ՖԷԹՀԻՅԷ ՉԷԹԻՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆՑԱԾ Է


ՖԷԹՀԻՅԷ ՉԷԹԻՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆՑԱԾ Է

  • 26-08-2010 16:51:27   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցի դատավարութեան փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին, անդրադառնալով Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ որոշուած դատապարտութեան, ըսաւ որ բարեկամական լուծում առաջարկելու համար այլեւս գործը գործէն անցած է, այս կէտէն վերջ այլեւս անընդունելի կ’ըլլայ եթէ կառավարութիւնը առաջարկէ բարեկամական լուծում։ Ինչպէս յայտնի է, նախընթաց օր Արտաքին Նախարարութիւնը քննարկած էր թէ Թուրքիա ինչպիսի ուղիներու կրնայ հետեւիլ ԵՄԻԱ-ի դատապարտութեան դիմաց։ Առաջարկուած ուղիներէն մէկն ալ Հրանդ Տինքի ընտանիքին առաջարկել էր բարեկամական լուծում։ Արդ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին յայտնեց թէ բարեկամական լուծման գործընթացի ժամանակը անցած է այլեւս, ընտանիքը այսպիսի պահանջք մը չունի։ Փաստաբանը ըսաւ որ Թուրքիա առնուազն կրնայ ցաւ յայտնել պատահած սպանութեան համար եւ խոստովանիլ որ թերացումներ պատահած են, բայց բոլոր ասոնք միակողմանի յայտարարութիւններ ըլլալէ անդին չեն անցնիր։ Այսօր Հրանդ Տինքի միայն կարծիքի ազատութիւնը չէ որ բռնաբարուած է, այլ նաեւ առնուած է անոր ապրելու իրաւունքը։ Փաստաբանը անգամ մը եւս կրկնեց թէ 301րդ յօդուածը պէտք է ջնջուի։ Միւս կողմէ Դատական Նախարար Սատուլլահ Էրկին ըսաւ որ իր նախարարութիւնը սա պահուն կը քննարկէ այն միջոցառումները որոնց Թուրքիա կրնայ դիմել ԵՄԻԱ-ի որոշումին դիմաց։ Բարեկամական լուծումը ասոնցմէ մէկն է միայն, ամէն պարագայի Նախարարութիւնը կողմնակից է որ գտնուի միջոց մը որ պիտի թեթեւցնէ Հրանդ Տինքի ընտանիքին տառապանքը։ »Դատ բացողները նիւթական հատուցում ալ պահանջած են, կը կարծեմ որ այս կէտը դատարանին կողմէ պիտի ճշդուի, թէեւ նոր ինքնապաշտպանութիւն մը պիտի չընենք, բայց բարեկամական լուծում առաջարկելով պիտի ջանանք սրբագրել նախկին ինքնապաշտպանութեան տկար կողմերը«, ըսաւ Դատական Նախարարը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը