ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԿԻՒԼ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԽՕՍԵՑԱՆ


ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԿԻՒԼ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԽՕՍԵՑԱՆ

  • 25-08-2010 17:35:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տիմիթրի Մետվետեւի եւ Ապտուլլահ Կիւլի միջեւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ին տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը, որու ընթացքին անոնք քննարկած են Անդրկովկասի մէջ իրադրութիւնը։ Ըստ կայքէջին, զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Ռուսաստանի Նախագահի Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութեան իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած համաձայնագրերու իրականացման գործընթացը, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման համար երկու երկիրներու ջանքերուն մասին։ Ռուսաստանի նախագահը Ապտուլլահ Կիւլին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի մէջ պատահած անտառային հրդեհներու դէմ պայքարի աշխատանքներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը