ԱԽԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉԸ` ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ


ԱԽԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉԸ` ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ

  • 27-09-2010 14:02:43   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Կիրակի, 19 Սեպտ. 2010–ին, երբ համայն հայ ժողովուրդը իր աչքերը սեւեռած դէպի Ախթամար կղզի անձկութեամբ կը հետեւէր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ճակատագրին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Յանձնխումբը, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, նոյն օրը կազմակերպելու համահայկական տարողութիւն ունեցող եւ օրուայ ամենահրատապ հարցը հանդիսացող` “Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ” Դասախօսութիւն-քննարկումը, բազմավաստակ ազգային գործիչ` Տիար Յարութ Սասունեանի մեկնաբանութեամբ: Արդարե՛ւ, յաւարտ Ս.Պատարգի եւ յետ պատշաճ հիւրասիրութեան, ներկաները շտապեցին տեղ գրաւելու Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենար դասախօսութիւնը: Համեստափայլ Օր. Լուսի Սանոսեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթելէ ետք յարգոյ ներկաներուն, համառօտ ակնարկ մը նետեց Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատմութեան, ապա ներկայացուց հանրածանօթ հասարակական գործիչ, բազմակի շքանշանակիր, The California Courier թերթի հրատարակիչ` Պրն. Յարութ Սասունեանի կենսագրականը, եւ ժպիտը դէմքին բեմ հրաւիրեց Զինք, ունկնդրելու համար անհամբեր սպասուած այս դասախօսութիւնը: Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, որ կերտուած է 10–րդ դարուն Արեւմտահայաստանի մէջ, Թուրքիոյ տարածքին Հայ ժողովուրդի կողմէ կառուցուած, 2538 հինաւուրց եկեղեցիներէն եւ 451 պատմական վանքերէն` Եունեսքօ-ի պահպանուող յուշարձաններու ցուցակին մէջ տեղ գտած եւ կանգուն մնացած սակաւաթիւ կոթողներէն մէկն է: Յարգարժան դասախօսը վերադառնալով այս քաղաքական ներկայացման սկիզբը հանդիսացող 2007 թուականը, նշեց որ թուրքերը ի ցոյց արեւմտեան պետութիւններու, սկսան վերանորոգել Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, հանդէս գալով որպէս, հայասէր եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ու պատմական յուշարձաններու պաշտպան: Սակայն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացումը որպէս թանգարան եւ տարին մէկ պատարագ մատուցանելու, իրաւունքը, բնականաբար անընդունելի էր Հայ ժողովուրդի կողմէ: Պրն. Սասունեանը արդար հպարտութեամբ նշեց, որ սկիզբէն մինչեւ այսօր, ինք անդրդուելի մնացած է իր սկզբունքային 3 պայմաններուն մէջ: 1 - Ս. Խաչը պաշտօնապէս պետք է ճանչցուի որպէս ԵԿԵՂԵՑԻ իր գմբէթին մշտական խաչի զետեղումով, եւ ոչ թէ թանգարան: 2 - Ս. Խաչ եկեղեցին պէտք է տնօրինուի անմիջապէս Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ եւ ոչ թէ Թուրքիոյ զբօսաշրջիկութեան նախարարութեան: 3 - Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ պէտք է մատուցուի հերթական օրինաւոր պատարագներ: Եւ իր այս սկզբունքային պայմանները հիմնաւորեց ըսելով: Եթէ 2007 թուականէն առաջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ դեռեւս կարելի էր աղօթել, ապա թանգարանի վերածուելէ վերջ հնարաւոր պիտի չըլլայ այնտեղ աղօթել եւ մոմ վառել, որովհետեւ որպէս թանգարան, պիտի վերահսկուի ոստիկանութեան կողմէ, թանգարաններու պահպանութեան ներքին օրէնքներուն համաձայն: Ապա, Յարգարժան դասախօսը պարզեց Սեպտ. 19-ի պատարագի հետ կապուած մեր նուիրապետական Ս. Աթոռներու մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ .Տ .Տ . Արամ Ա. կաթողիկոսը, առանց երկմտելու եւ տատամսելու կայացուց իր խիզախ որոշումը, մերժելով Կիլիկեան Միաբանութեան մասնակցութիւնը այս քաղաքական խեղկատակութեան: Ս. Էջմիածինը, ընդառաջելով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հրաւէրին, դժբախտաբար համաձայնած էր իր մասնակցութիւնը բերել մէկ եպիսկոպոսով եւ մէկ վարդապետով: Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը մտադիր էր մասնակցիլ արարողութեան, Աղթամար ուղարկելով բարձրաստիճան հոգեւորական մը: Իրո՛ք, ստեղծուած էր շատ նուրբ կացութիւն մը եւ Հայ ժողովուրդէն կը պահանջուէր ծայր աստիճանի զգօնութիւն: Հարցը հետեւեալն էր: 2007 թուին, Պոլսոյ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կողմէ պատրաստուած խաչը, 3 տարիներէ ի վեր կը պահուէր Վանի թանգարանին մէջ: Թրքական պետութիւնը խոստացած էր զայն զետեղել Ս. խաչ Եկեղեցւոյ գմբէթին` 19 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք պատարագէն առաջ: Եւ ահա պատարագին կարճ ժամանակ մնացած, հասաւ ցնցիչ լուրը: Թրքական կառավարութիւնը, դրժելով իր տուած խոստումը, կ՛որոշէ խաչը տեղադրել ոչ թէ եկեղեցւոյ գմբէթին, այլ շրջափակի գետնին վրայ, առաջ քաշելով անհիմն պատճառներ: Պատճառներու շարքին են տեղադրուելիք խաչին ծանրութիւնը, իտալացիներու կողմէ վերանորոգուած եկեղեցւոյ գմբէթին դիմադրողականութիւնը խաչի ծանրութեան ....եւլն: Կը տեսնէք, ինչպիսի նրբազգացութիւն եւ հոգատարութիւն Հայկական եկեղեցիի անվտանգութեան նկատմամբ ....: Եւ խաչը, նոյնիսկ եկեղեցւոյ շրջափակէն, ցոյց տուաւ իր զօրութիւնը` մէկ բռունցք դարձնելով Հայ ժողովուրդը: Արդարե՛ւ, ի ուրախութիւն բոլորիս, Մայր Աթոռն ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը առկախեցին իրենց մասնակցութիւնը թրքական այս քաղաքական նպատակներ հետապնդող տգեղ, Շօու-ին: Ապա անդրադառնալով Հայաստանի Պետութեան, Պրն. Սասունեանը նշեց, որ պաշտօնական Երեւանը այս հարցի կապակցութեամբ մինչեւ վերջ պահեց լռութիւն, բացառութեամբ Արտաքին գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութեանց համանման յայտարարութիւններուն: Մենք մասնակցելու հրաւէր չենք ստացել: Թրքական կառավարութիւնը հաւանաբար անդրադառնալով իր սխալին, պատարագէն մի քանի օր առաջ, վարչապետ Էրտողանի գրասենեակը հիսուն հրաւիրագիր կ`ուղարկէ հայրենաբնակ մեր հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, մամուլի ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի Ազդակ օրաթերթի խմբագրին, մասնակցելու Սեպտ. 19–ի արարողութեան, խոստանալով հոգալ իրենց երթեւեկի ու կեցութեան բոլոր ծախսերը: Սակայն, Ս. Խաչը իր զօրութեամբ փակած էր բոլոր հրաւիրեալներու ճանապարհը դէպի Ախթամար: Պրն. Սասունեանը այնուհետեւ դրուատանքով նշեց Հայաստանի Հանրային Խորհուրդի մերժողական կեցուածքը, բարձր գնահատեց Սեպտ. 19 -ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութիւնն ու ժողովրդական հաւաքը, ու ներբողեց Հայ Ասպետներու Արագածի գագաթին կատարած բողոքի ցոյցը: Միաժամանակ ընդունելով, որ Հայ ժողովուրդը կարող էր աւելին ընել: Յարգարժան դասախօսը իր խօսքերն աւարտեց կոչ ընելով ողջ հայութեան, միասնական ուժերով տէր կանգնելու մեր սրբութիւններուն եւ պատմական հողերուն, համառօրէն պահանջելով մեր արդար իրաւունքներու առաւելագոյնը, եւ այս պահանջատիրութեան արդար իրաւունքը սրբութեամբ կտակելու մեր յաջորդ սերունդներուն: Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքիր ու շինիչ քննարկում: Պրն. Սասունեանը մեծ ուշադրութեամբ լսեց ներկաներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկները եւ համբերութեամբ ու սիրով պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցերուն, անոնց տալով յստակ եւ համոզիչ պատասխաններ: Համոզուած եմ, որ սփիւռքի մէջ Հայ մշակոյթին նուիրուած որեւէ ձեռնարկ, ի մասնաւորի նման համահայկական տարողութեամբ, վկայութիւն մըն է մեր կենսունակ գոյութեան եւ գոյատեւելու մեր աննկուն կամքին ու ցանկութեան: Ահա թէ ինչպիսի ազգապահպան եւ շնորհակալ աշխատանքի նուիրուած են Քրեսենթա հովիտի, Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր մատակարար` Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ . Տեմիրճեանը, Պատուարժան Հոգաբարձութիւնն ու Դաստիարակչական Յանձնախումբը` ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի բարձր հովանիին ներքոյ: Վարձքերնիդ կատար: Նազարէթ Քիրազեան
  -   Յօդուածներ