ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ


ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

  • 17-09-2010 18:27:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի »Թերթ« լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց խումբ մը Եւրոպացի երիտասարդներու կողմէ Վարչապետ Էրտողանին ղրկուած նամակի մը պատճէնը, որով երիտասարդները կը գանգատէին ոստիկանական կոպիտ միջամտութենէն որ ի գործ դրուած էր տակաւին կարճ ժամանակ առաջ Վանի Աղթամարի եկեղեցիին մէջ աղօթել ուզող հայ մանուկներու վրայ։ Շատ քաղաքավար ոճով գրուած նամակին մէջ կը կարդանք սա տողերը. »Մենք Արեւելքի պատմութիւնը ուսումնասիրող խումբ մը հայ երիտասարդներ ենք։ Աղթամարի մէջ ոստիկաններուն կոպիտ վերաբերումին ենթարկուեցանք։ Աշխարհի զանազան կողմերէ ժամանած զբօսաշրջիկներու աչքերուն առջեւ մեզ եկեղեցիէն դուրս հանեցին, չարտօնեցին որ աղօթենք կամ մոմ վառենք, եւ այս բոլորը պատահեցան Աղթամարի մէջ ձեր կողմէ կազմակերպուած արարողութենէն հազիւ շաբաթ մը առաջ։ Մեծայարգ Վարչապետ, մենք կարդացած ենք որ դուք հոգեւոր արժէքները յարգող ղեկավար մըն էք, նոյնիսկ հոգեւոր բանաստեղծութեան մը պատճառաւ դատապարտուած էք։ Մենք ձեզի նման մէկու մը ղեկավարած երկրին մէջ չկրցանք հասկնալ թէ ինչու ոստիկանները արգելք կ’ըլլան աղօթքի ու կը ջղայնանան աղօթել ուզող մանուկներու դիմաց։ Կ’ուզենք հասկնալ թէ հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւն ընծայող ձեր կառավարութիւնը ինչու կը մերժէ խաչ զետեղել եկեղեցիին գմբէթին վրայ։ Այս բոլորը կասկածներ կը ներշնչեն 19 Սեպտեմբերի արարողութեան անկեղծութեանը մասին։ Մեր աղօթքներն ու եկեղեցիին խաչը սպառնալի՞ք են ձեր երկրին համար։ Ինչո՞ւ այս դարաշրջանին նմանօրինակ դէպքեր կը պատահին երկրի մը մէջ որ կ’ուզէ անդամակցիլ Եւրոմիութեան։ Ձեր ոստիկաններուն ընթացքը ժամանակակից աշխարհի վայել չէ։ Բիրտ ուժերու գործադրութիւնը անցեալի մէջ մնաց։ Այսօր մարդիկ այլեւս կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքները։ Օրէնքներով պաշտպանուած է աշխարհի ամէն կողմը աղօթելու մեր իրաւունքները։ Այս նամակին տակ ստորագրած են հետեւեալ անունները. Տիանա Ամիրխանեան, Արմինէ Ալեքսանեան, Նարեկ Ալեքսանեան, Շոթա Ղազարեան, Անճէլա Խաչատրեան, Թէհմինէ Մակոյեան, Թովմաս Աւետիսեան, Արսէն Յարութիւնեան, Առէն Փեթունց, Արման Մատաթեան )Պելժիոյ քաղաքացի_։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը