ԷՐՃԻՅԷՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍ՝ ՓՐՕՖ. ՅԱՍՄԻԿ<br /> ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԷՆ


ԷՐՃԻՅԷՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍ՝ ՓՐՕՖ. ՅԱՍՄԻԿ
ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԷՆ

  • 29-09-2010 20:57:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Ինչպէս աւելի առաջ հաղորդուած էր, Գայսէրիի Էրճիյէս համալսարանը հաստատեց հայերէն լեզուի ամպիոն մը, որուն արդէն արձանագրուած էին երկու ուսանողներ։ Բայց համալսարանի տեսչութիւնը չէր կրցած ապահովել ակադեմական մը որ ստանձնէր հայերէն լեզուի ուսուցչի պաշտօնը։ Երէկ սակայն հայերէն լեզուի առաջին դաս մը տրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ անդամ, հայատառ թրքերէն գրականութեան մասնագէտ Փրօֆ. Յասմիկ Ստեփանեանի կողմէ, որ Գայսէրի հրաւիրուած էր մասնակցելու համար Էրճիյէս Համալսարանի մէջ կազմակերպուած միջազգային սէլջուքեան սէմփոզիումին։ Օգտուելով Յասմիկ Ստեփանեանի ներկայութենէն, համալսարանի Տեսչութիւնը առաջարկեց որ Փրօֆ. Ստեփանեան առաջին դաս մը տայ ամպիոն արձանագրուած երկու ուսանողներուն համար։ Այս կերպով, խորհրդանշական ալ ըլլայ, ամպիոնը սկսաւ գործել։ Երէկ Գայսէրիի տեղական հեռատեսիլը որպէս իրիկնային առաջին լուր հաղորդեց այս դասախօսութեան լուրը ու տեսարաններ ցոյց տուաւ դասախօսութենէն, որու ընթացքին Փրօֆ. Յասմիկ Ստեփանեան գրատախտակին վրայ կը գրէր Մեսրոպեան ամբողջ Այբուբենը ու կուտար անոնց թրքերէն փոխադարձութիւններն ու հնչիւնները։ Երկու ուսանողներ, մէկը աղջիկ, միւսը տղայ, ուրախութեամբ հետեւեցան այս առաջին դասախօսութեան։ Փրօֆ. Յասմիկ Ստեփանեան թղթակցին հարցումին պատասխանելով ըսաւ որ շատ գոհ է որ հայերէն լեզուի ամպիոն մը բացուած է այս համալսարանին մէջ, որովհետեւ ապագային հայերէն սորված ուսումնասէրներ պիտի կարենան հայկական աղբիւրներէ ալ հետեւիլ թուրք պատմութեան ինչ ինչ դրուագներուն։ Իսկ երկու ուսանողները, երբ իրենց կը հարցուէր թէ իրենք դժգոհ չե՞ն թէ միայն երկու հոգի են դասարանին մէջ, կը պատասխանէին թէ ոչ, ընդհակառակը գոհ են, որովհետեւ դասարանի մը մէջ աշակերտին թիւը որքան քիչ ըլլայ, աշակերտները այնքան աւելի կ’օգտուին դասախօսութենէն։ Գայսէրիի հեռատեսիլը այս նիւթը օրուան առաջին լուր ըրաւ, մինչ խօսնակը կ’ըսէր որ այս դասախօսութիւնը հայերու նկատմամբ »լայնախոհութեան« )հօշկէօրիւ_ նոր արտայայտութիւն մըն էր, թէեւ այս բառը այստեղ բնաւ ալ տեղին չէր։ Նշենք որ Յասմիկ Ստեփանեան, որ մեր ընթերցողներուն շատ ծանօթ դէմք է, Գայսէրի հրաւիրուած էր զեկուցելու համար Միջազգային Սէլջուքեան Սէմփոզիումի առիթով, որ կը շարունակուի երկու օրէ ի վեր եւ որ պիտի աւարտի վաղը։ Յասմիկ Ստեփանեան նախընթաց օր շատ կարեւոր ու բովանդակալից զեկուցում մը ըրաւ խօսելով հայկական աղբիւրներու համաձայն սէլջուքեան յուշարձաններու մասին, նաեւ բացատրելով թէ հայ ճարտարապետներ ի՞նչպիսի մասնակցութիւններ ունեցած էին Սէլջուքեան յուշարձաններու կառուցման մէջ։ Յասմիկ Ստեփանեան այս առիթով խօսեցաւ մասնակիցներու համար ցարդ անծանօթ մնացած ինչ ինչ ճշմարտութիւններու մասին։ Մասնակի կերպով կը տեղեկանանք որ Էրճիյէս համալսարանի տեսչութիւնը Յասմիկ Ստեփանեանին ալ առաջարկած է մնայուն կերպով ստանձնել հայերէն ամպիոնի ղեկավարութիւնը, բայց Յասմիկ Ստեփանեան տակաւին որոշումի մը չէ յանգած այդ նիւթի մէջ։ Երէկ նոյն յայտագրի ընթացքին համալսարանի փոխ-տեսուչն ալ խօսեցաւ ու ըսաւ որ ուրախ են որ բացած են հայերէն ու եբրայերէն լեզուներու ամպիոններ, բայց դժուարութիւններ ունին. մէկ կողմէ կը դժուարանան ուսուցիչ գտնելու, մէկ կողմէ ալ կը դժուարանան Ելմտական Նախարարութենէն յատկացում ստանալու։ Ան ըսաւ որ իրենց համալսարանին դուռը բաց է բոլոր այն ակադեմականներուն որոնք պիտի ընդունէին հայերէն ու եբրայերէն դասաւանդել Էրճիյէսի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը