ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԻՐ<br /> ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴՆԷ<br />


ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԻՐ
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴՆԷ

  • 25-08-2010 17:38:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Ռուսաստանի Նախագահ Մետվետեւի Հայաստան այցելութիւնն ու Կիւմրիւի մէջ ստորագրուած զինուորական համաձայնութիւնը երկու օրէ ի վեր օրակարգի բերած է այն հաւանականութիւնը, թէ Թուրքիա իր կարգին զինուորական խարիսխ մը պիտի հաստատէ Ատրպէյճանի Նախիջեւան մարզի մէջ։ Ատրպէյճանական կողմը ասիկա փոխադարձութիւն մը կը նկատէ Կիւմրիւի համաձայնութեան դէմ։ Հայաստանի Նորավանք Վերլուծական Կեդրոնի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան Ռուսական Րէկնում լրատու գործակալութեան հարցումին պատասխանելով յայտնեց թէ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմախարիսխի մը հաստատումը եթէ իրականանայ, ատիկա արդէն առկայ ճշմարտութիւններու յայտնաբերումը պիտի նշանակէ։ Յարութիւնեան դիտել տուաւ որ տակաւին իննսունական թուականներուն սկիզբը երբ Ղարապաղեան պատերազմի ընթացքին Հայաստան զինուորական տեսակէտէ յառաջընթաց դիրք ցուցաբերեց, Թուրքիա սկսաւ զինուորական կայաններ հիմնել Նախիջեւանի մէջ։ Այսպիսի խարիսխի մը հաստատումը անսովոր չի նկատուիր, միայն թէ լուրերը մտահոգիչ են։ Ասիկա կը նշանակէ որ Թուրքիոյ-Ատրպէյճանի գլխաւորութեամբ զինուորական նոր պլօք մը կը կազմաւորուի։ Իսկ Ատրպէյճանի կողմէ կը բարձրանան բոլորովին տարբեր մերձեցումի ձայներ։ Ազերի մասնագէտներու կարծիքով, այլեւս անխուսափելի էր որ Թուրքիա զինուորական զօրակցութիւն յայտնէր Ատրպէյճանի։ Զինուորական Հետազօտութեան Կեդրոնի Նախագահ՝ Ճէսուր Սիւմէրինլի, այս նիւթի առընչութեամբ Պաքուի Լրատու աղբիւրներուն յայտնեց թէ ներկայ կացութեան դիմաց կարեւոր կը նկատուի որ Թուրք զինուորը Ատրպէյճանի մէջ ներկայութիւն ունենայ։ »Երբ Ռուսաստան կ’ապահովէ որ Հայաստանի մէջ իր զինուորներու գործունէութեան ժամկէտը երկարաձգէ 49 տարիով, միաժամանակ ապահովելով նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը, այս նոր կացութեան առջեւ Ատրպէյճան ընելիք ուրիշ բան չունի եթէ ոչ առաջնահերթութիւն ճանչնալ իր զինուորական նախընտրութիւններուն։ Այստեղ կարեւոր է Անգարայի հետ զինուորական զօրակցութեան ընդլայնումը։ Մոսկուայի ու Երեւանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութենէն վերջ այս տարածքաշրջանին մէջ նոր կացութիւն ստեղծուած է։ Սիւմէրինլի աւելցուց որ Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արգելք հանդիսանալ Հայաստանի առաջնութեան։ Քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ Ճիւմշիւթ Նուրիյեւն ալ դիտել տուաւ որ Պաքու ուրիշ այլընտրանք չունի եթէ ոչ զինուորական համաձայնութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ։ Ռուսաստան, Երեւանի հետ համաձայնութիւն կնքելով լարուած մթնոլորտ ստեղծեց տարածքաշրջանին մէջ, Ռուսաստանին բուն նպատակն է նուազեցնել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ուրեմն Ատրպէյճանի համար այլեւս անզանցառելի է Թուրքիոյ հետ զօրակցութեան համաձայնութիւն կնքելը։ Ատրպէյճան այլեւս սպասելու ժամանակ չունի, որովհետեւ եթէ այսպէս շարունակուի, Ատրպէյճանը պիտի վերածուի Ռուսաստանի մէկ նահանգին, ըսաւ Նուրիյեւ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը