ԷՐԶՐՈՒՄՑԻՆԵՐԸ ՉՈՒԶԵՑԻՆ ԴԵՐ ՍՏԱՆՁՆԵԼ 3000 ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ<br /> ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ


ԷՐԶՐՈՒՄՑԻՆԵՐԸ ՉՈՒԶԵՑԻՆ ԴԵՐ ՍՏԱՆՁՆԵԼ 3000 ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ
ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

  • 30-08-2010 16:14:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - »Թաքվիմ« թերթի մէջ հրատարակուած թղթակցութիւն մը, որ կը կրէ »Տատաշը հայ ֆիկիւրան իսկ չի կրնար ըլլալ«, կը գանգատի որ Էրզրումցիները մերժած են հայ զինուորի դերակատարութիւն ընել »Նէնէ Խաթուն« անուն ժապաւէնին մէջ։ Յօդուածագիրը խանդավառութեամբ կը գովէ ժապաւէնին համար տարուած աշխատանքը, կը նշէ որ մինչ Ամերիկացիները ամենափոքր պատմական դրուագի մը վրայ հարիւրաւոր ժապաւէններ կը դարձնեն, մեր մօտ շարժանկարիչները անտես կ’առնեն մեր պատմութիւնը, ուրկէ կարելի է պատրաստել հարիւրաւոր սէնարիօներ։ Ասոր համար է որ Եշիլչամ-ը պէտք է կոչուի Գարաչամ։ Յօդուածագիրը կը գովէ Էրզրումի ցուրտ պայմաններու մէջ տարուած աշխատանքը, ուր դերասանները օրական 15 ժամ կ’աշխատին, ուր սակայն ժապաւէնին մէջ գործածուած կովերուն տէրը չ’արտօներ որ իր կովերը աշխատին օրական հինգ ժամէն աւելի երկար, որովհետեւ կրնան մսիլ ու սատկիլ։ Լրատուութեան մէջ ամէնէն հետաքրքրական մասն այն է որ այս ժապաւէնին համար բեմադրիչը պէտք ունէր 3000 հայ զինուորներու դերը խաղացող օգնական դերասաններու, բայց Էրզրումցիներէն ոչ մէկը ընդուներ է այս դերը ստանձնել, բոլորն ալ ըսեր են որ կ’ուզեն Թուրք զինուորի դեր խաղալ, ո՛չ թէ հայ զինուորի։ »Ասիկա շարժանկար է, ի՞նչ պիտի ըլլայ որ եթէ դերը ընդունիք«, ըսեր են, նոյնիսկ անոնց խոստացուած գումարը բարձրացուցեր են, բայց օգուտ չէ ունեցեր։ Բեմադրիչը ստիպուեր է օգնական դերասան ապահովել ուրիշ նահանգներէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը