Յարութ Սասունեան. Հայաստան Կարիքը Ունի Ե՛ւ Ներդրումներու, Ե՛ւ Բարեգործութեան...


Յարութ Սասունեան. Հայաստան Կարիքը Ունի Ե՛ւ Ներդրումներու, Ե՛ւ Բարեգործութեան...

  • 08-10-2018 13:22:59   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Տարիներու ընթացքին, Հայաստանի 1991 թուականի անկախացումէն սկսեալ, ես եզակի հնարաւորութիւն ունեցած եմ հարիւրաւոր ժամեր անցընելու երկրի նախկին երեք նախագահներուն հետ, անոնց հետ անձնապէս քննարկելով Հայաստանի վերաբերեալ բազմաթիւ հիմնախնդիրներ: Ես անոնց ներկայացուցած եմ իմ մասնագիտական գնահատականները եւ յաճախ իմ քննադատութիւնները՝ երկրի կառավարման վերաբերեալ: Թէեւ նախագահները գոհ չէին, որ մատնացոյց կ՛ընէի թերութիւններն ու սխալները, սակայն կը հասկնային, որ մտադրութիւն չունէի զիրենք նսեմացնելու, այլ կ՛ուզէի օգնել իրենց՝ բարելաւելու համար բնակչութեան կենսապայմանները:
 
1988ի երկրաշարժէն ի վեր, ես բարեգործական աշխատանքներ կը կատարեմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, սկիզբը՝ իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի (UAF), իսկ հետագային՝ իբրեւ Հայաստան Արցախ հիմնադրամի (AAF) նախագահ եւ Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ՝ աւելի քան 800 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելով Հայաստանի եւ Արցախի` UAF-ի եւ AAF-ի կողմէ, եւ կառավարելով 242 միլիոն տոլար արժողութեամբ ենթակառուցային ծրագիրներ, «Լինսի» կողմէ ֆինանսաւորուած: Հակառակ Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն տիրող կաշառակերութեան, ես խստօրէն պայքարած եմ մարդասիրական ապրանքներու եւ գումարներու պահպանման համար, մնայուն կերպով նախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կատարուող չարաշահումներու վրայ եւ պահանջելով, որ զանոնք կարգի հրաւիրեն կամ պաշտօնէ հեռացնեն:
 
Հայաստան եւ Արցախ կատարած 58 այցելութիւններուս ընթացքին, ես աչքովս տեսած եմ մարդոց մեծամասնութեան թշուառ պայմանները մեր հայրենիքին մէջ՝ զրկուած դրամէ, սնունդէ, դեղորայքէ, հագուստէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէ: Տեսնելով ժողովուրդի զրկանքներուն անտեսումը նախագահներու կողմէ, ես յաճախ եւ յամառօրէն երկրի ղեկավարութեան ուշադրութեան կը ներկայացնէի չքաւոր խաւին տխուր վիճակը: 
 
Զիս յատկապէս կը զայրացնէին պետական պաշտօնեաներու խօսակցութիւնները այն մասին, որ Հայաստան միայն ներդրումներու կարիք ունի, այլ ոչ թէ բարեգործութեան: Ես նման դատողութիւնները կը համարէի անգութ՝ ժողովուրդի տառապանքներուն նկատմամբ: Իւրաքանչիւր այսպիսի յայտարարութենէ ետք կը հակադրուէի այդ պաշտօնեաներուն՝ անոնց բացատրելով իրենց յայտարարութիւններուն բացասական հետեւանքը:
 
Հետեւաբար, զարմացայ, երբ 2018 Սեպտեմբեր 23ին Նիւ-Եորքի մէջ կայացած իր ելոյթին մէջ Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ժողովուրդի մարդը, յայտարարեց, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համաթեքսթին մէջ պէտք է խրախուսուի աշխատանքը, այլ ոչ թէ բարեգործութիւնը. ««Հայութիւնը կրնայ Հայաստանին աջակցիլ ընդամէնը մէկ տարբերակով` Հայաստանի մէջ ծաւալելով տնտեսական գործունէութիւն, հիմնադրելով որեւէ գործարք եւ աշխատելով: Այսօր Հայաստանի ընկալումը հետեւեալն է. անիկա երկիր մըն է, ուր կարելի է ծաւալել տնտեսական գործունէութիւն, գործարք հիմնադրել, շահոյթ ստանալ, հարստանալ եւ հարստացնել: Մեր ուղերձը բոլորին հետեւեալն է. հարստացէք եւ հարստացուցէք: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանը ընկալուի իբրեւ այսպիսի երկիր, Հայաստանի մէջ պէտք է իրականացնել ոչ թէ բարեգործական, այլ զարգացման ծրագիրներ...»:
 
Վարչապետ Փաշինեանի նկատմամբ արդար ըլլալով՝ նշեմ, որ ան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ նաեւ շատ ուրիշ թեմաներու մասին, որոնց հետ ես լիովին համաձայն եմ: Ան հսկայական զօրակցութիւն կը վայելէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի վրայ...: Ան գրեթէ ջնջած է կաշառակերութիւնը հայկական հասարակութեան մէջ եւ ներկայացուցած ձայնը ժողովուրդին, որ քառորդ դարէ աւելի, անկախութենէն ի վեր, անձայն մնացած էր: Այսուամենայնիւ, ինչպէս ըսած եմ նախորդ նախագահներուն, այժմ կը փափաքիմ հետեւեալ բացատրութիւնները տալ նոր վարչապետին.
  
1) Ես լիովին կ՛աջակցիմ վարչապետի այն նախաձեռնութեան, ըստ որուն Հայաստան կարիքը ունի տնտեսական ներդրումներու՝  աշխատատեղեր ստեղծելու եւ արդիւնաբերութեան արտահանումը ընդլայնելու առումով: Ստեղծելով աշխատատեղեր՝ մարդիկ ոչ միայն եկամուտ կ՛ունենան իրենց ամէնօրեայ ծախսերու վճարման համար, այլեւ կառավարութիւնը եւս կ՛ունենայ հարկային եկամուտներ՝ երկրի եւ բնակչութեան բազմաթիւ կարիքները հոգալու համար:
 
2)  Այսուամենայնիւ, վարչապետին կոչը այն մասին, որ «աշխատանքը պէտք է խրախուսուի, այլ ոչ թէ բարեգործութիւնը», հարիւր հազարաւոր աղքատներ կը զրկէ իրենց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Ներդրումները ժամանակ կը պահանջեն ժողովուրդին հասնելու եւ արդիւնքներ արձանագրելու համար: Այդ ընթացքին եթէ բարեգործական ջանքերը չխրախուսուին, յետին չքաւորութեան մէջ ապրողները չեն կրնար գոյատեւել... 
 
3) Ոչ բոլոր սփիւռքահայերը կրնան ներդրումներ կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Կան տասնեակ բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք օրէնքով չեն կրնար ներգրաւուիլ տնտեսական գործունէութեան մէջ, քանի որ անոնք միայն բարեգործութիւն կրնան ընել: Երկրաշարժէն ետք եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր հայկական եւ միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնները մեծ քանակութեամբ օգնութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի եւ Արցախի: Եթէ այդ մարդասիրական օգնութիւնը չըլլար, կենսամակարդակը աւելի ցած կ՛ըլլար՝ վտանգելով բազմաթիւ հայերու գոյատեւումը: Չխրախուսելով բարեգործութիւնը, մենք պարզապէս կը խնդրենք բարեգործական կազմակերպութիւններէն, որ չօգնեն Հայաստանի կարիքաւորներուն:
 
4) Հայաստանի կառավարութիւնները գումարի սղութեան պատճառով տակաւին չեն կրնար բաւարարել իրենց բնակչութեան կարիքները: Սփիւռքի բարեգործական կազմակերպութիւնները օգնութիւն կը տրամադրեն, ինչ որ կառավարութիւնը չէր կրնան ընել: Անկախութենէն ի վեր եթէ Հայաստան բարեգործական օգնութիւն ստացած չըլլար, ժողովուրդին շատ մը կարիքները չէին կրնար բաւարարուիլ, իսկ Հայաստան աւելի աղքատ երկիր մը կ՛ըլլար...
 
5) Եթէ նոյնիսկ Սփիւռքը այսօր իսկ սկսի ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ, սա չի նշանակեր, որ նոր միջոցներու ներհոսքը մէկ գիշերուան ընթացքին պիտի բաւարարէ ժողովուրդին բոլոր կարիքները: Ի հարկէ, որոշ մարդիկ, ի վերջոյ, կ՛աշխատին, սակայն շատերը, ինչպէս, օրինակ՝ տարեցները, նախկինին պէս եկամուտ չեն ունենար, իրենց չնչին թոշակներէն բացի: Անոնք, որոնք տեղեակ չեն Հայաստանի մէջ տիրող ծայրաստիճան աղքատութեան մասին, պէտք է կարդան «Կարտիան» թերթի մէջ 29 Սեպտեմբեր 2018ին հրապարակուած Նիք Տանցիկըրի յօդուածը՝ «Աւելի լաւ է մեռնիլ. գոյատեւման պայքար Հայաստանի չքաւորութեան մէջ» վերնագիրով:
 
6) Թիւր կարծիք մը գոյացած է, ըստ որուն, եթէ Հայաստանի մէջ շատ ներդրումներ ըլլային, ապա կարիք չէր ըլլար բարեգործութեան: Գրեթէ բոլոր երկիրներուն, նոյնիսկ առաւել զարգացածներուն մէջ, կան բարեգործական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, որոնք կը բաւարարեն աղքատներուն կարիքները: Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ  բարեգործական կազմակերպութիւններ միլիառաւոր տոլարներու օգնութիւն կը տրամադրեն կարիքաւոր մարդոց եւ ընտանիքներու: Եթէ ամերիկացիները բարեգործութեան կարիքը ունին, հայերը, անկասկած, տակաւին երկար ժամանակ բարեգործական օգնութեան կարիքը պիտի ունենան...
 
Հետաքրքրական է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեան, վերջերս ստեղծեց իր բարեգործական կազմակերպութիւնը՝ «Իմ քայլը» հիմնադրամը, որ կը նպատակադրէ զօրակցիլ՝ երկրի կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներուն: Այս հիմնադրամը կ՛ընէ այն, ինչ որ միանգամայն անհրաժեշտ է, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը խիստ կարիքը ունի օգնութեան...
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ