ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՈՒՄԷԼԱՅԻ ՈՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ՕՐ ՄԻԱՅՆ, ԵՒ ՈՉ<br /> ԹԷ ՄԻՇՏ


ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՈՒՄԷԼԱՅԻ ՈՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ՕՐ ՄԻԱՅՆ, ԵՒ ՈՉ
ԹԷ ՄԻՇՏ

  • 05-10-2010 18:27:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Տէվլէթ Պահչէլիի Անիի նամազին մասին »Վագիթ« թերթի մէջ մեկնաբանութիւն մըն ալ կուգայ իսլամ խորքով քրոնկիկագիր Ապտիւրրահման Տիլիփաքէն, որ խիստ քննադատելի գտած է Պահչէլիի Անիի նախաձեռնութիւնը։ Իր կարծիքով, թուրքերը Անատոլուն գրաւեցին որպէսզի Սումէլան մնայ իբրեւ վանք, Աղթամարն ալ մնայ որպէս երկեղեցի։ Հետաքրքրական է Տիլիփաքի մեկնաբանութիւնը, որ նոյնութեամբ կը գրէ սա տողերը. »Ես միշտ կը հարցնեմ թէ ինչո՞ւ Սումէլայի կամ Աղթամարի նիւթին մէջ միշտ արարողութիւն չըլլայ, այլ տարին մէկ անգամ միայն ըլլայ։ Պահչէլին չի՞ գիտեր թէ Քուրանը կը հրամայէ որ »անոնց աղօթատեղիները մենք մեզի հայրենիք չդարձնենք«։ Ինչո՞ւ Հէյպէլիի Դպրեվանքը տակաւին գոց է։ Ինչո՞ւ Պատրիարքարանը էքիւմէնիք չէ, կամ թէ ո՞ր կրօնքը արդէն էքիւմէնիք չէ։ Ինչո՞ւ ասորի, հայ, յոյն կամ հրեայ աստուածաբանութիւն չկայ այս երկրին մէջ։ Պահչէլի բնաւ գաղափար չունի Էօմէր Մարգարէին կտակէն։ Ան չի գիտեր նաեւ թէ Ֆաթիհը յունական ու հայկական պատրիարքարաններու պետն էր։<Ո«իւս կողմէ իրական կատակերգութիւն է Ալփասլանի նուաճումի բանակը բերել ու սեղմել Անիի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։ Յայտնի կը դառնայ որ Պահչէլին չի գիտեր նաեւ թէ երկիր մը նուաճելը ինչ կը նշանակէ։ Ան նուաճումը պատերազմ, բռնագրաւում, կռիւ կը կարծէ կ’երեւի թէ։ Բայց Մէ-Հէ-Փէի մէջ չկա՞յ մէկը որ գիտնայ այս բոլորը։ Այսքան տգիտութիւն չ’ըլլար անպայման«։ Տիլիփաք Պահչէլիին կը յիշեցնէ թէ Ֆաթիհին բանակին մէջ ոչ-իսլամ զինուորներուն թիւը Բիւզանդիոնի զինուորներուն թիւէն աւելի բարձր էր։ Ալփասլան Անատոլուն նուաճեց ոչ թէ հայերուն դէմ, եւ հայ հոգեւորականներէն շատեր Ալփասլանը դիմաւորեցին որպէս փրկարար։ Տիլիփաք ապա կը շարունակէ. Չենք գիտեր թէ ո՞վ Անիի մէջ նամազի գաղափար տուաւ Պահչէլիին, բայց յիշեցում մը ընենք։ Ինչպէս որ կէս բժիշկը մարդը կեանքէ կը զրկէ, ինչպէս որ կէս հօճան մարդը կրօնքէ կը զրկէ, այդպէս ալ կէս քաղաքագէտը մարդը քաղաքականութենէ դուրս կը հանէ։ Այս տեսակ գրգռիչ ու կծու քացախի համ ունեցող քաղաքականութիւններ իրենց նպատակին չեն ծառայեր։ Բայց Պահչէլի կռիւի մշակոյթէն եկած քաղաքագէտ մըն է, այս պատճառաւ ալ անոնք այսպէս կը շարժին ահա։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը