08-09-2010 21:47:15 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա -
Գերմանական »Պատիշէ Ցայթունկ«ի 1 Սեպտեմբերի թիւը կը հաղորդէ
թէ Ֆրայպուրկ քաղաքի մէջ վերջերս կայացաւ ջութակահարներու
միջազգային մրցում մը, ուր հայաստանցի 27ամեայ Մարտին Եաւրեան
արժանացած է երկրորդ մրցանակի։ Առաջին մրցանակի արժանացաւ
իսրայէլցի 24ամեայ Իթամար Ցորման։ Լաւագոյն պատանի մեկնաբան
հռչակուեցաւ 14ամեայ Միլէնա Վիլքէն։ 28 երաժիշտներու
մասնակցութեամբ կայացած մրցումի ընթացքին Եաւրեան մեկնաբանեց
Փրոքոֆեւի ջութակի երկրորդ կի-պէմոլ քոնչէրթօն՝ արժանանալով
մասնագէտ ունկնդիրներու տպաւորիչ գնահատականին։