեղասպանութեան պահանջի ուղղակի եւ անուղղակի սատարողը: Խոջալուի ճակատամարտը տեղի ունեցած է 1992 Փետրուարին, Լեռնային Ղարաբաղի գծով տեղի ունեցող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ դաժան պատերազմի ընթացքին: Կան քանի մը վարկածներ, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է հոն, ներառեալ զոհերու թիւը, սակայն մէկ հարցով միջազգային հանրութիւնը միակարծիք է. այն, թէ, իր ընդհանուր սահմանումով, հոն ոչ մէկ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»:
Փրոֆ. Աուրոն կ՛եզրափակէ Իսրայէլի կառավարութեան ուղղուած իր խնդրանքը՝ նշելով, որ «կասկած չկայ, թէ Իսրայէլի պետութիւնը ոչ միայն «առեւտուր» կ՛ընէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, այլեւ ատոր վերաբերեալ իր վրայ իրական պարտաւորութիւններ վերցուցած է՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կնքած համաձայնագիրներուն մէջ:
Հետեւաբար, փաստաբան Մաք յատուկ կերպով կը պահանջէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գաղտնազերծէ հետեւեալ տեղեկութիւնը.
1) «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ունեցած որեւէ համաձայնութեան, փոխըմբռնման եւ պայմանաւորուածութեան փաստաթուղթերը»:
2) «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով որեւէ նամակագրութիւն՝ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ»:
3) «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումներու կամ շփումներու վերաբերեալ տեղեկութիւն»:
4) «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներուն եւ դիրքորոշումներուն առնչուող փաստաթուղթեր՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած բողոքներու լոյսի տակ»:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօ՞ք Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կատարէ փրոֆ. Աուրոնի օրինական պահանջը: Թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ բրիտանական կառավարութիւնները, որոնք ներքին տեղեկութեան բացայայտման պահանջներու վերաբերեալ նմանօրինակ օրէնքներ ունին, արձագանգած էին իրենց քաղաքացիներու այսօրինակ պահանջներուն՝ հրապարակային դարձնելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գաղտնի փաստաթուղթերը: Հասկնալի է այն, որ, եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը գաղտնիութեան պատճառով անընթեռնելի դարձնէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու որոշ հատուածներ՝ ապա այդ ըրած պիտի ըլլայ տեղեկութիւնը տրամադրող անձերուն ինքնութիւնը պաշտպանելու կամ ազգային անվտանգութեան նկատառումներով: