ՊԱՀՉԷԼԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՆԱՄԱԶԻ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ԱՆԻ


ՊԱՀՉԷԼԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՆԱՄԱԶԻ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ԱՆԻ

  • 30-09-2010 22:05:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Հակառակ որ կառավարական շրջանակները հակազդեցութիւն ցոյց տուին ծրագրին դէմ, Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի կը յամառի վաղը Անի երթալու ու հոն նամազի աղօթք մատուցանելու իր որոշումին վրայ։ Ինչպէս երէկ ալ գրած էինք, կը կարծենք որ ասիկա ուղղակի հակազդեցութիւն էր Աղթամարի արարողութեան դէմ։ Այժմ այցելուներու թիւին մէջ ալ զուգահեռականութիւն մը կը ստեղծուի Աղթամարի արարողութեան ու Անիի նամազի միջեւ, որովհետեւ ըսուեցաւ որ կը սպասուի որ վաղուան նամազի արարողութեան համար մերձակայ նահանգներէն ու Ատրպէյճանէն 5000 հոգի Անի գայ։ Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ երբ իմացաւ Պահչէլիի վճռական որոշումը, ըսաւ. »Աստուծոյ կողմէ ընդունելի թող ըլլայ«։ Մէ-Հէ-Փէի Ընդհանուր Քարտուղար Ճիհան Փաչաճը քննադատեց Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի նախորդ արտայայտութիւնը։ Ինչպէս հաղորդուած էր, Կիւնայ ըսած էր որ կը յարգէ մարդոց առանձինն պաշտամունք ընելու իրաւունքը, ամէն մարդ մաքուր տեղ մը կրնայ գտնել ու նամազ մատուցանել, բայց հաւաքական աղօթքը Սահմանադրութեան դէմ է։ Իսկ Ճիհան Փաչաճը ըսաւ որ Մշակոյթի Նախարարը կ’երեւի թէ կրօնական սովորութիւնները չի գիտեր, Ուրբաթի նամազը առանձին չի մատուցուիր, ժողովուրդին հետ միատեղ կը մատուցուի։ Սէմիհ Եալչընն ալ պնդեց թէ Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները յստակ են, Անիի մէջ նամազ մատուցանելու համար արտօնութիւն ստանալու պէտք չկայ։ Ան աւելցուց որ այստեղ կուսակցական քաղաքականութեան տեսակէտէ կրօնական շահագործում խնդրոյ առարկայ չէ, կուսակցութեան դրօշակն ալ պիտի չգործածուի, պիտի գործածուի միայն Թուրքիոյ դրօշակը։ Ան աւելցուց որ այս բոլորէն զատ, նամազի կազմակերպիչները, բողոքելու համար Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ վերջերս արձանագրուած ժխտական զարգացումներու դէմ, պիտի երթան մինչեւ Ալիճանի սահմանային դուռը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը