»ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԱՆ«


»ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԱՆ«

  • 25-08-2010 17:37:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Հայաստանի »Իրաւունք« թերթը »Հայաստանի մէջ թուրք լրտեսներ կան« ընդհանուր խորագրի մը ներքեւ հրատարակած է տարօրինակ լուր մը։ Լուրը հետեւեալն է. »Իրաւունք« թերթը հաւաստի աղբիւրէ մը տեղեկացած է որ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է ինքզինք որպէս պարսկահայ ծանօթացնող մէկը որ հաւանաբար թուրք է կամ ատրպէյճանցի։ Կ’ենթադրուի որ անիկա մէկն է նախկին Հայաստանաբնակ թուրքերէ, որոնք ժամանակին յայտնի պատճառներով հեռացան Հայաստանէն։ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի պատասխանատուներն ալ հաստատեցին այն կասկածը թէ վերոյիշեալ անձը թուրք կրնայ ըլլալ։ Այս համակարգէն բարձրաստիճան գործիչ մը »Իրաւունք« թերթին յայտարարած է որ քննութիւնները յառաջ պիտի տարուին մինչեւ վերջին կէտը։ Ատենին արդէն այս տարածքաշրջաններուն վրայ կը շրջէին տարաձայնութիւններ այն մասին թէ բազմաթիւ նախկին հայաստանաբնակ թուրքեր այլ երկիրներու հայերու անուան տակ հաստատուած են Հայաստանի մէջ։ Երբ բազմաթիւ կ’ըսուի, կը հասկցուի հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր անձեր։ Թերթը կ’աւելցնէ որ այսպիսիները, որպէս օտարերկրեայ քաղաքացիներ, մէկ կողմէ կ’օգտուին դիւանագիտական աջակցութիւններէ, միւս կողմէ ալ կը վայելեն տեղացի իրաւապահներուն հոգածութիւնը, հոգածութիւն մը զոր այդ իրապահները ցոյց չեն տար բուն տեղացի հայերուն։ Աւելին կայ։ Թերթը կը պնդէ որ Հայաստանաբնակ նախկին թուրքերը Խորհրդային շրջանին արդէն սկսած էին հրաժարիլ թլփատուելու սովորութենէն, քանի որ թլփատումը կրնար ծառայել որպէս փաստ անոնց թրքական ինքնութեան, իսկ եթէ թլփատուած չըլլային, կրնային պահել իրենց բուն ինքնութիւնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը