ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ <br /> ԲՈԼՈՐ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ»


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ
ԲՈԼՈՐ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ»

  • 09-09-2010 15:41:52   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մի քանի քրիստոնեայ հոգեւորականներու կողմէ Քուրանին նկատմամբ ունեցած անվայել կեցուածքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Մեծապէս դատապարտելի է այս անպատասխանատու վերաբերումը իսլամ կրօնքին գերագոյն արժէքը նկատուող Քուրանին նկատմամբ: Իւրաքանչիւր կրօնք իր ճշմարտութիւնները, սկզբունքները, արժէքները եւ ուսուցումները ունի եւ անոնք սրբազան են այդ կրօնքին համար: Կրօնք մը պէտք է յարգանք ունենայ այլ կրօններու դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ: Փոխադարձ յարգանքը հիմքը կը կազմէ բոլոր կրօններու բարոյական համակարգին»: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Քրիստոսի խօսքը, թէ պէտք է սիրել ու յարգել դրացին. «Համաշխարհայանացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններ միասնաբար կ'ապրին նոյն ընկերութեան մէջ, որպէս անմիջական դրացիներ: Հետեւաբար, փոխադարձ յարգանքը, հասկացողութիւնը ու համակեցութիւնը պէտք է առաջնորդող սկզբունքները դառնան բոլոր կրօններուն: Իւրաքանչիւր կրօնք ազատ է իր դաւանած արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն կառչելու, սակայն այդ չի նշանակեր անարգական վերաբերում ունենալ այլ կրօններու նկատմամբ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը միասնաբար ապրած են նո՛յն ընկերութեան մաս կազմելով՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ: Հայ ժողովուրդը եւս 7րդ դարէն սկսեալ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Միջին Արեւելք, խաղաղ գոյակցութիւն ու շինիչ գործակցութիւն ունեցած է իսլամութեան հետ: Ներկայ աշխարհը կը պարտադրէ որ կրօններ ոչ միայն խաղաղ գոյակցութիւն ունենան, այլ նաեւ միասնաբար դիմագրաւեն ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
  -   Մամլո հաղորդագրություն