ԸՍՏ ՈՐՈՇ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ<br /> ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


ԸՍՏ ՈՐՈՇ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

  • 23-08-2010 19:36:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - »Միլլիյէթ«ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը համաձայն Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը )ԵՄԻԱ_ արդէն իսկ իր որոշումը տուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առընչութեամբ բացուած դատի մէջ, եւ դատապարտած է Թուրքիան երկու յանցանքներով, նախ 301րդ յօդուածի լոյսին տակ Տինքի կրած դատապարտութեան համար, ապա անոր համար որ Տինքի կեանքը չէ պաշտպանուած, հակառակ որ թէ՛ ոստիկանութիւնը, թէ՛ ոստիկան զօրաց ուժերը գիտէին որ Տինք պիտի սպաննուէր։ ԵՄԻԱ այս երկու հարցերով դատապարտելի գտած է Թուրքիան, բայց, եթէ ճիշդ է թղթակցին այս լրատուութիւնը, ԵՄԻԱ իր որոշումը պիտի հրապարակէ Սեպտեմբեր ամսուան մէջ։ Թերթը կը նշէ նաեւ որ այս դատավարութեան մէջ Թուրքիոյ կողմէ ղրկուած ինքնապաշտպանութիւնը գործ չկրցաւ տեսնել։ Այդ ինքնապաշտպանութիւնն ալ ամօթալի նկատուած էր շատերու կողմէ, քանի որ ինքնապաշտպանութեան մէջ Թուրքիա ԵՄԻԱ-է կը պահանջէր որ իբր օրինակ ընդունուէր նախապէս Նացիական քարոզչութիւն ըրած մէկու մը մասին բացուած դատէն, միւս կողմէ ալ Թուրքիա կը պնդէր թէ Տինք չպաշտպանուեցաւ որովհետեւ ան դիմում չէր կատարած պաշտպանուելու համար։ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլուն իսկ, հակառակ որ այս պաշտպանութեան տակ ստորագրութիւն ունէր, յայտնած էր որ չէր կրցած իւրացնել այս ինքնապաշտպանութիւնը։ Արդէն օրերէ ի վեր կ’ըսուէր որ այդ ինքնապաշտպանութիւնը որեւէ դեր պիտի չկարենար խաղալ, քանի որ ԵՄԻԱ արդէն տուած էր իր որոշումը։ Այժմ կը պնդուի թէ Թուրքիա, որպէսզի սրբագրէ իր ինքնապաշտպանութեամբ ստեղծուած յոռի տպաւորութիւնը, պէտք է հրաժարի ԵՄԻԱ-ի որոշումին դէմ առարկելէ ու մէկ վերին դատարան երթալէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը