ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿէ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿէ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ

  • 08-09-2010 20:42:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Կիլիկեան Ս. Աթոռը հրապարակած է Աւետարաններու ընթերցման ձայնասկաւառակները: Սոյն աշխատանքին մեկենասութիւնը ստանձնած են, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նախկին սարկաւագներէն՝ Ֆրէզնոյաբնակ՝ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին եւ Բարշ. Ռաֆֆի Սրկ. Տէր Սիմոնեան: «Լսենք Աստուծոյ Խօսքը Աստուածաշունչի ճամբով» խորագրին տակ հաւաքուած 11 ձայնասկաւառակներէ բաղկացած հաւաքածոն, կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի չորս Աւետարաններուն ամբողջական ընթերցումը: Ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասի եւ ըստ Յովհաննէսի Աւետարանները ընթերցուած ունենալու այս աշխատանքը նպատակ ունի հայ հաւատացեալին օգտակար հանդիսանալ, ունկնդիր ըլլալու Աստուծոյ Խօսքին: Այստեղ ներկայացուածը Աւետարաններուն ամբողջականութիւնն է, գլուխներու հերթականութեամբ ընթերցուած, որպէսզի ներկայ խճողեալ կեանքին մէջ իսկ, երբեմն ինքնաշարժով ճամբորդած ժամանակ, առիթ ունենայ հայ հաւատացեալը ունկնդիր դառնալու Աստուծոյ Խօսքին: Նաեւ, նկատի առնելով հայերէն կարդալու դժուարութիւն ունեցող սերունդը, ինչպէս նաեւ տարեց այն սերունդը, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունի, կատարուած է այս աշխատանքը: Յայտնենք, որ Նոր Կտակարանի միւս գիրքերը, ինչպէս նաեւ Հին Կտակարանի ընթերցուած տարբերակը հրապարակելու աշխատանքը ընթացքի մէջ է:
  -   Մամլո հաղորդագրություն