ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 95, ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ<br />


ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 95, ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

  • 23-08-2010 18:29:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակներով զարդարուած Այնճար գիւղաքաղաքը, Շաբաթ 21 Օգոստոս 2010-ին, ուրախութեամբ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանին եւ իրեն ընկերացող պետական անձնաւորութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, հայ յարանուանութեանց համայնքապետերուն, գիւղի հոգեւոր հովիւին եւ հոգեւորականաց դասուն, երեսփոխաններու եւ նախարարներու, գիւղի քաղաքապետին, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմահազար հայութեան կողմէ, որոնք այս առիթով Լիբանանի զանազան շրջաններէն ու արտասահմանէն ժամանած էին: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային երգերուն նուագակցութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորած թափօրը սկաուտական տողանցքի շքերթով յառաջացաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցին: Կանոնական աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին, շեշտելով որ զոյգ ամեակներու փառաշուք նշումին առաւել փայլ կու տայ այսօր Արցախի նախագահին եւ անոր ընկերակիցներուն ներկայութիւնը: Եկեղեցական արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան յուշակոթողին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում: Ապա հիւրերն ու ժողովուրդը ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան ժողովուրդին նոր պատմութիւնը կերտած այնճարցի նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին բացումը։ Արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր, նահատակներուն յիշատակը նուիրագործող, եւ սերունդներուն՝ իբրեւ մշտական ուղեցոյց: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 9-ին, Մուսա լերան յուշահամալիրին կողքին տեղի ունեցաւ զոյգ ամեակներուն նուիրուած հրապարակային եզրափակիչ հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան. ան դիտել տուաւ, որ Այնճարը կենդանի օրինակն է այն իրողութեան, որ հայը ո՛ւր ալ ըլլայ, միշտ իրեն հետ կը տանի հայկական շունչը, ոգին, լեզուն, աւանդութիւնները, լաւապէս պահպանելով զանոնք, կը կառուցէ եկեղեցիներ, վառ կը պահէ հայկական օճախը՝ երաշխաւորելով ազգին երթը։ Ան հաստատեց, որ հայութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ ճակատագրական պահերուն, համազգային իղձերու իրականացման եւ գաղափարներու պահպանման համար պէտք է միանալ, որպէսզի զօրանայ համայն հայութիւնը։ Բ. Սահակեան շեշտեց, որ Հայաստանը զօրաւոր է սփիւռքով, սփիւռքը՝ Հայաստանով, իսկ երկուքը միասնաբար աւելի հզօր կը դառնան։ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարդաց այս զոյգ ամեակներուն առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի այն իրողութեան վրայ, թէ Այնճարի գոյութիւնը փաստ է այն երեւոյթին, որ հայ ժողովուրդը ամէնէն ծանր պայմաններն ու դժուարութիւնները կրնայ յաղթահարել եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել։ Այնճարի հզօրութեան եւ հայութեան նորօրեայ մարտահրաւէրներուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան հաստատեց, որ յուշակոթողը կու գայ անգամ մը եւս ապացուցելու, թէ հայութիւնը իր ճակատագիրի ինքնորոշման, ազատութեան, արժանապատուութեան, մարդկային իրաւունքներուն, հայրենիքի ու ժողովուրդի անվտանգութեան ու պահպանման համար իր լաւագոյնները զոհաբերելու պատրաստ է։ Ան դիտել տուաւ, որ այս ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն զոհաբերութիւնն ու պայքարը արդէն արդիւնաւորուած է այսօր, որովհետեւ տարբեր ճակատներու վրայ նուաճումներ արձանագրուած են։ Այնճարի նահատակները վերյիշելով՝ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ թերեւս անոնց նահատակութիւնը օրին հակառակ խոր վիշտ ու ցաւ պատճառելուն, արցունք չհոսեցուց այդ օրերուն պատնէշի վրայ եղողներուն աչքերէն, որովհետեւ օրին ազգին մէկութիւնը, համայնքին անդորրութիւնն ու ազգին ապահովութիւնը աւելի կարեւոր էին մարդկային այդ զգացումներէն։ Հանդիսութեան եզրափակումը իր Հայրապետական պատգամով կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ անդրադարձաւ ամեակներուն ետին գտնուող խորհուրդին։ Այս զոյգ ամեակներէն մեկնելով Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ անոնք կու գան յուշելու, թէ անցեալը անցած չէ, պէտք է ապրիլ պատմութեան հետ, զայն վերածել նպատակասլաց տեսիլքի, տոկուն պայքարի։ Անցեալով պէտք է ապրիլ ներկան, որպէսզի քալենք դէպի լուսաշող ապագայ, ըսաւ ան։ Այս ամեակներէն բխող պատգամներէն է նաեւ այն, որ հայ ժողովուրդին պայքարը սկսած է Հայկ Նահապետի օրերէն, շարունակուած է ու պիտի շարունակուի, որովհետեւ հայութիւնը գիտէ պայքարիլ իր ազատութեան համար, արդարութեան ձեռքբերման ի խնդիր, դիտել տուաւ Վեհափառ Հայրապետը, աւելցնելով որ Մուսա լերան քառասուն օրերը կը յուշեն, թէ հայ ազգի զաւակները ճակատագրական պահերուն մէկ ամբողջութիւն եւ ոյժ կը դառնան՝ ծառանալու ամէնէն հզօր պետութեան դէմ անգամ։ Ան շեշտեց, որ պատմութեան մէջ կերտուած յաղթանակները միշտ հաւաքական եղած են, հոն գոյութիւն ունեցած է պայքար, կամք, յոյս եւ հաւաքական գիտակցութիւն ու միասնականութիւն։ Այսօր եւս այս բոլորը կենսական են, դիտել տուաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ հաստատելով, որ սրբազան արժէքներու եւ հաւաքական շահերու շուրջ ո՛չ մէկ տարակարծութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Նորին Սրբութիւնը այս առիթով կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի դերակատարութիւնը հայրենաշինութեան նուիրական գործին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «սփիւռքահայութիւնը աշխարհի զանազան վայրերու մէջ փոքր Հայաստաններ կառուցեց, ինչպէս Այնճարի մէջ, մեծ Հայաստանին՝ ամբողջական Հայաստանին համար։ Եւ այսօր նոյն հաւատքով եւ ոգիով մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ հաւաքական պայքարը՝ ի խնդիր մեծ երազանքին ու ձգտումներու իրականացման»։ Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց 95-ամեակի եւ 70-ամեակի զոյգ յանձնախումբերու պատուոյ նախագահ՝ Տիար Վազգէն Տէր Գալուստեանը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Վազգէն Տէր Գալուստեան շարունակեց իր հօր՝ Մովսէս Տէր Գալուսեանի ուղին, նոյնիսկ միջազգային մակարդակի վրայ, մեր ազգային կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով իբրեւ Ազգային Ընդհ. Ժողովի ատենապետ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, միշտ հաւատալով մեր ժողովուրդի միասնականութեան ու հայ եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան։ Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» պարախումբը։ Յայտնենք նաեւ, որ զոյգ ամեակներու առիթով յուշամետալներ յանձնուեցան հայութեան կեանքին մէջ, ու յատկապէս Այնճարի կեանքէն ներս երկար տարիներու վաստակ ունեցող Մուսա Լեռցիներու: Կիրակի 22 Օգոստոսի առաւօտուն, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, զոր մատուցեց Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան: Հաւատացեալներուն ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ քրիստոնէութեան հիմքը հանդիսացող այն սկզբունքը, թէ գնայունը պէտք է յստակօրէն զատորոշել մնայունէն եւ կառչիլ միայն վերջինին։ Ան յայտնեց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդը ազատագրելու իր մեղքերէն, մաքրելու զայն, վերջ դնելու մարդու թագաւորութեան ու հաստատելու երկնային թագաւորութիւնը, ուր արժէքները նիւթեղէն չեն, այլ՝ բարոյական, հոգեւոր, յաւերժական։ «Ով որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ», այս նախադասութեան մէջ ամփոփուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը, դիտել տուաւ Վեհափառ Հայրապետը շեշտելով, որ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի ու ամէն բանէ առաջնահերթ նկատել քրիստոնէական էութեան մէջ մարմնաւորուած երեք հիմնական կէտերը՝ հաւատալ, սիրել եւ յուսալ։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն եւ համայն հայութեան, ո՛ւր ալ գտնուին՝ տէր կանգնելու հոգեւոր եւ ազգային այնպիսի արժէքներու, որոնք մնայուն են, նուիրական, կու գան հայոց պատմութենէն, քրիստոնէական սկզբունքներէն ու մեր եկեղեցւոյ արժէքներէն։ Սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք, Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Մտերմիկ ճաշկերոյթով գործնականօրէն եզրափակուեցան Մուսա լերան հերոսամարտի 95-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, եւ ներկայութեամբ մեծարգոյ հիւրերուն: Այս առիթով խօսքեր արտասանուեցան, որոնց եզրափակումը կատարեց Նորին Սրբութիւնը: Ան հաստատեց, որ պէտք է ամեակներու նշումները վերածուին մեր կեանքը հունաւորող ու հարստացնող մնայուն գործընթացներու, եւ ապագայի հաշուոյն իրենց ըսելիքն ու դերը ունենան։ Ան շեշտը դրաւ Այնճարի հայկական դիմագիծի պահպանման, միակամութեան շարունակութեան եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութեան վրայ։
  -   Մամլո հաղորդագրություն