ՊԻՏԻ ԱՐՏՕՆՈՒԻ՞ ՈՐ ՄԷ-ՀԷ-ՓԷ ՆԱՄԱԶԻ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐԷ ԱՆԻԻ ՄԷՋ


ՊԻՏԻ ԱՐՏՕՆՈՒԻ՞ ՈՐ ՄԷ-ՀԷ-ՓԷ ՆԱՄԱԶԻ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐԷ ԱՆԻԻ ՄԷՋ

  • 29-09-2010 20:55:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Երէկ շահագրգիռ շրջանակներէ ներս բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծեց այն լրատուութիւնը թէ Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի ընտրական արշաւի որպէս առաջին քայլ, 1 Հոկտեմբերին Անիի աւերակներու Հայոց հին Մայր Տաճարին, ներկայիս Ֆէթհիյէ մզկիթ կոչուած եկեղեցիին մէջ նամազ պիտի մատուցանէ, 40 նահանգային պետերու ընկերակցութեամբ։ Այս մասին նախընթաց օր մամուլին տեղեկութիւն տուած էր կուսակցութեան Կարսի կազմակերպութեան պետ Օքթայ Աքթաշ։ Կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ արտօնութեան համար դիմում կատարեց Կարսի Կուսակալութեան, այս վերջինն ալ դիմումը փոխանցեց Մշակոյթի Նախարարութեան, որովհետեւ Մշակոյթի Նախարարութիւնն է որ այս մասին պիտի տայ արտօնութիւնը։ Հիմա յայտնի չէ թէ այդ արտօնութիւնը պիտի տրուի՞ թէ ոչ։ Կը թուի թէ Մշակոյթի Նախարարութեան համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ դիմումը մերժել, քանի որ տակաւին երկու շաբաթ առաջ հայերու արտօնուեցաւ որ Պատարագ մատուցանեն Աղթամարի եկեղեցիին մէջ։ Արդէն յայտնի է որ Մէ-Հէ-Փէ ուզած է անմիջապէս զուգահեռականութիւն մը ստեղծել երկուքին միջեւ։ Բայց այստեղ կարեւոր տարբերութիւնն այն է թէ Անիի Մայր Տաճարն ալ հայկական եկեղեցի էր նախապէս, ո՛չ թէ իրական մզկիթ մը։ Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ այս մասին եղած հարցումներուն պատասխանելով ըսած էր որ իր կարծիքով ամէն մարդ կրնայ մաքուր տեղ մը գտնել ու հոն նամազ մատուցանել, այդ անհատական պաշտամունքին նկատմամբ ինք յարգանք ունի, բայց կը կարծէ թէ Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ որ քաղաքական բնոյթ ունեցող ցոյցի ձեւով հարցեր շահագործուին կրօնական ցգացումներով։ Այս նախադասութիւնը կը յուշէ այն մտածումը թէ Մշակոյթի Նախարարը կողմնակից պիտի չըլլայ հաւաքական նամազի մը կատարման։ Բայց Օքթայ Աքթաշ յայտնեց որ, նոյնիսկ եթէ արտօնութիւն չտրուի, իրենք անպայման նամազի աղօթք պիտի կատարեն Անիի մէջ։ Կը նշանակէ որ այս նախաձեռնութիւնը բաւական լուրջ հանգամանք ունի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը