ԵՐՈՒՍԱԷՄԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ


ԵՐՈՒՍԱԷՄԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

  • 08-09-2010 22:04:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Երուսաղէմի հայ համայնքը երկար ժամանակէ ի վեր պայքար կը մղէ Երուսաղէմի կառավարութեան կողմէ ընդունուած այն որոշումին դէմ, ըստ որու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անմիջապէս կից պիտի կառուցուի բազմայարկանի պանդոկ մը։ Պանդոկի կառուցման պարագային, եկեղեցին պիտի մնայ պանդոկին շրջափակին մէջ։ Այս որոշումէն անհանգիստ են նաեւ թաղամասի մէջ բնակող հրեաները, որոնք բողոքի արարքներ կը կազմակերպեն Հայոց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն հետ միատեղ։ 5 Սեպտեմբերի իրիկունը մօտաւորապէս 250 հրեաներ ու 50 հայեր հաւաքական ցոյց մը ըրին ու բողոքեցին Քաղաքապետութեան դէմ։ Հայոց Պատրիարքարանի բանբեր Հայր Կորիւն Պաղտասարեան »Ազատութիւն« րատիօկայանին հաղորդեց թէ այս հանրահաւաքը շատ կարեւոր էր, բայց շատ աւելի կարեւոր հանրահաւաք մը պիտի կայանայ 16 Սեպտեմբեր Հինգշաբթի օր։ Այդ օր վերջնական որոշում պիտի ընդունուի պանդոկին կառուցման համար, եւ այդ առթիւ յայտնի պիտի դառնայ նաեւ եկեղեցիին կարգավիճակը։ Ցուցարարները պիտի ջանան արգելք հանդիսանալ որոշումին։ Եթէ այս բողոքի ցոյցերը արդիւնք չտան, դժգոհ կողմը հաւանաբար դիմում պիտի կատարէ դատական իշխանութիւններու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը