ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԻՐԱՐՄԷ ԿԸ ԶԱՆԱԶԱՆԷ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՈՎ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ<br /> ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՈՎ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ


ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԻՐԱՐՄԷ ԿԸ ԶԱՆԱԶԱՆԷ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՈՎ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ
ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՈՎ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

  • 27-09-2010 20:03:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Վարչապետ Էրտողան քանի մը օրէ ի վեր կանգ կ’առնէ մայրենի լեզուով կրթութեան հարցի վրայ ու դիտել կուտայ որ թէեւ մայրենի լեզուի »ուսուցումը« արտօնուած է, բայց մայրենի լեզուով »կրթութիւն« չկայ ու չի կրնար ըլլալ այս երկրին մէջ։ Վարչապետը քանի մը օր առաջ կուսակցութեան նահանգային նախագահներուն հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին ըսած էր որ մայրենի լեզուով կրթութիւն ուզելը անջատողականութիւն է։ Ան նոյն կարծիքը պաշտպանեց Շաբաթ օր մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ Տոլմապահչէի Պալատին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ալ։ Այս անգամ սակայն Վարչապետը կը խօսէր նաեւ Թուրքիացի ըլլալու մասին։ »Ես ատենօք դատարան կանչուեցայ որովհետեւ »Թուրքիացի եմ« ըսած էի, բայց աւելի վերջ Սպայակոտի Նախագահ մըն ալ ըսաւ որ Թուրքիացի է ու այսօր այլեւս շատեր կ’ըսեն նոյնը։ Ահաւասիկ Թուրքիա ուրկէ ուր հասած է ներկայիս։ Ես »Ես թուրք եմ« ալ կրնամ ըսել առանց անհագստանալու, բայց Թուրքիացի եմ ըսի, Քիւրտ հայրենակից մըն ալ նոյնը կրնայ ըսել«։ Լրագրողներ Շաբաթ առաւօտ մայրենի լեզուով կրթութեան առընչութեամբ հարցում մը ուղղեցին Վարչապետին, հարցում մը որ կրնար նեղը դնել Վարչապետը։ Հարցուեցաւ թէ Վարչապետը հակասութեան մէջ չէ՞ արդեօք երբ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերուն համար մայրենի լեզուով կրթութիւն կը պահանջէ ու միւս կողմէ այս երկրին մէջ ապրող Քիւրտերուն համար մայրենի լեզուով կրթութեան դէմ կը խօսի։ Վարչապետ Էրտողան այս շատ նուրբ հարցումին պատասխանեց ըսելով որ Գերմանիոյ մէջ Թուրքերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն, այդ պատճառաւ իրաւունք ունին մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու, մինչ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերը փոքրամասնութիւն չեն, անոնք ալ այս երկրին տէրերն են։ Այս առընչութեամբ Վարչապետը այս անգամ յստակ զանազանութիւն մըն ալ ըրաւ մայրենի լեզուի ուսուցման ու մայրենի լեզուով կրթութեան միջեւ, դիտել տալով որ այսօր Թուրքիոյ մէջ մայրենի լեզուի ուսուցումը ազատ է, բայց մայրենի լեզուով կրթութիւնը ընդունելի չէ։ Այս երկրին մէջ ուրիշ բազմաթիւ խմբակներ կան, վաղը բոլորն ալ իրենց մայրենի լեզուով կրթութիւն կրնան պահանջել, ըսաւ Վարչապետը։ Վարչապետ Էրտողանի նման ղեկավարի մը բերնին մէջ որքա՞ն բնական է արդեօք մայրենի լեզուով կրթութեան դէմ նմանօրինակ արտայայտութիւն մը։ Ահմէտ Ալթան երէկ »Թարաֆ« թերթի իր սիւնակին մէջ կ’անդրադառնար այս հարցին ու կ’ըսէր որ Թուրքիա այլեւս այնքան յառաջ գնաց, այնքան փոխուեցաւ որ Վարչապետին կողմէ յիշուած մայրենի լեզուով կրթութեան արգելքը այլեւս պարզապէս կուսակցութեան մը տեսակէտը ըլլալէ անդին չ’երթար ու վաղը այդ ալ կրնայ փոխուիլ։ Վաղը ուրիշ կուսակցութիւն մըն ալ ընտրութեան ընթացքին քուէ շահելու համար կրնայ խոստանալ մայրենի լեզուով կրթութիւն։ Այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ նոր Թուրքիա մըն է որ կը հիմնուի սա շրջանին։ Բանակը եւ դատական համակարգը, որոնք ութսուն տարիէ ի վեր տիրապետութիւն հիմնած էին այս երկրին մէջ, հիմա իրենց տեղը կը վերադարձուին, անոնք ասկէ վերջ երկրին պաշտպանութեամբ կամ դատական գործերով միայն պիտի զբաղին, քաղաքական գաղափարախօսութեան գործիք պիտի չդառնան։ Անոնց կողմէ մինչեւ այսօր պաշտպանուած տեսակէտները այլեւս ընդունելութիւն պիտի չգտնեն։ »Մայրենի լեզուով կրթութիւն չ’ըլլար« խօսքն ալ այդ շրջանակներէն պարտադրուած հին խօսք մըն է այլեւս, ան ալ հինցաւ ու պիտի հիննայ, միջոց մը վերջ ալ ոչ մէկը պիտի պաշտպանէ այդ տեսակէտը։ Ահմէտ Ալթան կ’ըսէր որ այս հարցը ծիծաղաշարժ կողմ մըն ալ ունի։ Այս երկրին մէջ թուրքերը, որոնք մայրենի լեզուով կրթութեան իրաւունք ունեցող միակ խումբը կը կազմեն, իրենց զաւակները կը ղրկեն ո՛չ թէ մայրենի լեզուով կրթութիւն տուող դպրոցները, այլ՝ ֆրանսական, գերմանական կամ անգլիական դպրոցներ, որոնք մայրենի լեզուով կրթութիւն չեն տար։ Դուք բնաւ հանդիպեցա՞ք Թուրքի մը որ պնդէ թէ իր զաւակը պէտք է ուսանի մայրենի լեզուով կրթութիւն տուող դպրոցի մը մէջ։ Մայրենի լեզուով կրթութիւնը այս երկիրը չի պառակտեր, բաժան բաժան չ’ըներ, պարզապէս խորհրդանշան մը կը դառնայ այն մասին թէ թուրքերն ու քիւրտերը հաւասար են իրարու։ Իսկ այսօր այս նիւթին համար կռիւ կայ, արիւն կը հոսի։ Մեղք է որ երիտասարդները արիւն հոսեցնեն խնդրի մը համար որ վաղը արդէն մէջտեղէն պիտի վերնայ ինքնաբերաբար, կ’եզրակացնէ Ահմէտ Ալթան։ ՏԷՎԼԷԹ ՊԱՀՉԷԼԻՆ ԱԼ ԻՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ Մայրենի լեզուով կրթութեան հարցի մէջ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլին ալ յայտնեց իր կարծիքը, որ բնականաբար ժխտական պիտի ըլլար։ Պահչէլի երէկ »Լեզուի Տօն«ի առթիւ հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ դիտել տուաւ որ թրքերէն լեզուն թուրք ժողովուրդի կազմաւորման ու գոյատեւման մէջ ամէնէն հիմնական մշակութային ազդակն է։ Թրքերէնէ տարբեր լեզուի մը հանրային գետնի վրայ գործածութիւնը ուզել կամ այդպիսի պահանջատիրութեան դիմաց հասկացողութիւն ցոյց տալը ամէնէն վերջը շարժման կ’անցընէ անկախ քաղաքական գոյակցութիւններու կազմաւորման ազդակները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը