ՄԱՄԼՈՅ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ<br /> ՄՈՀԱՄՄԷՏ ՊԱԱԼՊԷՔԻ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ<br /> ԸՆԿ. ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ


ՄԱՄԼՈՅ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
ՄՈՀԱՄՄԷՏ ՊԱԱԼՊԷՔԻ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ
ԸՆԿ. ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

  • 13-10-2010 14:27:40   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռամկավար Մամուլ - ՊԷՅՐՈՒԹ (Իր Վերջին Հրատարակութեան Առիթով) Անցեալ շաՎաթ, ԼիՎանանի Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմէտ Պաալպէքի, Ռաուշէի իր կեդրոնատեղիին մէջ, հիւրընկալեց հրապարակագիրխմՎ ագիր, հասարակական գործիչ, գիրքերու հեղինակ ընկ. Պարոյր Աղպաշեանը, որուն հետ ունեցաւ շահեկան ու մտերմիկ զրոյց մը, մամուլը հետաքրքրող զանազան հարցերու շուրջ, մեկնելով անոր ներկայի եւ ապագայի իրավիճակներէն, առաջադրանքներէն ու մարտահրաւէրներէն։ Այս առիթով, ընկ. Աղպաշեան, սենտիքայի նախագահին նուիրեց իր վերջին հրատարակութենէն՝ «Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ յետադարձ հայեացքով» (Պէյրութ, 2010 Գ. հատոր) օրինակ մը, կցուած՝ արաՎերէն լեզուով ամփոփումի մը։ Պաալպէքի, որ ծանօթ էր ընկ. Աղպաշեանի հրապարակագրութեան ու հայ մամուլին մէջ անոր գրաւած դիրքին ու վայելած հեղինակութեան, մեծապէս գնահատելի գտաւ Ընկ. Պարոյր Աղպաշեան այս հրատարակութիւնը եւս, ըսելով. « Աղպաշեան կը շարունակէ իր մամլոյ առաքելութիւնը, հրատարակութիւններու թէ հրապարակագրութիւններու մարզերէն ներս, ինչ-որ դրուատելի երեւոյթ մըն է, ոչ միայն հայ մամուլին, այլեւ՝ լիՎանանեան, որուն մեծ ընտանիքին գործօն անդամներէն է, մամլոյ թէ խմՎագիրներու սենտիքաներուն իր արդիւնաւէտ անդամակցութեամՎ։ Այս հրատարակութիւնը ատոր նորագոյն ապացոյցն է։ Մենք ուրախ ու հպարտ ենք որ ան լիՎանանահայութեան, սփիւռքահայութեան ու Հայաստանի մտաւորականութեան մօտ եւս կը վայելէ նոյն յարգանքը, իր Վեղուն գրիչով ու պատնէշի վրայ մնալու վճռակամութեամՎ։ ՀաւանաՎար այս է պատճառը որ ան յաճախ կ’արժանանայ գնահատանքի եւ արժեւորումի զանազան տիտղոսներու, որոնց վերջինը դոկտորական նոր կոչում մը՝ մարդկայնական գիտութիւններու գծով (խօսքը կը վերաՎերի ամերիկեան- ամերիկահայ «Մաշտոց» համալսարանական հաստատութենէն անցեալ տարեվերջին իրեն շնորհուած վկայականին)։ Մենք ջերմապէս կ’ողջունենք մեր հայ պաշտօնակից՝ Պարոյր Աղպաշեանը, որուն հետ ունինք արդիւնաւէտ համագործակցութեան երկար ուղի մը, իրեն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, իրագործումներ ու նուաճումներ, ի նպաստ առ հասարակ մամուլի եւ մասնաւորաՎար հայ մամուլի Վարօրութեան եւ յարատեւութեան»։ Պաալպէքիի համար յայտնութիւն մըն էր, որ հայ գիրքերու հրատարակութեանց համար մեկենասներ կան, որոնք գիտեն գնահատել իրենց մտաւորականներուն ու գրողներուն գործերը, ինչպէս այս պարագային, յանձինն մեկենաս ընկ. Անդրանիկ Չատըրճեանին։ Ապա, Պաալպէքի յոյս յայտնեց որ ընկ. Աղպաշեան իր հրապարակագրութենէն ընտրանի մը եւս կը պատրաստէ, այս անգամ՝ արաՎերէն թարգմանութեամՎ, որուն զօրավիգ կանգնելու պատրաստ է։ Ընկ. Աղպաշեանին այն յայտարարութիւնը, թէ արդէն իսկ այդ ուղղութեամՎ աշխատանքի լծուած է, մեծապէս ուրախացուց նախագահը։ Այնուհետեւ, ընկ. Աղպաշեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց սենտիքայի նախագահ Պաալպէքիի սրտայոյզ ու գօտեպնդիչ խօսքերուն համար, հաւաստացիացնելով թէ ինք կը մնայ իր կոչումին տէրը եւ անկոտրում հաւատքով կը շարունակէ իր նուիրեալ ուղին, իր հրապարակագրութիւնը նկատելով ոսկեայ կամուրջ մը, թէ՛ լիՎանանեան-լիՎանանահայ-սփիւռքահայ, թէ՛ հայաստանեան առանցքներուն միջեւ։ ԹՂԹԱԿԻՑ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը