ԱՅԱՍՕՖԻԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՉՏՐՈՒԵՑԱՒ


ԱՅԱՍՕՖԻԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՉՏՐՈՒԵՑԱՒ

  • 17-09-2010 18:22:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ հաղորդուած էր որ Ամերիկայէն Հելլէններու խումբ մը Իսթանպուլ պիտի գար Այասօֆիայի մէջ արարողութիւն կատարելու նպատակով։ Կազմակերպիչն էր »Այասօֆիայի Միջազգային Գոալիսիոն« կոչուած կազմակերպութեան հիմնադիր Քրիս Սփիրու, որ կարգ մը թերթերու համաձայն 40 հոգիի, կարգ մը թերթերու համաձայն ալ 200 հոգիի ընկերակցութեամբ Իսթանպուլ պիտի գար ու Այասօֆիայի մէջ արարողութիւն պիտի կատարէր։ Ան այս մասին նամակ գրած էր Կրօնից Տեսչութեան։ Բայց Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ երէկ պաշտօնապէս հաղորդեց թէ այսպիսի արարողութեան մը արտօնութիւն պիտի չտրուի։ Կազմակերպիչները դիմում կատարած են Կրօնից Տեսչութեան, մինչդեռ պէտք է դիմէին Մշակոյթի Նախարարութեան, քանի որ թանգարանները ներկայիս կը գտնուին այս նախարարութեան հակակշռին տակ։ Կունայ երէկ Տէմրէի մէջ լուսաբանութիւն մը ըրաւ լրագրողներուն ու ըսաւ որ Այասօֆիան այն մասնաւոր կարեւորութիւն ներկայացնող վայրն է որ 1500 տարիէ ի վեր ծառայած է բոլոր կրօնքներուն։ »Անշուշտ որ ոեւէ մէկը, ինչ կրօնքի ալ պատկանի, առանձնապէս կրնայ ներքին աղօթքով աղօթել, բայց հաւաքական արարողութեան արտօնութիւն չենք կրնար տալ, որովհետեւ ասիկա կրնայ անհանգստացնել ներկայիս հոն ապրողները, մնաց որ այդ պարագային նմանօրինակ դիրքի մէջ գտնուող ուրիշ հաւաքականութիւններ ալ այս անգամ իրերայաջորդ կերպով նոյն պահանջքը կրնան ներկայացնել։ Թուրքիոյ մէջ աղօթավայր շատ կայ, մենք թանգարաններու մէջ այսպիսի արտօնութիւն չենք տար։ Որովհետեւ ասիկա թշնամական արարքի մը հանգամանքը ունի«, ըսաւ Մշակոյթի Նախարարը։ Մշակոյթի Նախարար Կիւնայի այս բացատրութեան փոխարէն Քրիս Սփիրու ըսած էր. »Մենք կռուելու չենք երթար, պաշտամունքի կ’երթանք։ Եթէ չարտօնուի որ ներս մտնենք, մենք ալ դուրսը արարողութիւն կը կատարենք։ Անկէ վերջ ալ անմիջապէս ետ կը դառնանք«։ Բայց այս առաւօտ հաղորդուեցաւ որ Սփիրու ու ընկերակիցները վերջին վայրկեանին ջնջեցին Իսթանպուլ գալու իրենց ծրագիրը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը