ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ ՅՈՒՆԱՑ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸԼԼԱԼ


ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ ՅՈՒՆԱՑ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸԼԼԱԼ

  • 30-08-2010 16:11:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - ՍԻ-ԷՆ-ԷՆ ամերիկեան հեռատեսիլը 20 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիր մը հաղորդեց Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին մասին։ Բայց յայտագրին խորագիրը հետաքրքրական ու քիչ մըն ալ ընդվզեցուցիչ էր։ »Պարթոլոմէոս Թուրքիոյ մէջ Օրթոտոքսներու վերջի՞ն Պատրիարքն է«։ Կայանի Իսթանպուլի թղթակից Իվան Վաթսոնի կողմէ պատրաստուած յայտագրին մէջ կ’ըսուէր որ Պարթոլոմէոս Կոստանդնուպոլսոյ 270րդ Պատրիարքն էր, սակայն կրնար դառնալ վերջին Պատրիարք, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ յոյներուն թիւը շատ պակսած էր ու Թուրք պետութիւնն ալ կը պահանջէր որ Պատրիարքը թրքահպատակ ըլլայ։ Թուրքիոյ բնակչութեան 99 տոկոսը մահմետական է, իսկ յոյները, որոնք 50 տարի առաջ 100 հազար էին, հիմա իջած են մինչեւ 3000։ Հարցազրոյցի ընթացքին Պարթոլոմէոս կ’ըսէ. »Մենք փոքրիկ համայնք մըն ենք, Յոյներու ու Թուրքերու միջեւ հակամարտութիւնը մեզի մեծ վնաս պատճառեց, այս պատճառաւ մեծ թիւով հաւատացեալ կորսնցուցինք«։ Պատրաստուած յայտագրին հեղինակը կը յայտնէ թէ Թուրքիա ընտրուած Պատրիարքին դէմ վէթօ արձակելու իրաւասութիւն ունի ու կը պահանջէ որ Պատրիարքը Թրքահպատակ ըլլայ։ Պարթոլոմէոս այս պայմանները կը նկատէ Պատրիարքի ընտրութեան միջամտութիւն, »չենք կրնար ըսել որ Պատրիարքի ընտրութիւնը անկախ գործընթաց է«։ Պարթոլոմէոս Սրբազան դիտել կուտայ որ Իսթանպուլ քաղաքը կամուրջ մըն է Արեւելքի ու Արեւմուտքի, Քրիստոնէութեան ու Մամհետականութեասն միջեւ։ Ինք յոյս ունի որ ապագային Իսթանպուլի մէջ պիտի բարձրանայ յոյներուն թիւը, որովհետեւ բազմաթիւ երիտասարդներ այժմ կ’ուզեն գալ ու բնակիլ Իսթանպուլի մէջ, ասիկա հակա-հոսանք մըն է որ աւելի առաջ գոյութիւն չունէր։ Բայց Պարթոլոմէոս կը մերժէ այն պնդումը թէ ինք կրնայ ըլլալ վերջին Պատրիարքը։ Այսպիսի հաւանականութիւն մը չկայ, որովհետեւ, կ’ըսէ Պարթոլոմէոս Սրբազան, իրենք վստահութիւն ունին Աստուծոյ կարգադրութեանց վրայ եւ կը վստահին ապագային։ Մամուլը կը յիշեցնէ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջերս կարեւոր որոշում մը ընդունած էին գոհացնելու համար Յունաց Եկեղեցիին հոգեւորականի պահանջքը։ Որոշուած էր որ ուրիշ երկիրներու մէջ բնակող կարգ մը մէթրոփոլիթներու Թրքահպատակութիւն տրուի։ Մինչեւ այսօր 17 մէթրոփոլիթներ դիմում կատարած են։ Այս պայմաններու մէջ բնականաբար բացարձակապէս անհիմն հարցում է հարց տալ թէ Պարթոլոմէոս կրնա՞յ արդեօք դառնալ Յունաց վերջին պատրիարքը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը